Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գործունեայ Երիտասարդ Մը, Որ Ոտքեր Չունի

December 14, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԱԼԲԻ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

Mikael-HaddadՀեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին Միքայէլ Հատտատը ինծի հարցուց, թէ քանի՞ ժամ մարզանք կ՛ընեմ: Ամչնալով ըսի` «Վեց վայրկեան»: Պատասխանեց. «Ինծի ծանօթանալէդ ետք մարզանքին նկատմամբ մօտեցումդ ամբողջութեամբ պիտի փոխուի»:

Եկաւ այցելութեան: Գեղեցիկ դէմքով, աշխուժ եւ լաւատես երիտասարդ մըն է: Քաջալերական ոգիով ամէն տեղ կ՛երթար մարդոց մտածումները նորոգելով… Անթացուպով երիտասարդ մըն էր, որ քաջութեամբ կը դիմագրաւէր կեանքի դժուարութիւնները, օրական երեք ժամ մարզանքի տրամադրած էր, որպէսզի իր թեւերը զօրացնէ:

Իր պատմութիւնը… Ան վեց տարեկանին ողնայարէն վար անդամալուծուած էր արկածի մը պատճառով: Կորսնցուցած էր մարմինի կարողութեան 75 առ հարիւրը: Կը պատմէ, թէ ինչպէս ցնցուած էր իր անկար վիճակը տեսնելով, ցնցուած էր երկրորդ անգամ, երբ մարդիկ խղճալով բացագանչած են` «Մե՛ղք է»: Բայց իր մեծագոյն ցնցումը եղած է այն ատեն, երբ տեսած է, որ գացած բոլոր վայրերուն մէջ աստիճան կար… Այլեւս բնական մարդոց պէս չէր կրնար աստիճան բարձրանալ, վազել, ցատկել, ինքնաշարժ վարել… Բայց որոշած էր աստիճանին տակ պահուած չմնալ: Անկար ըլլալը խոչընդոտ չեղաւ իրեն համար:

Անկար դարձած` կը պայքարի Լիբանանի անկար մարդոց համար, այդ ալ` այս իմաստով անպատրաստ երկրին եւ անգիտակից միջավայրին մէջ: Պատկերասփռուած բազմաթիւ յայտագիրներու կը մասնակցի` անկար մարդոց կարիքները լուսարձակի տակ առնելու եւ իրաւունքները  ջատագովելու: Ան արդէն կը նախագահէ «Ուոք ուիթ աս» (քալէ մեզի հետ) ոչ կառավարական կազմակերպութիւն մը: Անոր նախկին ձեռնարկն էր «5000 քայլեր – 5000 լիբանանեան մայրի ծառեր», որուն ընթացքին լերան մը գագաթէն մինչեւ երկրորդ լերան գագաթը իր անթացուպերով պիտի քալէ: Հոկտեմբեր 24-27 Պշարրէի մէջ կազմակերպեց մայրիի ծառ ցանելու արշաւ մը, որ հասաւ մինչեւ Թաննուրին: Ան ինքզինք մարտահրաւէրի մը դիմաց դրած է, եւ մեր աղօթքները կը խնդրէ: Շատեր ըսին իրեն, թէ հիմա ժամանակը չէ նման քայլերու, ներկայիս քաղաքական հարցեր կան. բայց ինք կը պատասխանէ. «Հիմա լալու եւ ողբալու ժամանակը չէ, այլ եկէք մեր երազած, կանաչ Լիբանանը կերտենք»: Ան կը սիրէ իր հայրենիքը եւ կանաչ բնութիւնը:

Լիբանանի մէջ հաշմանդամ անձերը կը կազմեն բնակչութեան ընդհանուր թիւին 7 առ հարիւրը, անոնց առնչութեամբ կան տարբեր ծրագիրներ, որոնց իրագործման համար պէտք է աշխատիլ: Միքայէլին եւ այլ գործօն անձերու նպատակներէն են հաստատել հաշմանդամ անձերու ապրելու իրաւունքը, վերահաստատել ընկերութեան մէջ անոնց գործօն անդամ ըլլալու կարելիութիւնը եւ հետապնդել հաշմանդամներու համար մատչելի պայմաններու եւ միջավայրի ստեղծումը:

Մեր հանդիպումէն ետք, այո՛, մարզանքի ձեւս, անոր տրամադրած ժամանակս փոխուեցան: Հիւանդութեան պատճառով ես ալ ֆիզիքական հարցեր ունեցող աղջիկ մըն եմ, բայց Միքայէլ զիս քաջալերեց, որ աշխատանք տանիմ ոտքերուս մկանները մնայուն կերպով զօրացնելու: Անոր քաջալերական ոգին այնքան մեծ է, որ իր ոտք չունենալը կը մոռնաս: Այս երիտասարդը զիս առաւել եւս մղեց քալելու եւ մտածումներս ու հաւատքս ամրապնդեց:

Չնայինք մարդոց ֆիզիքական թերի կողմերուն, այլ տեսնենք անոնց անձը, անունը եւ երազները: Սորվինք արժեւորել մեր ունեցածը, հոգ տանինք եւ փառք տանք Տիրոջ, որ կը վայելենք բազմաթիւ կարողութիւններ, զորս յաճախ նկատի չենք առներ:

Մենք, որ ոտքեր ունինք, արդեօք ի՞նչ կ՛ընենք…

Ձեռնարկները աւարտելէն ետք կը սպասենք տեսերիզին, որպէսզի հանգիստ վիճակի մէջ նստած` դիտենք, թէ այս երիտասարդը ինչպէ՛ս կը պայքարի:  Յառաջիկայ յօդուածով կը խօսինք իր յաղթահարած արգելքներուն մասին:

 

 

Նախորդը

Կաղանդի Տօնավաճառ Հայ Աւետարանական Կերթմենեան Վարժարանին Մէջ

Յաջորդը

Ամանորի Հանդէսը Ս. Խանամիրեան Վարժարանին Մէջ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.