Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ցեղասպանութեան Ընթացքին Ձուլումը Կիրարկուած Է Համակարգուած Ձեւով, Իսկ Բռնի Իսլամացումը Այդ Քաղաքականութեան Հիմնական Մասը Եղած Է» Կ՛ըսէ Աքչամ

December 13, 2013
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

taner-akcam-23«Ակօս» շաբաթաթերթը անդրադարձ կատարած է Պոլսոյ մէջ Հրանդ Տինքի հիմնադրամի, Մալաթիոյ Հայտեր համագործակցութեան եւ Պողազճը համալսարանին կողմէ կազմակերպուած «Իսլամաց(ու)ած հայեր» նիւթով գիտաժողովին ընթացքին թուրք նշանաւոր պատմաբան տոքթ. Թաներ Աքչամին ներկայացուցած զեկուցումին, որ նուիրուած եղած է Ցեղասպանութեան ժամանակ իրագործուած ձուլման հոլովոյթին:

Աքչամ արտայայտած է այն միտքը, թէ ձուլումը Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւններէն դուրս մնացած է, եւ ձուլման յատկացուող անբաւարար ուսումնասիրութիւնը կը շարունակէ բացասական ազդեցութիւն ունենալ խնդիրին վրայ:

Նշելով, որ Ցեղասպանութիւնը մինչեւ այսօր ընկալուած է իբրեւ խումբ մը մարդոց ֆիզիքական ոչնչացում, Աքչամ ըսած է. «Քննարկուող որեւէ իրադարձութիւն դիտուած է 1948-ին ՄԱԿ-ի որդեգրած ցեղասպանութեան մասին ուխտի համապատասխանել-չհամապատասխանելու լոյսին տակ: Հրեաներու ցեղասպանութիւնը ամէն ինչի կեդրոնը եղած է, եւ իւրաքանչիւր իրադարձութեան` ցեղասպանութիւն ճանչցուիլ-չճանչցուելու համար ծառայած է իբրեւ լիթմուսի թուղթ: Որեւէ իրադարձութիւն ցեղասպանութիւն համարուած է այնքան, որքան նման եղած է Ողջակիզումին»:

Ըստ Աքչամի, Թուրքիոյ կողմէ պետական մակարդակով վարուող ուրացման քաղաքականութեան պատճառով ուժեղացած է Հայոց ցեղասպանութիւնը Ողջակիզումին նմանցնելու ջանքերը, եւ այդ հոլովոյթին մէջ մոռցուած է Հայոց ցեղասպանութեան Ողջակիզումին հետ ունեցած կառուցուածքային տարբերութիւնները:

Աքչամի խօսքերով` Հայոց ցեղասպանութիւնը ուսումնասիրելու նպատակով օգտագործուող աղբիւրներուն մէջ եւս ուշադրութիւն չէ դարձուած ձուլման. «Գերմանիոյ, Աւստրիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսութիւններու զեկուցումներէն, միսիոնարներու դիտարկումներէն ու ողջ մնացած հայերու յիշողութիւններէն կազմուած աղբիւրները մեծամասնութեամբ ցոյց չեն տար, որ անիկա կատարուած է համակարգային քաղաքականութեան իբրեւ արդիւնք: Ըստ այդ հասկացողութեան, խնդրոյ առարկան ամբողջովին տեղական տարրերու կողմէ իրականացուած խառնիխուռն գործողութիւններու շարքը եղած է: Շատ պարագաներու ալ կրօնափոխութիւնը կը ներկայացուի իբրեւ ծայրայեղական իսլամներու կողմէ կրօնական մոլեռանդութենէն ելլելով, հայերուն կրօնափոխութեան դրդելու գործելաոճ»:

Աքչամ կը նշէ, որ այն ժամանակուան ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ ուղարկուած գաղտնագիրով հեռագրերէն 3-ին համար  կարդալէ ետք ոչնչացնելու պահանջ ուղղուած է: Նշեալ երեք հեռագրերուն ձուլման մասին ըլլալը ցոյց կու տայ, որ ժամանակի կառավարութիւնն ու Թալէաթ փաշան ի՛նչ կարեւորութիւն կու տային ձուլման գործողութեան ծրագրին:

