Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիրակնօրեայ Խօսքը. Աստուծոյ Համբերութեան Բաժակը Յորդելու Սկսած Է…

December 9, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Mosrop HayouniՍիրելի՛ հայր Միքայէլ, այսօր կիրակի է: Ս. պատարագը, որուն ամէնօրեայ մատուցումէն առեւանգող եղբայրներդ ամիսներէ ի վեր զրկած են քեզ` հազիւ երկու տարուան ձեռնադրուած կուսակրօն քահանադ Բարձրեալին, կիրակնօրեայ պահն եղաւ ունկնդրելու աւետարանական ընթերցումը, որ ունէր երկու բաժին:

Աստուածաշնչական գրականութեան մէջ առաջին մասը կը խորագրուի իբրեւ «Ապաշխարութեան հրաւէր»: Գիտեմ, սիրելի՛ս, թէ դուն չես կրնար ընթեռնուլ զայն, բայց ջերմ խնդրանքս է, որ սիրելի՛ ազատները կարդան այս հատուածը (Ղկ. 13,1-5):

Մարդիկ պատմեցին Յիսուսին, թէ Պիղատոս` հռոմէացի կուսակալը, տաճարին մէջ կոտորած էր գալիլիացիներ` անոնց արիւնը խառնելով իրենց զոհերու արիւնին:

Յիսուսի դիմադարձումը կը բովանդակէ շեշտակի հարցադրում եւ կտրուկ հաւաստիացում մը.«Կը կարծէ՞ք, որ այն գալիլիացիները աւելի մեղաւոր էին, քան միւս բոլոր գալիլիացիները, որովհետեւ ունեցան այսպիսի բախտ… Կ՛ըսեմ ձեզի. «Ո՛չ»: Սակայն, եթէ դուք չապաշխարէք, բոլորդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք»:

Յստակ է, թէ ինչպէս անցեալին մէջ կային մարդեր ու յատկապէս փարիսեցիները, որոնք իրենք զիրենք զգեստաւորած էին անմեղութեան ու սրբութեան բեհեզներով` անտեսելով ապաշխարութեան հրաւէրն Աստուծոյ, այնպէս ալ թէ՛ ներկային մէջ այսպիսի մարդեր բազմաթիւ են եւ թէ՛ մեր շարքերէն ներս կը վխտան փարիսեցիները` նոյն ինքնահաւան մտածելակերպով ու ապրելաձեւով:

Յիսուս, սակայն, որ կը ճանչնայ մարդերն ու մեզ, անցեալին ու ներկային մէջ, այս անգամ ի՛նք յիշեցուց «այն տասնութ հոգիները, որոնց վրայ փլաւ Սելովամի աշտարակը եւ սպաննեց զանոնք: Կը կարծէ՞ք, որ աւելի մեղաւոր էին, քան` Երուսաղէմի միւս բնակիչները: Կ՛ըսեմ ձեզի` «Ո՛չ»: Սակայն, եթէ դուք չապաշխարէք, բոլորդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք»:

Ապաշխարութեան հրաւէրը խանդաղատանքի հրաւէրն է մարդասէր Աստուծոյ կողմէ, իսկ մեր կողմէն` հաւատքի ու խոնարհութեամբ գործադրումն է մեր աստենական երջանկացումին եւ անդենական հրճուանքին համար:

Յիսուսի մօտ եւ համար խտրութիւն չկայ. ազատարար ապաշխարութեան հրաւէրն ուղղուած է բոլորին, որովհետեւ Աստուածային Հրաւիրողին ճիշդ տեսանկիւնէն, խօսքո՛վ եւ գործո՛վ, բոլոր մարդերը մեղանչական ու մեղաւոր են:

Սպանութիւններն ու աղէտները, որոնք միշտ դիպած են, կը դիպին եւ պիտի դիպին դժբախտաբար, ահազանգային կոչերն են մարդերու սթափումին ու զգաստացումին: Անոնց դիպումով` մարդերը խելաբերելու եւ խելօքնալու են: Այսպէս, զղջումի ու ապաշաւի գալու են, եւ այն` պարզապէս  իրենց բարիքին համար լոկ…

