
Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ, Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ժան Համմամ երէկ իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նոր ընտրութիւններուն կա՛մ պէտք է կազմել համախոհական ցանկ մը, կա՛մ ալ հեռու մնալ լարուածութենէ:
Ան բոլոր թեկնածուներուն ուղղած իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ Լիբանանի պասքեթպոլի հարցերը աւելի չբարդացնելու նպատակով եթէ կազմուի այդ համախոհական ցանկը, շատ աւելի լաւ պիտի ըլլայ: Սակայն եթէ այդ ցանկը չկազմուի, պարտուողները մարզական ոգիով իրենց պարտութիւնը պէտք է ընդունին եւ շնորհաւորեն յաղթականները:
Նշենք, որ շաբաթ, 28 դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենան ֆետերասիոնին ընտրութիւնները:


