Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաստիարակը Մեռաւ, Բայց Ոչ` Դաստիարակութիւնը

January 4, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Ձախէն աջ` Սոնա Նաշեան, Հրայր Ճէպէճեան, Հուրի Ապաճեան, տիկին Կիրակոսեան, Զուարթ Մանուկեան, Փոլ Կիրակոսեան, Լորա Գույումճեան եւ տնօրէն Արամ Պուլղուրճեան:
Ձախէն աջ` Սոնա Նաշեան, Հրայր Ճէպէճեան, Հուրի Ապաճեան, տիկին Կիրակոսեան, Զուարթ Մանուկեան, Փոլ Կիրակոսեան, Լորա Գույումճեան եւ տնօրէն Արամ Պուլղուրճեան:

Մարդկային ծնունդը ընդհանրապէս ուրախութեամբ ընկալուած է: Նոյնը չէ պարագան կեանքի աւարտին` մահուան: Եթէ առաջինը նոր աշխարհ գալու վիճակն է` կեանք մը սկսելու, երկրորդը` մնաք բարովի եւ վերջնական բաժանումի… Նոյն կեանքի երկու հակադիր կողմերու իրավիճակն է, որ պէտք է ընդունիլ ինչպէս որ է…:

Կարեւորը այն է, որ  կայ ծնունդին եւ մահուան միջեւ ինկող եւ այդ երկուքը զիրար կապող ու ամբողջացնող մասը…: Անկախ ապրուած

կեանքի օրերէն եւ քանակէն, այդ ապրուած մասն է, որ տեղ մը նշանակութիւն կու տայ անհատին կեանքին, բայց նաեւ կը ձգէ դրոշմ եւ ժառանգ` գալիք օրերուն կեանքը շարունակողներուն` անհատ թէ հաւաքականութիւն: Այս աւանդին հասկացողութիւնն է, որ ստեղծուած եւ դաստիարակութեամբ փոխանցուած է կեանքի տարբեր ժամանակահատուածներու` սերունդէ սերունդ, պատմութեան սլացքին ընդմէջէն: Բարեբախտաբար աւանդը ունի զայն ստեղծողները, բայց նաեւ պահողները` իմմա դաստիարակները, որոնք ի գին ամէն զոհողութեան կը մտնեն այս առաքելութեան մէջ: Զոհողութիւն մը, որ եթէ մէկ կողմէ անհատին անձնական ժամէն, միտքէն ու էութենէն կը խլէ, բայց նաեւ կեանքէն` ամբողջ կեանք մը նուիրելով աւանդին փոխանցման եւ սերունդներու դաստիարակութեան:

Հաւաքական կեանքին մէջ անոնք` դաստիարակները, որոշած են մէկ քայլ առաջ երթալ` զիջելով իրենց անհատական ու անձնական կեանքը, էութիւնը եւ այս բոլորը դնելով նժարին վրայ` անոնք հաւաքական աւանդին համար նուիրուիլը միշտ աւելի ծանր կշռած են իրենց տարբեր արժեչափերէն:

Սոնա Նաշեանի կեանքը եղաւ խօսուն օրինակ մը այս դաստիարակութեան նուիրուած` աւելի քան հինգ տասնամեակներու: Եւ զիջեցա՞ւ: Անպայման: Անձնական կեանք, ջիղ, առողջութիւն, տրամադրութիւն, միտք, սէր, նուիրում, կրթութիւն…: Այս բոլորը երկար տարիներու ընթացքին, այսօր աշխարհով մէկ սփռուած բազմահարիւր աշակերտները դարձնելով «Օրիորդ Նաշեան»-ին ընտանիքը: Ան անմիջական ընտանիքը չկազմեց, բայց Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանը դարձաւ իր տունը, իսկ մենք բոլորս` իր աշակերտները, եղանք իր սրտին ու հոգիին հարազատները, իւրաքանչիւրիս դաստիարակութիւնը եւ կեանքի մէջ մտնելու եւ առաջնորդուելու տեսլականը` եղաւ իր «աշխարհ»-ը: Եղաւ խիստ ու խստապահանջ, բայց այդ պիտակին ետեւը կար ուրախութիւնը կերտելու եւ հասկնալու իր տրամադրութիւնը: Դժուար էր այդ օրերու մեր պատանեկան մտածողութեան համար հասկնալ եւ կամրջել խիստն ու ուրախութիւնը: Բայց երեւի պիտի սորվէինք հետագային, թէ կեանքի մէջ ուրախութիւնը կը կերտուի, երբ արժէքի հասկացողութեան նկատմամբ կայ անհրաժեշտ լրջութիւն եւ խստապահանջութիւն, որպէսզի կեանքի մէջ արձանագրուի յառաջխաղացք եւ նուաճում` մարդկային կեանքերուն մէջ «բաց մը լեցնելու» գոհունակութեամբ: Այս «բացը լեցնելը» աւանդին դաստիարակութիւնն է, եւ հայկական վարժարանին մէջ օրիորդ Սոնա Նաշեանն ու իր նման դաստիարակները նուիրուած էին ատիկա կատարելու:

