Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՍԻՈՒՖԻԻ ԶԲՕՍԱՅԳԻԻՆ ՄԷՋ ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՁՐԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ

June 22, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Համացանցի ձրի ծառայութեան սկիզբը յայտարարելու ընթացքին

Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուի եւ աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհաս Էշրեֆիէ-Սիուֆի զբօսայգիին մէջ սկիզբը յայտարարեցին համացանցի ձրի ծառայութեան:

Այս ծրագիրը նախաձեռնութիւնն էր հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան, իսկ անոր ֆինանսաւորումը ապահովուած էր Դրամատուներու միութեան, «Սոտեթել» ընկերութեան եւ Պէյրութի նահանգապետին կողմէ:

Համացանցի ձրի ծառայութեան սկիզբը յայտարարելու ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան նաեւ Դրամատուներու միութեան նախագահ Ժոզեֆ Թարապէյ, «Սոտեթել»ի նախագահ Փաթրիք Ֆարաճեան, Պէյրութի նահանգապետ Նասիֆ Քալուշ եւ մեծ թիւով պատասխանատուներ:

Ձեռնարկին ընթացքին խօսք առնելով Փ. Ֆարաճեան շեշտեց, որ «Սոտեթել» յատուկ կերպով ծրագրած է այս իւրայատուկ եւ բացառիկ ծառայութիւնը` նկատի ունենալով համացանցի արագ եւ լաւորակ ծառայութիւն մը մատուցելու անհրաժեշտութիւնը: Ան նշեց, որ այդ արհեստագիտութիւնը կը նկատուի ամէնէն արդիական:

Թարապէյ նշեց, որ համացանցի ձրի ծառայութիւն ապահովելու այս ծրագիրը մաս կը կազմէ պետական եւ սեփական մարզերուն միջեւ միացեալ ծրագիրներու գործադրութեան:

Իր կարգին, Քալուշ յոյս յայտնեց, որ այս ծառայութիւնը տայ իր արդիւնքը:

Միւս կողմէ, հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուի կարեւոր նկատեց Պէյրութի եւ լիբանանեան այլ շրջաններու մէջ զբօսայգիներու գոյութիւնը` ընդգծելով, որ նախարարութիւնը պատրաստ է համացանցի ձրի ծառայութիւն մատուցելու այս իմաստով:

Աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհաս շեշտեց, որ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան եւ քաղաքապետարաններուն միջեւ յարաբերութիւնները շատ կարեւոր են` աւելցնելով, որ ոմանք քաղաքապետարաններուն գումարները գողցած են 17 տարի շարունակ, եւ  շեշտելով, որ իրենք վերջ դրած են այդ երեւոյթին եւ կրցած են Կեդրոնական դրամատան մէջ գտնուող նախարարութեան յատուկ հաշիւին վերադարձնել մէկ միլիառ հարիւր միլիոն տոլարի գումար մը, որ պիտի օգտագործուի երկրին բարգաւաճման ի խնդիր:

 

Նախորդը

ՍԱՖԱՏԻ. «1993-ԷՆ ՍԿՍԵԱԼ ԲՈԼՈՐ ՀԱՇԻՒՆԵՐԸ ՔՆՆՈՒԹԵԱՆ ՊԻՏԻ ԵՆԹԱՐԿՈՒԻՆ»

Յաջորդը

«ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԵՒ ԿԻՊՐՈՍԻ ՄԻՋԵՒ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԳՕՏԻՆ ՃՇԴՈՂ ԾՈՎԱՅԻՆ ՍԱՀՄԱՆԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԳԵՐԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՏՆՁԳՈՒԹԻՒՆ Է» ԿԸ ՇԵՇՏԷ ԱՏՆԱՆ ՄԱՆՍՈՒՐ

RelatedPosts

Աուն – Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն – Սալամ Հանդիպում

November 25, 2026
Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ.  Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ  Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ. Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»

November 25, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ  Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութեան Մը Հետ
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Մը Հետ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։