Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Գթասրտութեան Եւ Վերապրումի Քոյրեր` Հայ Հիւանդապահուհիներ, 1900-1930»

December 20, 2013
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

sistersԿարին Սաղտճեան «Հորիզոն» շաբաթաթերթի կայքէջի անգլերէն ենթաբաժինին մէջ ունի գրախօսական մը` Իզապէլ Գաբրիէլեան-Չըրչիլի գիրքին մասին: Սաղտճեան կը գրէ, որ  հայ հիւանդապահուհիներու Մեզիրէի (ներկայիս` Էլազիկ) մէջ Անի Թրէյսի Ռիկզի յիշատակի հիւանդանոցին մէջ հայ հիւանդապահուհիներու 1921-ի թուակիր լուսանկար մը եւ Քանատայի Օնթարիօ նահանգի Համիլթըն քաղաքին մէջ 24 ապրիլի ոգեկոչման մանկութեան յիշատակ մը պատմաբան Իզապէլ Գաբրիէլեան-Չըրչիլը մղած են գրելու իր «Գթասրտութեան եւ վերապրումի քոյրեր` հայ հիւանդապահուհիներ, 1900-1930» խորագիրով գիրքը, որ հրատարակուած է 2012-ին, Անթիլիասի մէջ, Լիբանան:

Գիրքը կը կեդրոնանայ Համաշխարհային Ա. պատերազմէն առաջ եւ ետք Օսմանեան կայսրութեան, Հայաստանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ արեւմուտքի կազմակերպութիւններու ղեկավարութեամբ բժշկական հիմնարկներու մէջ հայ հիւանդապահուհիներու դերակատարութեան վրայ:

Գիրքը մանրամասն կերպով կը հետազօտէ Օսմանեան կայսրութեան եւ Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկեան հիւանդանոցներու ցանցի կազմութիւնը եւ գործունէութիւնը:

Հիւսիսային Ամերիկայի, Եւրոպայի, Հայաստանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ աւելի քան 15 արխիւներ եւ 5 լեզուներով փաստաթուղթեր օգտագործելով` Գաբրիէլեան-Չըրչիլ կը ներկայացնէ այն պատմական շրջագիծը, որուն մէջ վերոնշեալ հիմնարկները հաստատուած էին, ինչպէս նաեւ այդ հիմնարկներու գործունէութեան եւ հայկական մարդասիրական կազմակերպութիւններու թափած ջանքերուն մասին մանրամասնութիւններ կը փոխանցէ:

Գաբրիէլեան-Չըրչիլ կը նշէ, որ հայկական բժշկութիւնը սկիզբ առած է Միխիթար Հերացիի օրերուն, իսկ18-19 դարերուն Արեւմուտքի մէջ ուսում ստացած հայ բժիշկներ սուլթաններու անձնական բժիշկներն էին եւ նորագոյն դարմանումի ձեւերը կը կիրարկէին Օսմանեան կայսրութեան մէջ: Միսիոնարներու կողմէ դարմանատուներու բացումէն շատ առաջ հայերը կառուցեցին հիւանդանոցներ, ուր հայ կիներ ծառայեցին իբրեւ հիւանդապահուհիներ, ինչ որ նկատառելի յառաջդիմութիւն մըն էր` ի բաղդատութիւն թուրք կիներու, որոնց համար արեւմտեան դաստիարակութեամբ հիւանդապահութեան ուսուցումները  սկսան 1920-ական թուականներու վերջաւորութեան:

Այդ բժշկական կեդրոններն ու անոնց անձնակազմը Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին ստիպուեցան ծառայել թրքական բանակին մէջ եւ հետագային հոգ տարին Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներուն:

Պատերազմի ընթացքին ամերիկեան մարդասիրական «Նիր Իսթ Ռըլիֆ»-ը (Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց) սկսաւ սննդեղէն, պատսպարան եւ բժշկական ծառայութիւններ մատուցել հայ որբերու եւ գաղթականներու: Հայ հիւանդապահուհիները անգամ մը եւս կարեւոր դերակատարութիւն ունեցան Սեբաստիոյ, Այնթապի, Հալէպի եւ Խարբերդի մէջ ՆԻՌ-ի հիւանդանոցներուն եւ որբանոցներուն մէջ:

Գաբրիէլեան-Չըրչիլ կը ներկայացնէ 1920-1924-ին Հայաստանի մէջ համաճարակներու դէմ պայքարելու եւ որբերը պատսպարելու աշխատանքին մէջ ՆԻՌ-ի հսկայական դերակատարութիւնը: Թերեւս ՆԻՌ-ի ամէնէն կարեւոր դերակատարութիւնը 1920-1923-ի միջեւ 22 հազար հայ որբեր Թուրքիայէն դուրս բերելն էր:

Ան կը նշէ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը արմատական փոփոխութեան ենթարկեց հիւանդապահութեան նկատմամբ աւանդական մօտեցումները: Հիւանդապահութիւնը այլեւս նուաստացուցիչ գործ մը չէր, այլ` ազգի մնացորդացին վերապրումին համար կենսական գործ մը: Մեզիրէի «Էյ.Թի.Առ»-ի եւ Գիւմրիի «Ուինչեսթըր» հիւանդապահուհիներու պատրաստութեան դպրոցներու մէջ ծրագիրները վերսկսան: Ըստ գրքի հեղինակին, վերջինս Հայաստանի մէջ հիւանդապահուհիներու պատրաստութեան արեւմտեան ոճի առաջին դպրոցն էր:

Գաբրիէլեան-Չըրչիլ լուսարձակի տակ կ՛առնէ հայկական մարդասիրական կազմակերպութեանց, մասնաւորաբար Հայ կարմիր խաչի (Հայ օգնութեան միութեան), Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) եւ Հայ պետական խաչի (ձախակողմեան, խորհրդայիններուն մօտիկ) գործունէութիւնները:

Գաբրիէլեան-Չըրչիլ գիրքի վերջաւորութեան «Էյ.Թի.Առ»-ի մէջ հայ հիւանդապահուհիներու հակիրճ կենսագրականները կը ներկայացնէ: Գիրքի 12 գլուխներուն մէջ կարելի է գտնել պատմական խօսուն եւ հազուագիւտ լուսանկարներ, որոնք հայ կիներու հիւանդապահութեան պատմութիւնը կը պատմեն:

Գիրքը կը վերակենդանացնէ ժրաջան աշխատանք տանող հայ կիները, որոնք յաճախ մոռացութեան մատնուած են, սակայն հայ ժողովուրդի պատմութեան ճակատագրական մէկ հանգրուանին ընթացքին մեծ դերակատարութիւն ունեցած են:

Նախորդը

«Արեւմտեան Պետութիւնները Իրենց Կը Ծառայեցնէին Օսմանեան Շրջանի Փոքրամասնական Վարժարանները»

Յաջորդը

Իսլամացուած Հայերու Մասին Նոր Գիրքեր Թուրքիոյ Մէջ

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.