Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱԲԵՂԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ` ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

June 20, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը մեծ ուրախութեամբ ողջունեց իր ուխտապահ շարքերուն մէջ մուտքը չորս նորագիր ուխտեալներու` Աբրահամ սրկ. Աշըգեանի, Սերժ  սրկ. Թինքճեանի, Աբրահամ սրկ. Մանուէլեանի եւ Գէորգ սրկ. Սաղտճեանի, որոնք Դպրեվանքի ընթացքը աւարտելով` Արամ Ա. կաթողիկոսի բարձր արտօնութեամբ կուսակրօն քահանայութեան կարգ ստացան եւ  զինուորագրուեցան Կիլիկեան սուրբ աթոռին:

Կիրակի, 19 յունիս 2011-ին Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ պատարագեց, քահանայական ձեռնադրութիւնը կատարեց եւ քարոզեց Միջեկեղեցական յարաբերութեանց գրասենեակի պատասխանատու Նարեկ արք. Ալեէմէզեան: Խարտաւիլակութիւնը կատարեց դպրեվանքի հսկիչ Վարանդ վրդ. Քորթմոսեան: Արարողութեան ներկայ եղաւ նաեւ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքական Ս. աթոռէն յատկապէս ժամանած, Կրօնական ժողովոյ ատենապետ Թաթուլ Ծ. վրդ. Անուշեան:

Շաբաթ, 18 յունիսի երեկոյեան ժամը 5.00-ին, Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ կոչման արարողութիւնը, որուն ընթացքին հաւատքի խոստովանութիւն կատարուեցաւ: Հայ եկեղեցւոյ դաւանանքին, ծէսին, աւանդութեանց եւ մեր եկեղեցւոյ սրբազան հայրապետներուն հաստատած կանոններուն հաւատարմութեան խոստում տալով` ընծայեալները հրապարակաւ նզովեցին բոլոր` հին ու նոր ժամանակներու հերետիկոսները, եւ տարբեր ուսուցումներով եկեղեցւոյ հաւատացեալները մոլորեցնող չար ուսուցիչները: Ապա, ժողովուրդին ներկայութեան, հրապարակաւ ծնրադիր ընթերցեցին Կիլիկեան Ս. Աթոռին զինուորագրուելու իրենց նուիրական ուխտը:

Կիրակի օր, Մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. պատարագին հանդիսապետեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս: Յընթացս Ս. պատարագի, ընծայեալները ծնրադիր բարձրացան Ս. խորան, ուր աշխարհէ հրաժարման սրտառուչ պահէն ետք հրաւիրուեցան Քրիստոսի ծանր, սակայն քաղցր լուծը առնելու իրենց ուսերուն:

Սրբալոյս միւռոնով օծման պահուն, ձեռնադրիչ սրբազանը դրոշմեց ընծայեալներուն ճակատը, աջ ու ձախ ձեռքերը` նոր անուն տալով անոնց իբրեւ նորոգուած` Աստուծոյ ծառայութեան ընծայուած նոր մարդ: Անուանակոչութեան հոգեթով պահուն, Աբրահամ սարկաւագը վերանուանուեցաւ Շնորհք քահանայ, Սերժ սարկաւագը` Պօղոս քահանայ, Աբրահամ սրկ. Մանուէլեանը` Պետրոս քահանայ, իսկ Գէորգ սարկաւագը` Յովհաննէս քահանայ: Ապա անոնք տուին իրենց անդրանիկ «խաղաղութիւն»ը Մայր տաճարին մէջ հաւաքուած հաւատացեալներուն: Սրբազանը իր քարոզին մէջ վեր առաւ աստուածային եւ երկնաւոր շնորհքին կերպարանափոխող զօրութիւնը, որ նորընծաները սարկաւագութենէ քահանայութեան կոչեց, եւ անոնց ամբողջ կեանքին ընթացքին պիտի առաջնորդէ զիրենք Աստուծոյ անդաստանին մէջ: Ան յորդորեց նորընծաները հետեւելու Քրիստոսի, այնպէս ինչպէս Յիսուսի աշակերտները հետեւեցան Անոր` «հետեւէ՛ ինծի» կոչին ականջալուր ըլլալով: սրբազանը թելադրեց երթալ ժողովուրդին, եւ իրենց ծառայութեամբ ժողովուրդը մօտեցնել Աստուծոյ: Ձեռնադրիչ սրբազանը հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղելով իր խօսքը ըսաւ, թէ հայ հոգեւորականը միշտ պէտք ունի մեր ժողովուրդի քաջալերանքին: Ժողովուրդէն գալով ժողովուրդին կ՛երթայ հայ հոգեւորականը` իր ծառայութեամբ արժեւորելով իր կեանքը: Սրբազանը իր շնորհաւորութիւնը ներկայացուց վեհափառին, որ «ազգին ու եկեղեցւոյ բեռը իր վրայ կը կրէ»: Ապա սրբազանը շնորհաւորեց Միաբանութիւնը, դպրեվանքի տեսչութիւնը, եւ նորընծաներուն ծնողները:

Ողջոյնի պահուն վեհափառին գլխաւորութեամբ ներկայ ամբողջ միաբանութիւնը խորան բարձրացաւ` համբոյրով ողջունելու նորընծաներուն մուտքը հայ եկեղեցւոյ ծառայութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանական ուխտին մէջ:

Օծման ու անուանակոչութեան սրտառուչ պահէն ետք, նորընծաները աւանդատան մէջ ստացան առաջին լուացումը, իրենց կնքահօր` Մանուէլ Պեքարեանի կողմէ: «Հայր մեր»էն անմիջապէս առաջ տեղի ունեցաւ վեղարի օրհնութիւնը, որով կուսակրօնութեան իբրեւ նշան միաբանական կնգուղը դրուեցաւ նորընծաներուն գլխուն:

Վեհարանին մէջ նորընծաները ծունկի եկան վեհափառին առջեւ եւ պահպանիչով ստացան անոր օրհնութիւնը: Արամ Ա. կաթողիկոս այս առիթով հայրական իր խօսքը ուղղեց նորընծայ հայր սուրբերուն` բարձր պահելու Կիլիկեան Ս. աթոռի միաբանի իրենց կոչումը եւ ծառայութեան ճամբով արժեւորելու իրենց դիմաց բացուող նոր կեանքը:

Յառաջիկայ 40 օրերուն ընթացքին նորընծայ հայր սուրբերը պահեցողութեան, աղօթքի ու խոկումի պիտի նուիրուին` Յիսուսի օրինակով պատրաս-տուելու իրենց աստուածահաճոյ առաքելութեան:

 

Նախորդը

ՅՈՎՍԷՓ ՎՐԴ. ԹՈՓԱԼԵԱՆԻ ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ, ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ԵՒ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ 40-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՆՇՈՒՄ

Յաջորդը

ՏԵՍԱԿԷՏ. ԵՐԿՈՒ ՆԿԱՏՈՒՄՆԵՐ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.