Պիղատոսներու ոճրագործութիւնները, որոնք միայն գործադրողներու եւ գործադրել տուողներու դատապարտութեան համար են, կրնային ու կրնան ըլլալ առիթներն ուրիշներու փրկութեան: Օրինակ` երէկի եւ այսօրուան պիղատոսներու չարագործութիւններէն սարսափողը սարսափելու է նաեւ իր անզեղջ անձէն ու անուղղայ ընթացքէն, քանի կարող է գործել նոյն չարութիւնները, երբ իր անապաշխար կեանքով հեռացած է Աստուծմէ, այսինքն` պարպուած է սէրէն, արդարութենէն եւ գթասրտութենէն:

Ուշադրութի՛ւն: Ինչպէս հռոմէացի կուսակալին սպանութիւնները աննշան սկիզբն էին Երուսաղէմի պաշարումին եւ կործանումին դժբախտութիւններուն, նոյնպէս բազմադէմ պիղատոսներու չարագործութիւնները շատ փոքր նմանութիւնն են դժոխքի դատապարտութեան ու պատուհասին:

Ուշադրութի՛ւն: Աղէտներ ու չարագործութիւններ միշտ պիտի ըլլան. քրիստոնեան պիտի գիտնայ զանոնք ուղի՛ղ հասկնալ եւ ճի՛շդ մեկնաբանել: Անոնց դիմաց` ան միայն պիտի չընդվզի, այլ նաեւ պիտի բախէ իր կուրծքը` ըսելով.«Մեղայ, Տէ՜ր, ողորմէ ինծի, որ ուզեմ ու կարենամ ապաշխարել»:

Մեր ապաշխարութեան եւ ապաշաւ դարձին ընթացքը որոշուած ժամանակն է Աստուծոյ սպասումին ու համբերութեան, որոնց իմաստալից առակին վերտառութիւնն է «Անպտուղ թզենին» հատուածը` երկրորդ մասը այսօրուան աւետարանին (Ղկ. 13,6-9):

Տէրը իր պարտէզին մէջ տնկած թզենիէն պտուղ մը ուզեց քաղել, բայց չգտաւ. այսպէս` երեք տարի շարունակ: Համբերութիւնը հատաւ. հրամայեց պարտիզպանին, որ կտրէ անպտուղ եւ «հողին ուժը» սպառող թզենին…

Հոս, Յիսուս կը զգուշացնէ մեզ, որ Աստուծոյ անըմբռնելի համբերութիւնն ունի իր սահմանագիծը… Ահաւոր է մտաբերել, թէ Տիրոջ երկայնամտութիւնը սպառած է, համբերանքը հատած է… Ապա, այլեւս յոյս չի մնար եւ ալ փրկութիւն չկայ մեզի համար:

Թզենիին պատահածը մեզի ալ կրնայ դիպիլ, երբ ունինք ամուլ կեանք մը: Այսպէս, Յիսուս կը հաստատէ, թէ կ՛ապրինք անպտղաբեր եւ անիմաստ առօրեայ մը, քանի կեանքին իմաստը կը կայանայ մեր պտղաբերումին մէջ: Աստուած պահանջներ ունի մեզմէ, որովհետեւ մենք Անոր սեփականութիւնն ենք:

Այս ճշմարտութիւններուն երբ չենք համապատասխաներ, Աստուծոյ «համբերութեան բաժակը» յորդելու կը սկսի.«Այս երրորդ տարին է, որ կու գամ այս թզենիէն պտուղ քաղելու եւ չեմ գտներ: Կտրէ՛ զայն, ինչո՞ւ կը սպառէ երկրին ուժը»:

Եւ ահա, այս րոպէին, կը միջամտէ անակնկալ Բարեխօսը` Յիսուս, որ կը հայցէ յետաձգումը դատապարտող ու հատու վճիռին: Կ՛առաջարկէ շնորհքի տարի մը, որ կարենանք ապաշխարել ու պտղաբերել: Յստակ ըլլայ մեզի, թէ Միջնորդ-Յիսուսի այս հոգեսէր միջոցառումը մեզի համար վերջին առիթն է շնորհքին, որ կը տրուի մեզի:

Ապարդիւն չդարձնենք, որովհետեւ, ուշադրութի՛ւն, Աստուծմէ տրուած շնորհքին պայմանաժամն արդէն ընթացքի մէջ է եւ կը դիմէ իր վախճանին:

Այնճար, 1 դեկտեմբեր 2013

Նախորդը

«Ուքիլիքս»-ը Կը Բացայայտէ Ամերիկահայերուն Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Գաղտնի Զեկոյցը

Յաջորդը

Դանիոյ Մամուլը Կ՛անդրադառնայ Հայոց Ցեղասպանութեան. «Հայերու Պատմութիւնը Մեր Պատմութիւնն Է»

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.