Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Բժշկական Միութիւն. Պարգեւատրում Տոքթ. Ժիրայր Թեվեքելեանի

December 6, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_0169Չորեքշաբթի, 4 դեկտեմբերին Լիբանանահայ բժշկական միութեան տան մէջ տեղի ունեցաւ տոքթ. Ժիրայր Թեվեքելեանի պարգեւատրման ձեռնարկը` հովանաւորութեամբ Լիբանանի բժիշկներու սենտիքայի նախագահ փրոֆ. Անթուան Պուսթանիի: Կլիմայական աննպաստ պայմաններուն պատճառով հանդիսութիւնը սկսաւ մէկ ժամ ուշ` երեկոյեան ժամը 7:30-ին: Նոյն պատճառով ալ սենտիքայի նախագահը ներկայ չէր կրցած գտնուիլ, բայց ձեռնարկին ներկայ էին անոր ներկայացուցիչները` սենտիքայի ատենադպիր տոքթ. Սամի Ռայշունի եւ գանձապահ տոքթ. Ժան Պուլոս:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, Լիբանանահայ բժշկական միութեան վարչութեան կողմէ բացման խօսքը արտասանեց տոքթ. Տիգրան Վարդապետեան: Ան իր խօսքին մէջ բարի գալուստ մաղթեց սենտիքայի նախագահի երկու ներկայացուցիչներուն եւ յայտնեց, որ անոնք իրենց տան մէջ կը գտնուին: Ապա ան ներկայացուց օրուան յայտագիրը:

Միութեան ատենապետ տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան արաբերէնով խօսք առնելով սենտիքայի խորհուրդի անդամի իր փորձառութենէն մեկնելով վեր առաւ սենտիքայի նախագահ փրոֆ. Անթուան Պուսթանիի արժանիքները` ընդգծելով, որ «ընտրութենէն դուրս եկանք իբրեւ երկու մրցակից ցանկեր, բայց կը գործենք իբրեւ աշխատանքային միակամ խմբակ: Ան վեր առաւ Լիբանանահայ բժշկական միութեան գործունէութիւնը 1950-էն ի վեր եւ անոր ընդմէջէն պարգեւատրեալ տոքթ. Ժիրայր Թեվեքելեանի ներդրումը` իբրեւ բազմաթիւ անգամներ միութեան վարչութեան ատենապետութիւնը ստանձնած անդամ»:

Իւրայատուկ կերպով նշուեցաւ նաեւ տոքթ. Թեվեքելեանի պատասխանատուութեան ստանձնման օրերուն` 1986-ին հայ բժիշկներու առաջին հասցէագիրքի հրատարակութիւնը Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ահաւոր մթնոլորտի մէջ, ժամանակաշրջան մը, երբ տեղեկութիւնները թուղթով ու մատիտով կ՛առնուէին տակաւին: Հակառակ իր յառաջացած տարիքին, տոքթ. Թեվեքելեան միշտ ներկայ եղած է միութեան կեանքին մէջ:

Աւարտին տոքթ. Էճիտեան արաբերէնով եւ հայերէնով տոքթ. Թեվեքելեանը յայտարարեց միութեան պատուոյ անդամ:

Ապա խօսք առաւ տոքթ. Սամի Ռայշունի, որ անձնապէս մօտէն ճանչցած ըլլալով պարգեւատրեալը վեր առաւ անոր արժանիքները: Ան յայտնեց, որ Լիբանանահայ բժշկական միութիւնը իրեն երկար ատենէ ի վեր ծանօթ միութիւն է եւ մեծապէս տպաւորուած է միութեան աշխատանքներով:

Այնուհետեւ տոքթ. Սամի Ռայշունի եւ տոքթ. Ժան Պուլոս Լիբանանահայ բժշկական միութեան պատուոյ անդամի յատուկ վահանակը յանձնեցին տոքթ. Թեվեքելեանին, որմէ ետք տոքթ. Էճիտեան միութեան վահանակը յանձնեց բժիշկներու սենտիքայի երկու ներկայացուցիչներուն:

 

Նախորդը

Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Ղոսընը

Յաջորդը

49 Նորագիրներ Միացան ՀՅԴ-ի Շարքերուն.

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.