Սոնա Նաշեան երբեք չյոգնեցաւ իր ասպարէզին մէջ: Ան կառչած մնաց յոյսին` հաւատալով, թէ հայ ժողովուրդին գոյատեւումը նոր սերունդին շարունակականութեան մէջ է, իսկ շարունակականութիւնը հայուն աւանդին դաստիարակութեամբն է…: Սոնա Նաշեանին համար հայուն աւանդը` իր ազգային ու քրիստոնէական պարունակով մարմնաւորուած էր: Ան կրցած էր այս երկուքը իրարու շաղկապել: Այս իմաստով ան միշտ  հաւատաց, թէ դաստիարակութիւնը կարելի չէ սակարկել, քանի հայուն շարունակականութեան երաշխաւորման գերագոյն նպատակն է անիկա` նոր սերունդներուն միջոցով:

Սոնա Նաշեանի հետ ապրեցայ երեք հանգրուաններ: Նախ` որպէս աշակերտ, Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանին մէջ, տասնչորս տարիներ անընդմէջ: Ապա պաշտօնակից` երբ կարճ ժամանակուան համար պաշտօնավարեցի Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանին մէջ, եւ ինք նախակրթարանի պատասխանատու էր, նաեւ որպէս հոգաբարձու` երբ ինք իր կրթական ասպարէզին վերջին տարիներուն եղաւ տնօրէն նոյն վարժարանին մէջ: Այս երկար ժամանակահատուածին, տարբեր հանգրուաններէ անցնելով տեսայ Սոնա Նաշեանի անսակարկ նուիրումը` հայ դպրոցին հայ աշակերտին եւ հայ աւանդին նկատմամբ: Նախակրթարանի բաժնի ընդհանուր պատասխանատուն եւ համակարգողն էր, միեւնոյն ժամանակ` անգլերէն լեզուի ուսուցիչ: Մեր օրերուն Ճորճ Չամիչի դասագիրքը կը գործածուէր…: Ներկայ օրերու չափանիշներէն մեկնելով` շատ պարզ եւ նախնական պիտի ըլլան Չամիչի դասագիրքերը: Բայց Սոնա Նաշեան անպայման կ՛ամբողջացնէր պակասաւոր մասերը` իր հետաքրքրական մտայղացումներով եւ արուեստի ու գծագրական պատկերներով: Կը սիրէր գեղանկարչութիւնը եւ շատ ժամանակ կը տրամադրէր նախակրթարանի արտադասարանային եւ ատենամարզանքի պահերուն` այլազան ձեւերով ճոխացնելով մեր ուսումնական առօրեան: Նուիրում էր` մէկ կողմէ հայ աշակերտին ու դպրոցին նկատմամբ, բայց նաեւ հայուն յոյսին, ուր պէտք էր յուսալ եւ տեսնել, թէ հայուն վաղուան օրը պէտք է շարունակուի…: Բայց արդեօք այս նուիրումը չէր, որուն շնորհիւ հայ ժողովուրդը ցեղասպանութեան արհաւիրքէն դուրս գալով` հող, տուն եւ հարազատ կորսնցնելէ ետք, հիւղաւանները վերածեց անմիջական տան, դպրոցի ու եկեղեցւոյ, յոյսը դնելով վաղուան օրուան: Այդ մղումով էր, որ հայը կերտեց սփիւռքահայ գաղութները իր շատ մը «ամրոց»-ներով` քիչ մը ամէն տեղ…: Սոնա Նաշեանի նուիրումը նոյն այս հիմքով շարունակուեցաւ իր կրթական երկար տարիներուն ընթացքին` յոյսը տեսնելով հայ նոր սերունդին վաղուան օրուան տիրապետելու իրականութեան մէջ: Այսօր ալ իր աշակերտները քիչ մը ամէն տեղ Սոնա Նաշեանի յոյսին իրականացումն են…: Եւ արժէ, որ հայը իր գրաւը բարձր դնէ այս յոյսին վրայ:

