Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրք Գործիչներ Ցեղասպանութեան Մասին Կը Խօսին Պրիւքսելի Մէջ

December 24, 2013
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

tourk-kordzitchnerԵրկուշաբթի, դեկտեմբեր 2-ին, Պրիւքսելի մէջ կայացած ձեռնարկի մը ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան մասին խօսած են թուրք գործիչներ: «Ո՛չ ըսէ ազգայնամոլութեան եւ խտրականութեան» կարգախօսով յայտնի թրքական «Տիւրտէ» հասարակական կազմակերպութիւնը արդէն վեց տարիէ ի վեր Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար կը պայքարի:

2007-ին, Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք հիմնադրուած սոյն կազմակերպութիւնը շարունակաբար ձեռնարկներ, քննարկումներ, քայլարշաւներ կը կազմակերպէ Ցեղասպանութեան կապակցութեամբ:

Կազմակերպութեան գործիչ Լեւենտ Սենսեւեր կը յայտնէ, թէ կազմակերպութեան գործիչները Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած հաւաքներու հիմնական կազմակերպիչներէն են նաեւ, ու այդ իսկ պատճառով Թուրքիոյ մէջ ոչ բոլորը բարեկամաբար տրամադրուած են անոր անդամներուն նկատմամբ:

«Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը փորձէ տեղացի հայերը լարել սփիւռքի հայերուն դէմ` ըսելով, որ թրքաբնակ հայերը լաւ են, իսկ սփիւռքահայերը չարիք կը բերեն ու մեր դէմ կը գործեն: Մենք այդպէս չենք տեսներ պատկերը: Մեր համոզումով, սփիւռքահայերու նախնիներէն շատերը Անատոլիայէն եղած են, ապրած են ներկայիս Թուրքիոյ հակակշիռին տակ եղող հողերուն վրայ եւ ստիպուած` լքած են իրենց հայրենիքը: Այս պատճառով մենք կը կարծենք, որ անոնք լիարժէք իրաւունք ունին վերադառնալու իրենց պատմական հայրենիքի տարածքը, օգտուելու լիարժէք քաղաքացիութենէն եւ ետ ստանալու իրենց ունեցուածքները», կը նշէ Սենսեւեր:

Սենսեւեր նաեւ կը յայտնէ, թէ շատ կարեւոր կը նկատէ Պրիւքսելի ձեռնարկին իր մասնակցութիւնը, «որովհետեւ քաղաքը Եւրոպական Միութեան կեդրոնն է, եւ մենք կարիք ունինք եւրոպական կառոյցներուն հետ կապ հաստատելու եւ պատմելու մեր մասին, քանի որ անոնք այլ պատկերացում կը ստանան Թուրքիոյ պաշտօնական ալիքներէն, Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն ու Թուրքիոյ դեսպանատունէն»:

Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած Պրիւքսելի ձեռնարկին կազմակերպիչներէն մէկը եւրոպական հակացեղապաշտական շարժում մըն էր, որուն գործադիր տնօրէնը` Փոլ Մաքս Մորին, ըսած է, թէ եւրոպացիները հետաքրքրուած են Թուրքիոյ մէջ հասարակական շարժումներով եւ ժողովրդավարութեան զարգացումով: «Եւրոպացիները տպաւորուած են այն գործով, զոր կ՛ընէ «Տիւրտէ»-ն: Մենք գիտենք, որ դժուար է հասարակական իրաւանց պաշտպան գործիչ մը ըլլալ այնպիսի երկիրի մը մէջ, ուր կայ խօսքի ազատութիւն, օրինակ` Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Արեւմտեան Եւրոպայի, բայց այդ մէկը աւելի դժուար է այնպիսի երկիրի մը մէջ, ուր ազատութիւնները կը սահմանափակուին», նշած է Մորին:

Թուրք գործիչները պատմած են, որ Թուրքիոյ մէջ տակաւին դաւաճան կը նկատուին անոնք, որոնք «կը յանդգնին» համագործակցիլ հայկական սփիւռքի կառոյցներուն հետ, քանի որ հայկական սփիւռքը կ՛ընկալուի իբրեւ հակաթրքական չարիք:

Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար պայքարող թուրք գործիչները Պրիւքսել եկած էին Հայկական բարեգործական հիմնարկին հրաւէրով եւ ելոյթ ունեցած են մեծաթիւ թուրքերով բնակեցուած թաղամասի մը մէջ:

 

Նախորդը

Մահը Իբրեւ Ստեղծագործական Սկիզբ…

Յաջորդը

Թաներ Աքչամի Յօդուածաշարքը «Թարաֆ»-ի Մէջ. «Մուսթաֆա Քեմալն Ու 2015-ը» (Ա.)

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.