Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յուսիկ Եւ Մակար Վարդապետներ Ծայրագոյն Վարդապետութեան Աստիճան Ստացան

December 2, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

dzayrՇաբաթ, 30 նոյեմբեր 2013-ի երեկոյեան, կաթողիկոսարանի «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» եպիսկոպոսական դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ աւարտաճառերու պաշտպանութիւն: Արդարեւ, Յուսիկ վրդ. Մարտիրոսեան եւ Մակար վրդ. Աշգարեան իրենց աւարտաճառերը ներկայացուցին ու պաշտպանեցին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան վանաբնակ միաբան հայրերու ներկայութեամբ: Հայր Յուսիկին աւարտաճառի նիւթն էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան արխիւներէն լոյս բերուած «Սահակ Բ. կաթողիկոսի ստացած նամակները 1914-էն 1930»: Իսկ հայր Մակարին աւարտաճառի նիւթն էր «Ամէնօրհնեալ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածինի յաւերժ կուսութիւնը»: Վեհափառ հայրապետը գնահատեց կատարուած աշխատանքը, իր նկատողութիւններն ու թելադրութիւնները կատարեց, որպէսզի կատարուած ակադեմական աշխատանքը աւելի յստակ ու հասկնալի ըլլայ:

Յայտնենք նաեւ, որ աւարտաճառերու պաշտպանութեան աւարտին, կարդացուեցան Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կողմէ գրուած երկու կոնդակներ, որոնցմով Ղեւոնդ վրդ. Բէնթէզեանն ու Վարանդ վրդ. Քորթմոսեանը վարդապետական լանջախաչ կրելու իրաւունք ստացան:

Կիրակի, 1 դեկտեմբեր 2013-ի առաւօտուն, սուրբ եւ անմահ պատարագի ընթացքին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճան ստացան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  կաթողիկոսութեան միաբաններէն Յուսիկ վրդ. Մարտիրոսեանն ու Մակար վրդ. Աշգարեանը` ձեռամբ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի, խարտաւիլակութեամբ` Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Սիփան վրդ. Քէչէճեանի:

Տէրունական աղօթքէն անմիջապէս առաջ, երկու հայր սուրբերը ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճանը ստացան: Ձեռնադրութենէն ետք Սեպուհ սրբազան խօսք առնելով խօսեցաւ ծայրագնութեան աստիճանի կարեւորութեան մասին, եւ երկու հայր սուրբերուն ուշադրութեան յանձնեց, որ այս ձեռնադրութեամբ իրենց ուսերուն վրայ աւելի կը ծանրանայ Քրիստոսի լուծը, որուն պէտք է ընդառաջեն նուիրուածութեամբ, անխոնջ աշխատանքով, զօրաւոր հաւատքով, հեզութեամբ ու ծառայասիրութեամբ: Սրբազանը նաեւ ըսաւ. «Այսօր դուք ստացաք ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճան եւ արժանացաք կոչուելու մեծ վարդապետ: Մեծ կոչումը ոչ թէ մեծութեան, պատիւի ու փառքի մէջ է, այլ իսկական ծառայութեան, խոնարհութեան ու հեզութեան»:

Պատարագէն ետք վեհափառ հայրապետը երկու ծայրագոյն վարդապետները, Սեպուհ սրբազանի գլխաւորութեամբ ընդունեց իր գրասենեակը եւ իր օրհնութիւնը տուաւ անոնց:

 

Նախորդը

Ամանորի Եւ Ս. Ծնունդի Իւրայատուկ Եւ Հայկական Ցուցահանդէս-Վաճառք

Յաջորդը

Մեր Առօրեայէն. Ռատիոթոն (Լիբանան) Թելէթոն (Միացեալ Նահանգներ)

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.