Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամանորեան Ձեռնարկներու Ծիրին Մէջ. Կաղանդի Ցուցահանդէս – Վաճառք ՀԲԸՄ-Ի «Տեմիրճեան» Կեդրոնին Մէջ

December 9, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ABGU6122013Ուրբաթ, 6 դեկտեմբեր 2013-ին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ բացումը կատարուեցաւ ՀԲԸՄ-ի տիկնանց համախմբումի կազմակերպած ամանորեան աւանդական ձեռնարկին` ներկայութեամբ մեծ թիւով հայուհիներու: Լիբանանի գեղեցկութեան թագուհի Գարէն Ղըրրաուիի նախագահութեամբ կայացած այս ձեռնարկին բացումը կատարեց ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի տիկնանց համախմբումի  նախագահ Գալին Վանլեան-Եաւերեան: Անգլերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ Եաւերեան յայտնեց, որ սոյն ձեռնարկին հասոյթը ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս իբրեւ կրթանպաստ պիտի տրամադրուի ՀԲԸՄ-ի հովանաւորած վարժարաններու կարիքաւոր աշակերտներուն: Անդրադառնալէ ետք ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի գործունէութեան հիմնական իրագործումներուն` Եաւերեան շնորհակալութիւն յայտնեց այս ձեռնարկի յաջողութեան նպաստած բոլոր միութենական թէ համակիր հայուհիներուն` իրենց ցուցաբերած սիրայօժար ու կամաւոր աշխատանքին համար:  Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ օրուան նախագահ` Լիբանանի գեղեցկութեան թագուհի Գարէն Ղըրրաուիի, որ իր ներկայութեամբ  յաւելեալ հմայք շնորհեց հանդիսութեան:

Իր կարգին Գարէն Ղըրրաուի անգլերէնով շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ընծայուած այս առիթին համար: Այս առիթով Ղըրրաուի պարգեւատրուեցաւ հայկական ձեռագործի յատուկ  յուշանուէրով:

Ամանորի յատուկ տօնածառի զարդեղէններու  թէ առտնին պիտոյքներու կողքին, ցուցահանդէսի սրահը խճողուած էր նաեւ հայկական թէ լիբանանեան պիտանի սարքերով, ժամացոյցներով,  անուշահոտերով, գոհարեղէններով, կանացի նրբաճաշակ հագուստեղէններով  եւ այլ տարրական իրեղէններով: Սրահի մուտքին ուշագրաւ էին նաեւ տիկիններու կողմէ պատրաստուած հայկական թէ լիբանանեան տօնական յատուկ ուտեստեղէններն ու անուշեղէնները: Նմանապէս ուշագրաւ էին հայկական ձեռարուեստի գլուխ-գործոց ձեռագործները, մասնաւորաբար դրան մուտքին զետեղուած` բռնագրաւեալ Արեւմտեան  Հայաստանը ներկայացնող քարտէսի գորգը, որուն վրայ հիւսուած են հայկական գրաւեալ իւրաքանչիւր շրջանի  աւանդական, տոհմիկ տարազները: Ձեռնարկին տօնական մթնոլորտ ներշնչող ամանորեան եղանակներուն կողքին, ՀԲԸՄ-ի Կարմիրեան վարժարանի աշակերտները իրենց կարգին Ամանորի յատուկ  խմբերգներով խանդավառեցին մթնոլորտը:

Նախորդը

55 Թեկնածու` Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնին Ընտրութիւններուն

Յաջորդը

ԼՕԽ-Կամաւորներու Օր. «Սրտով Աշխատինք, Սիրտ Մաշեցնենք, Սիրտ Տանք Գործին, Որպէսզի Թափ Եւ Թռիչք Առնէ Անիկա» Ըսաւ Յակոբ Լատոյեան

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.