Ըստ Աքչամի, արդէն 1915-ի հոկտեմբերի վերջերուն «դարձին (իհթիտա, այլ կրօնէ իսլամութիւն ընդունիլը) թոյլտուութիւն տուէք» բովանդակութեամբ հրամաններ կային, իսկ նոյեմբեր 5-էն սկսեալ անոնք սկսան կիրարկուիլ: Այդ օր, առանց բացառութեան, բոլոր շրջաններ կ՛ուղարկուին «Հայերու դարձի մասին» թռուցիկներ, որոնք ունէին հետեւեալ բովանդակութիւնը. «Կ՛ընդունուի բոլոր անոնց դարձը, որոնք իրենց բնակավայրէն դուրս չեն ուղարկուած: Ուղարկուածները կրնան իրենց նախկին բնակավայրերը վերադառնալ կամ մնալ ուղարկուած վայրերուն մէջ` ընդունելով իրենց կրօնափոխութիւնը»:

Թաներ Աքչամ կը նշէ, որ Ցեղասպանութեան ձուլման հանգրուանին վերաբերեալ օսմանեան փաստաթուղթեր չկան, սակայն Միացեալ Նահանգներու եւ Գերմանիոյ փաստաթուղթերու կողքին փաստագրական տուեալներ կը պարունակեն նաեւ ողջ մնացած հայերու յուշերը:

Ըստ Աքչամի, այս թեմայով ամէնէն կարեւոր աղբիւրներէն է նաեւ չերքեզ Հասան Ամճայի յուշերը: Այն ժամանակ «Թեշքիլաթը մահսուսէ»–ի մէջ ծառայող Հասան Ամճան այսօրուան Սուրիոյ տարածքին մէջ գտնուող Տարաա բնակավայր ողջ հասած հայերու ամբողջ խումբի կրօնափոխութեան արարողութեան ականատեսը դարձած է: Այս լուրը 1919-ի յունիսի 20-ին տպուած է «Ալմետար» թերթին մէջ: Աքչամ կը ներկայացնէ նաեւ այդ ժամանակուան Գերմանիոյ դեսպանի այս նիւթին վերաբերեալ պարզաբանական տեղեկութիւնները, ըստ որոնց, իսլամական մոլեռանդութիւնը իթթիհատական ղեկավարութեան համար խորթ գաղափար էր, եւ անոնց կողմէ հայերու իսլամացումը զանոնք ձուլելու միտում ունէր: Սկիզբը իսլամացման թոյլտուութիւն տալու, իսկ ետքը ատկէ հրաժարելու պատճառն ալ, ըստ դեսպանին, եղած է կրօնափոխ հայերու քանակի արագ աճը:

1915-ի յուլիսի 12-ին, աքսորավայրեր ուղարկուած հեռագրով կը յայտնուի, որ հայերու տեղահանութեան իբրեւ հետեւանք` առանց ծնողներու մնացած առողջ երեխաները խնամքի եւ դաստիարակութեան համար պէտք է որդեգրուին տեղւոյն յառաջադէմ եւ յարգարժան մարդոց կողմէ: Իսկ 1915-ի օգոստոսի 11-ին որդեգրուած որոշման համաձայն, նշեալ երեխաներու մահացած ծնողներուն ժառանգութիւնը կրնար յանձնուիլ խնամակալ ընտանիքին: Ըստ Աքչամի, այս որոշումը ինքնին կը ներկայացնէր ձուլումը խրախուսող տնտեսական խթանման ծրագիր:

Թուրք պատմաբանը զեկուցումը աւարտած է հետեւեալ խօսքերով. «Այս բոլոր փաստերու լոյսին տակ առանց վարանելու կրնանք ըսել, որ Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին ձուլումը կիրարկուած է ծայր աստիճան համակարգուած ձեւով, իսկ բռնի իսլամացումը այդ քաղաքականութեան հիմնական մասը եղած է»:

Նախորդը

Ճենկիզ Կոչ Կ՛ընէ Հայերէն Ներողութիւն Խնդրելու Կամ Լռելու

Յաջորդը

Մուշեղ Գալշոյեանի Լոյս Յիշատակին. (Դեկտեմբերի 13-ին Մուշեղ Գալշոյեանի Ծննդեան 80-ամեակն Է)

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.