Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»Ի ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԸ. ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ «ԹՌՉՆԻԿՆԵՐ»Ը ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒՆ ՍԻՐԵԼՈՒ ԵՒ ԱՆԱՂԱՐՏ ՊԱՀԵԼՈՒ ՊԱՏԳԱՄ ՏՈՒԻՆ

June 21, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 12 յունիս 2011-ի երեկոյեան ժամը 5-ին, «Թռչնոց բոյն»ի պատմական «Դանիական սրահ»ին մէջ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը` հովանաւորութեամբ  Արամ Ա. կաթողիկոսի: Ներկայ էին խնամակալութեան ներկայացուցիչները, Տիկնանց միութեան ներկայացուցիչները, տնօրէնութիւնը, «Գայեանեան» քոյրերու միաբանութիւնը, ուսուցչական կազմը, աշակերտութիւնը, պաշտօնէութիւնը եւ ծնողները:

Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց տնօրէն Սամուէլ Պոյաճեան` ընդգծելով հաստատութեան մարդասիրական երկարամեայ ծառայութիւնը: Ան անդրադարձաւ նաեւ մանուկներու դաստիարակութեան նուիրական աշխատանքին, որ անմնացորդ սիրով կը կատարուի հաստատութեան մէջ:

Ապա, մանկապարտիզպանուհի Սեդա Հապիպի առաջնորդութեամբ, մանկական ասմունքներով, հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով երգեր կատարեցին 3-5 տարեկան մանուկները: Դարձեալ, տարբեր մշակոյթներու ու ժողովուրդներու պատկանող գոյնզգոյն պարերով, անոնք խանդավառ մթնոլորտ ստեղծեցին սրահին մէջ: Մէջընդմէջ երգախառն ներկայացում եւս կատարեցին մանկապարտէզի մանուկները` գիւղի ու քաղաքի կեանքէն քաղուած պատկերներով: Յատկանշական էր, որ նոյնիսկ տակաւին լեզու չելած մանուկներն անգամ իրենց ստանձնած անխօս դերերը կը կատարէին բծախնդրութեամբ եւ ուրախութեամբ:

Հանդիսութեան գեղարուեստական բաժինի վերջին մասով Խ. Դաշտենցի «Հայերէն» քերթուածին հաւաքական արտասանութիւնը կատարեցին մանուկները, հայոց լեզուի իրենց առաջին թոթովանքները հանդիսատեսին քննութեան ենթարկելով:

Հուսկ, բեմ հրաւիրուեցան հոգեւոր տեսուչ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան եւ տնօրէն Սամուէլ Պոյաճեան` կատարելու համար վկայականաց բաշխումը: Ծաղիկ դասարանի երեք աշակերտները` Ռիթա Գաբրիէլեան, Շուշան Յովհաննէսեան եւ Քրիստափոր Վարդանեան, վկայական ստացան:

Նշենք, որ հաստատութեան մէջ, մանկապարտէզէն բացի, վերջին մի քանի ամիսներուն հաստատուած է նաեւ մանկամսուրի բաժին, մինչեւ 8 ամսական երեխայ պատսպարելու ստիպողութեան առջեւ գտնուելով: Այս բաժինը արդէն ունի 8 մանուկներ, որոնք պարագաներու բերմամբ, ծնողներէ հեռու մնալով, ամբողջութեամբ «Թռչնոց բոյն»ի խնամքին յանձնուած են 24 ժամեայ դրութեամբ:

Եզրափակիչ խօսքը կատարեց Գրիգոր Ծ. վարդապետ: Հայր սուրբը գնահատելէ ետք այն նուիրեալները, որոնք հաստատութիւնը կանգուն կը պահեն, հանդիսութեան ընթացքին մանուկներուն ներկայացուցած գեղարուեստական յայտագիրէն դուրս բերաւ այն պատգամը, որ ուղղուած է այսօր մեր նոր սերունդի զաւակներուն. «Աշխարհի տարբեր ժողովուրդներ իրենց սեփական լեզուներով կ՛արտայայտուին, այս մանուկները այսօր մեզի պատգամեցին տէ՛ր կանգնիլ մեր լեզուին, ու մանաւանդ` ճի՛շդ խօսիլ զանիկա: Օտար լեզուներ գիտնալը կարեւոր է, սակայն մայրենին գիտնալը` անհրաժեշտ: Այս մանուկները իրենց լեզուն մեր հաստատութեան երդիքին տակ բացին, եւ իրենց սորված առաջին բառերը հայերէն բառերը եղան: Երանի՜ այն հայ մանուկներուն, որոնք յատկապէս օտար երկինքներու տակ ծնելով` իրենց առաջին բառերը մեր հայերէն ոսկեղնիկ լեզուով կը թոթովեն», ըսաւ հայր սուրբը: Ապա «Պահպանիչ»ով վերջ գտաւ ամավերջի հանդիսութիւնը, եւ ծնողներ առիթ ունեցան հանդիպելու պատասխանատուներուն հետ` իրենց զաւակներու դաստիարակութեան առնչուող հարցերու մասին ուղղութիւններ ստանալու թէ՛ ամրան շրջանին եւ թէ՛ յառաջիկայ տարուան համար:

 

Նախորդը

ԱՅՆՃԱՐԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ

Յաջորդը

ԱԶԳ. ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԸ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.