«Բոլորին համար իր խիստ ինքնութենէն մեծ սէր եւ գեղեցիկը կերտելու բծախնդրութիւն փոխանցած է ինծի, եւ միշտ երախտագիտութեամբ կը պահեմ յուշերուս մէջ…: Շնորհակալութիւն օրիորդ Նաշեան…»: Եթէ այս մէկը իր աշակերտներէն մէկուն վկայութիւնն է: Հեռաւոր մէկ ափերէն, բայց նաեւ մէկ լաւ թարգմանն է այն իրականութեան, որ իւրաքանչիւր աշակերտ իր տեղին ու դիրքին մէջ, կեանքի այլ գոյապայքարներու ընթացքին իւրաքանչիւրը կ՛ապրի օրիորդ Նաշեանի դրոշմած սէրը եւ գեղեցիկը` կեանքին ու աւանդին նկատմամբ…:

Դաստիարակը մեռաւ, բայց մնաց դաստիարակութիւնը: Հոս թէ հոն, քիչ մը ամէն տեղ, ուր Սոնա Նաշեանի աշակերտները կ՛ապրին հայուն գիտակցութիւնը` սիրելով արժէքը եւ պահելով աւանդն ու անոր գեղեցկութիւնը…: Այս դաստիարակութեան շնորհած յոյսն է, որ չի մեռնիր եւ իր շարունակականութիւնը կը գտնէ վաղուան օրուան մէջ: Այս յոյսին համար անպայման արժէ ապրիլ եւ նուիրել ամբողջ կեանք մը:

Սոնա Նաշեան հանգստեան կոչուելէն ետք շարունակեց կառչած մնալ յոյսին եւ անոր շնորհած դաստիարակութեան: Իր ժամերը տրամադրեց եկեղեցիին եւ հաւաքական աշխատանքին: Մեր իւրաքանչիւր հանդիպումին իր ուրախութիւնը կը յայտնէր իմ աշխատանքներուս եւ յօդուածներուս համար, նաեւ ինծի կը յանձնէր իր ձեռային գեղարուեստական աշխատանքները: Պզտիկ բացիկներ` իր կողմէ գծագրուած, ուր տեղադրած էին Աստուածաշունչէն համարներ` դարձեալ իր ձեռագիրով: «Բաժնէ, ուր որ պէտք է», կ՛ըսէր, «Աստուծոյ խօսքը յոյսին կռուանն է»:

Սոնա Նաշեան ապրեցաւ այս յոյսին համար` եւ իր կրթական դաստիարակչական կեանքը նուիրում մըն էր` հայ ժողովուրդը տանելու վաղուան օրուան…

Շնորհակալութիւն` Սոնա Նաշեանի նուիրական կեանքին: Սոնա Նաշեան դաստիարակը մեռաւ, բայց դաստիարակութիւնը, որուն ան հաւատաց, եւ որուն համար գործեց` տակաւին կը շարունակուի…:

Եւ հայուն վաղուան օրուան յոյսը դաստիարակութեան շարունակականութեան մէջ է…:

 

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը` Քրտական Կուսակցութեան Ծրագրում. Երկու Հայերը` Տիգրանակերտում` Քրտական Կուսակցութեան Համաժողովին

Յաջորդը

Դաշնակցութիւնն Ունի Քաղաքական Պատասխանատուութեան Իր Ձեւաչափը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.