Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տարեփակ 2013. Մսխուած Առիթներու Տարի Մը Եւս

January 5, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

new_thumb_400Նոր փակուած 2013 թուականը եւս մսխուած առիթներու տարի մը եղաւ հայ ժողովուրդին համար:

Յատկապէս հայութեան ոտնակոխուած իրաւունքները վերականգնելու ճակատին վրայ, մեր պետականութեան հզօրացումը ու համահայկական մեր ներուժին զօրաշարժը ամրապնդելու առումներով, չկրցանք տէր կանգնիլ 2013-ին ընձեռած պատեհութիւններուն եւ, փաստօրէն, կորսնցուցինք յառաջխաղացքի կարեւոր առիթներ:

Գլխաւոր ու առանցքային կորուստը, անշո՛ւշտ, տարեսկիզբին տեղի ունեցած Հայաստանի  նախագահական ընտրութեան ընձեռած հիմնական բարեփոխութեանց առիթին մսխումն էր:

Նախ` չկրցանք ժողովրդավարական ճանապարհով իշխանափոխութիւն իրականացնել եւ արմատական բարեկարգման ենթարկել վերանկախացեալ Հայաստանի պետական իշխանութեան ու կառավարման փտած համակարգը:

Ապա եւ աւելի կարեւորը` նոյնիսկ չկրցանք ազգովին տեսնել ու համաձայնիլ, որ սոսկ Հայաստանի նախագահի ընտրութեան օրակարգէն շատ աւելին, ուղղակի՛ մեր ժողովուրդին եւ մեր պետականութեան միջեւ խորթացման խրամատը յաղթահարելու մեծագոյն հրամայականը կը դիմագրաւէինք:

Կորսուած առիթը շատ ծանր կը կշռէ յատկապէս այն պատճառով, որ ինչպէս օրին, նաեւ այսօր հայկական վերնախաւի մտայնութիւնը տակաւին կը շարունակէ փորձերն ու ճիգերը` ինքն իրեն համոզելու եւ մեր ժողովուրդին հաւատացնելու, թէ եղածը իբր թէ եւ ի վերջոյ ժողովրդավարական ընկալեալ արժեչափերով ընտրապայքար մըն էր, որ ունեցաւ իր յաղթական ու պարտեալ կողմերը® Եւ թէ, ինչպէս ամէնուր կը պատահի եղեր, պարտեալ կողմը կը մերժէ հաշտուիլ ժողովուրդի մեծամասնութեան քուէն իր կողքին չունենալու փաստին հետ:

Իսկ իրականութեան մէջ նախագահական ընտրութիւնը եկաւ հաստատելու, աւելորդ անգամուան մը համար, որ վերանկախացեալ Հայաստանի պարագային իշխանութեան ղեկին տիրանալու պայքարը չի մղուիր քաղաքական մրցակից  կողմերու միջեւ: Այլ` կը մղուի մէկ կողմէ գործող իշխանութեան, իսկ միւս կողմէ նոյն այդ իշխանութեան դէմ ծառացած դժգոհ ժողովուրդին միջեւ:

Յատկապէս այս տարեսկիզբի նախագահական ընտրութեան պարագային աղաղակող փաստ էր, որ գործող նախագահին թեկնածութեան դէմ իրենց սեփական թեկնածուները չառաջադրեցին ընդդիմադրութեան կազմակերպականօրէն հաստատուած ուժերը:

Իսկ դժգոհ ժողովուրդը պարզ հայերէնով ի՛նք ճշդեց նախագահութեան իր թեկնածուն եւ անոր վրայ կեդրոնացուց իր քուէն:

Այս առումով 2013-ի մսխուած առիթներուն ծանրագոյնը եղաւ ժողովրդավարական ճանապարհով ազգի ու հայրենիքի քաղաքական իշխանութեան պետական համակարգը բարեփոխելու յոյսին կորուստը:

Հետեւանքը աւելիո՛վ արմատաւորումն է մեր ժողովուրդին մէջ ձեռնթափութեան եւ ծանր հիասթափութեան ճնշող մթնոլորտին, որ ախտավարակ աղբիւրն է ինչպէս հայրենի հայութեան մօտ նորովի թափ առած ընկերային դժգոհութեանց եւ արտագաղթի ալիքին, նոյնպէս եւ սփիւռքի տարածքին մագլցում արձանագրող անտարբերութեան հոսանքին:

