Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 1-32-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն, Ռէալ Մատրիտ իր դաշտէն դուրս չկրցաւ յաղթանակ մը արձանագրել, երբ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Գ. դասակարգին մաս կազմող Օլեմփիք Խաթիվայի հետ:
Ինչ կը վերաբերի Պարսելոնայի, որ իր կարգին իր մրցումը կատարեց օտար դաշտի վրայ` հիւրը ըլլալով Քարթակենայի (Գ. դասակարգ), անիկա արձանագրեց 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
4-0 արդիւնքով յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Աթլեթիքօ Մատրիտ` Սանթ Անտրէոյի դաշտին վրայ (Գ. դասակարգ):


