Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեսրոպեան Վարժարանի 75-ամեակի «Ֆլեշմոպ». «Սասնայ Պար»-ի Իւրայատուկ Ոճով Ներկայացում` Օտար Հանրութեան

December 14, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

fleshՀայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի 75-ամեակին առիթով, երէկ` ուրբաթ, 13 դեկտեմբեր 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Սիթի Մոլ»-ի մէջ տեղի ունեցաւ իւրայատուկ «Ֆլեշմոպ» մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հին ու նոր 75 մեսրոպեանականներ:

Իր բնոյթին մէջ եզակի նախաձեռնութիւնը հանրային կեդրոնին մէջ տօնական օրերու սեմին ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն եւ ուրախութիւն: Մեսրոպեանականները ներկայացուցին հայրենի երգչուհի Սիլվա Յակոբեանին «Սասնայ պար»-ը:

Կարճ տեւողութեան ընթացքին, կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն գլխարկներ հագած նախկին եւ ներկայ մեսրոպեանականները ստեղծեցին հայաշունչ մթնոլորտ, օտարներուն ծանօթացուցին հայկական պարարուեստը եւ պարով նշեցին վարժարանին 75-ամեակը: «Ֆլեշմոպ»-ի պարուսոյցն էր Սարին Արթինեան-Տեմիրճեան:

Յայտնենք, որ մեսրոպեանականներու շարքին էին տարբեր սերունդներու ներկայացուցիչներ` նախակրթարանէն, միջնակարգէն եւ երկրորդականէն աշակերտներ, ինչպէս նաեւ շրջանաւարտներ:

 

Նախորդը

Փինկ Փոնկ. Միսաք Պոյաճեան Տիրացաւ ՀՄՄ Պէյրութի Կազմակերպած Մրցաշարքի Տիտղոսին

Յաջորդը

Կազմակերպութեամբ ԶՈՄ ԶՈԳ-ի. Հայկական Վարժարաններու Պաքալորէայի Քննութիւններուն Գերազանց Արդիւնք Ապահոված Աշակերտներու Պարգեւատրում

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.