2013-ը մսխուած առիթներու տարի մը եղաւ նաեւ համահայկական ներուժը լարելու եւ առաւելագոյն արդիւնաւէտութեամբ շարժման մէջ դնելու ճակատին վրայ:

Ո՛չ միայն եւ ո՛չ ալ անպայման Հայաստանի իշխանութեանց մեղքով, այլեւ մեր ժողովուրդին մէջ յամեցող տեղայնական մտայնութեանց հետեւանքով` չկրցանք նկատառելի յառաջխաղացք ապահովել եւ համազգային միեւնոյն առաջնահերթութեանց միասնական օրակարգին շուրջ խմբել հայութիւնը, հայրենի ոստաններէն մինչեւ սփիւռքի ծայրագոյն ափերը:

2013-ին մսխեցինք Սուրիոյ հայութեան աղէտալի կացութեան համահայկական ուժերով եւ քաղաքական միասնական ճակատով տէր կանգնելու, ամէն կարգի օժանդակութիւն հասցնելու եւ հայրենամերձ ու հնաւանդ այդ կենսական գաղութը համահայկական հոգատարութեան եւ քաղաքական պաշտպանութեան տակ առնելու առիթները:

Մինչդեռ 1978-ին, Լիբանանի հայութեան սպառնացող քաղաքացիական պատերազմի դժուարին պահերուն, նոյնիսկ ազատ ու անկախ Հայաստանի բացակայութեան պայմաններուն մէջ, ազգովին ի վիճակի եղած էինք շատ աւելի զգալի եւ արդիւնաւէտ դարձնելու աշխարհասփիւռ մեր ներուժին կազմակերպուած զօրաշարժը:

Վերանկախացեալ Հայաստանը այսօր ի վիճակի է պետական հոգատարութեան մակարդակին բարձրացնելու Սուրիոյ հայութեան ի նպաստ համահայկական ընդհանուր զօրաշարժը, պայմանաւ որ պաշտօնական Երեւանը որոշէ ստանձնել հայ գաղութին քաղաքական պաշտպանութիւնը, որուն իրաւական բոլոր հիմքերը ունի միջազգային օրէնքով:

2013-ին մսխուած առիթներու երրորդ գլխաւոր ուղղութիւնը մեր ժողովուրդին անտեսումն է` ազգային-ռազմավարական հիմնական արժէք ներկայացնող Հայաստանի պետական որոշումներու կայացման ընթացքին:

Առանց մեր ժողովուրդին տեսակէտը առնելու, Հայաստանի նախագահական իշխանութիւնը 2013-ին ո՛չ միայն շարունակեց իր ստորագրութիւնը պահել Հայ-թրքական  տխրահռչակ արձանագրութեանց տակ, այլ նաեւ`  Ռուսիոյ հետ Մաքսային միութեան պայմանագիրը ստորագրեց:

Անշուշտ բաղդատելի չեն զոյգ փաստաթուղթերը: Բայց փաստօրէն երկուքն ալ բախտորոշ նշանակութիւն ունին Հայաստանի եւ հայութեան ապագային համար եւ որդեգրուած են Հայաստանի նախագահին կողմէ` առանց մեր ժողովուրդին մեծամասնութեան տեսակէտը առնելու:

Իսկ նման ռազմավարական քայլերը որեւէ ժողովրդավարական իշխանութիւն պարտաւոր է ենթարկելու սեփական ժողովուրդին հաւանութեան:

Նախ` որպէսզի ժողովուրդը իր իշխանութեանց կողքին տէր կանգնի ռազմավարական բախտորոշ ընտրանքներու:

Ապա` որպէսզի ի վերջոյ կայանայ որեւէ պետութեան հզօրացման անփոխարինելի երաշխիքը, որ ազգային ներուժին լիարժէք զօրաշարժն է:

2013-ին Հայաստանն ու հայութիւնը հիմնական կարեւորութեամբ առիթներ մսխեցին` մեր պետականութեան եւ ազգային ներուժի հզօրացման ճակատին վրայ:

 

Նախորդը

Մարտահրաւէր

Յաջորդը

«Սիվիլիթաս»-ի Նոր Զեկոյցը. «Հայաստան-2013. Կողմնորոշման Տարի»

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.