Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մահմետականացուած Հայերը Իրենց Մայրենի Լեզուն Կը Սորվին

December 6, 2013
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

Taraf 16112013«Թարաֆ» թերթի ուրբաթ, 16 նոյեմբեր 2013-ի թիւին մէջ Ռամազան Թուրանթայլաք հրատարակած է թղթակցութիւն մը, ուր կը պատմուի, որ մահմետականացուած հայերը հիմա կը սորվին իրենց մայրենի լեզուն, այսինքն հայերէն կը սորվին: Անոնք մայրենի լեզուն կը սորվին Տիգրանակերտի մէջ բացուած հայերէնի դասընթացքի շնորհիւ: Դասընթացքը բացուած էր անցեալ տարի ու 66 աշակերտներ, գրեթէ բոլորն ալ մահմետականացուած հայեր, հայերէն սորվեցան: Դասընթացքը կ՛ընթանայ երկու անգամ, երեք ամսուան դասաւանդութենէ:

Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ թաղայիններէն Կաֆուր Թիւրքայ, որ նմանապէս դասընթացքին հետեւողներէն մէկն է, ըսաւ, որ դասընթացքի հետեւողներուն գրեթէ բոլորն ալ անձեր են, որոնք յետոյ իմացած են իրենց հայկական ինքնութեան մասին: Ասոնց միջեւ կան տանտիկիններ, պաշտօնեաներ, գործաւորներ, աշակերտներ, բժիշկներ եւ այլն: Կաֆուր Թուրքայ ինքն ալ մասնակցեցաւ դասընթացքին` իրեն հետ տանելով նաեւ իր երկու զաւակները: Պատմեց, որ իր հայրը որպէս սիւննի մահմետական հաժ գացած էր ուխտագնացութեան, ինք ալ մահմետական աւանդութիւններով մեծցած էր, իրենց հայերէն մականունն էր Օհանեան, 16 տարեկանին էր, որ անդրադարձած էր որ հայ էր, եւ ան հիմա ինքզինք կը ներկայացնէ որպէս «սիւննի մահմետական հայ»:

Կաֆուր Թիւրքայ կ՛ըսէ.

«Զանազան պատճառներով մեր լեզուն չկրցանք սորվիլ, բայց միշտ ունէինք սորվելու փափաք: Անգամ մը այս նիւթը բացինք Տիգրանակերտի քաղաքապետ Ապտիւլլա Տեմիրպաշին, եւ ան ալ ըսաւ, որ իրենց ծրագրին մէջ կայ դասընթացք հաստատելու ծրագիր մը: Ընդունեց եւ դասընթացքը հաստատուեցաւ: Ինք ալ, իր զաւակներն ալ մեծ յուզում զգացին, երբ սկսան սորվիլ իրենց մայրենի լեզուն: Ես հայ եմ, բայց իմ ժողովուրդի աւանդութիւններն ու մշակոյթը չկրցայ ապրիլ, կ՛ըսէ ան: Երեք սերունդ վերջ ահաւասիկ սորվելու առիթը կ՛ունենանք, ու ասիկա մեծ երջանկութիւն մըն է:

Թղթակցութեան մէջ կը կարդանք, որ դասաւանդութիւնը կը կատարուի հայ համայնքին կողմէ նշանակուած ուսուցչի մը միջոցով, որուն անունն է Ֆիքրի Չալըշ:

Տիգրանակերտի քաղաքապետն ալ այս առթիւ կ՛ըսէ, որ իրենք ժողովրդավարութեան կը հաւատան ու կը մտածեն, որ բազմալեզու քաղաքականութիւն պէտք է մշակեն: Ասիկա միայն հայերէնի համար չէ, բոլոր միւս լեզուներուն համար ալ նոյնն է, ինչպէս` լազերու, չերքեզներու, ասորիներու, արաբներու եւ նմանօրինակ լեզուներու:

Թղթակցութեան մէջ հրատարակուած է դասընթացքը աւարտող 67 անձերու խմբանկարը, որուն մէջ բոլորն ալ հպարտօրէն ցոյց կու տան իրենց ստացած վկայագիրը:

 

Նախորդը

Ինչին Արժանի Ենք, Դա Էլ Ստանում Ենք. Հարցազրոյց ԱԺ ՀՅԴ Խմբակցութեան Ղեկավար Արմէն Ռուստամեանի Հետ

Յաջորդը

Զգո՜ւշ, Թրքական Ծուղակ Է…

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.