Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի Ուղին

December 2, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

LOKH1976Բարեսիրական աշխատանքով, ընկերային կեանքը բարելաւելու հեռանկարով ճամբայ ելած Լիբանանահայ օգնութեան խաչը իր ուշադրութեան սլաքը ուղղեց նաեւ հայ արուեստի ծաղկումին: Ան եղաւ հայ կնոջ սուրբ մատներուն շնորհներով ստեղծագործուած հայկական ձեռագործներու եւ ասեղնագործութեանց պահպանութեան ու ժառանգութեան փոխանցողը նոր սերունդի հայուհիներուն: Անկախ հայկական նրբաշխատ ժանեակներու կամ ասեղնագործութիւններու արուեստին տիրանալու վարպետութենէն, ԼՕԽ-ը աւանդաբար փոխանցեց հայ տոհմիկ բարքերու ակունքէն ծնած գաւառական թէ քաղաքային արուեստը: Հայկական նաշխերը կու գային Կիլիկիայէն եւ Հայաստանէն: Այսպէս, կարելի է թուել` Այնթապի գործ, Մարաշի գործ, Ուրֆայի գործ, ասեղնագործ կամ հայկական ժանեակ, Սվազի (Սեբաստիա) գործ, Վանի գործ, Վասպուրականի գործ, Քիլիսի գործ, Մալաթիոյ գործ, Կեսարիոյ գործ, Տրապիզոնի գործ, Տիգրանակերտի գործ:

18 յունիս 1976-ին ԼՕԽ-ի փոքրիկ աշխատանոցը իր դռները կը բանար 20 կիներով եւ 3 վարպետ ուսուցչուհիներով:

Այս ծրագրին յատկացուած փոքր սրահը ժամանակ մը ետք անբաւարար ըլլալով` ԼՕԽ-ը իր դարմանատունն ու գրասենեակը յատուկ սարքաւորումով կը յատկացնէ աշխատանոցին, որուն համբաւը որպէս որակաւոր ձեռագործի կեդրոնի` հետզհետէ կը տարածուի, եւ աշխատողներուն մակարդակը կը բարձրանայ:

Յանձնախումբին հետապնդած նպատակներէն են` հայկական ասեղնագործութեան գաղտնիքներուն պահպանումը, զանոնք կորուստէ փրկելը, հայ կիներուն եւ ընտանիքներուն մատչելի դարձնելը, նաեւ աշխատանք կը տանի հայկական ձեռագործը ծանօթացնելու օտարներուն:

1980 սեպտեմբեր 10-ին բացումը կը կատարուի ձեռարուեստի կեդրոնին:

Ձեռարուեստի կեդրոնի մէջ տեղ գտած են ամէն պիւտճէի յարմարող ձեռային նուրբ եւ փոքր աշխատանքներ, կան գեղեցիկ եւ հայկական շունչ ունեցող եւ հայու ձեռքի արտադրութիւններ:

Տօնական թէ այլ առիթներով հոնկէ ապահովելու համար յարմար նուէրներ, մէկ կողմէ սատարելով կազմակերպութեան յաջողութեան, միւս կողմէ` ամէն մարդու տան մէջ մտցնելով հայկական նուրբ ասեղնագործութեան ճաշակը եւ յաւիտենականացնելու համար հայկական ասեղնագործութեան ժառանգը:

1977-ին օգտուելով տիրող համեմատական խաղաղ օրերէն, Պէյրութի արեւմտեան շրջանին մէջ, զբօսաշրջութեան նախարարութեան Ապակեայ սրահին մէջ կը կազմակերպուի աշխատանոցին առաջին ցուցահանդէսը` հովանաւորութեամբ երջանկայիշատակ Խորէն եւ Գարեգին Բ. Աթոռակից կաթողիկոսներու:

Ցուցահանդէսները հետզհետէ ճոխացած եւ զարգացած են, նոր բանուած ձեռագործներու կողքին կը ցուցադրուին տուներէ հաւաքուած հինէն եկած գործեր: Յանձնախումբին աշխատանքով եւ մեծ հմտութեամբ հին ձեռագործի գոյներն ու գործածուած կտորները կը բարեփոխուին, մէջտեղ եկած են հայկական ասեղնագործութիւններուն արդի տարբերակները` արդիական ճաշակով: Կը պատրաստուին նաեւ այլ ազգերու ձեռագործներ, մեքենագործուած կտորներ, կ՛առնուին զանազան ապսպրանքներ:

Մինչեւ օրս կազմակերպուած են տարեկան մէկէ աւելի ցուցահանդէսներ, որոնք առիթ կ՛ընծայեն հանրութեան ծանօթանալու կեդրոնին:

Կեդրոնը կը վայելէ մեծ վարկ եւ իր հմայքը մեծապէս տարածուած է Լիբանանի եւ արտասահմանի մէջ:

Յանձնախումբը մասնակցած է Լիբանանէն դուրս ցուցահանդէսներու` 1980 Ժընեւ, 1984 Քանատա, 1985 Փարիզ, 1991 Կիպրոս, 1998 Շարժա:

Աշխատանոցը վայելած է հարիւրաւոր բարեկամ-բարեկամուհիներու գուրգուրանքն ու քաջալերանքը` գործին յաջողութեան համար նուէր ստանալով ձեռագործի օրինակներու գրքոյկներ, ձեռագործներու մեքենաներ եւ այլն:

Քարոզչութիւն կատարուեցաւ հրատարակուած թերթիկներով, մամուլի էջերով, հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի կայաններով, հարցազրոյցներով եւ բացիկներով: Ցուցահանդէսները եւ պազարները, կազմակերպուած` աշխատանոցի յանձնախումբին կամ օտար կազմակերպութիւններու կողմէ, ցոյց կու տան այն հսկայ գործունէութիւնը, որ կը տանի այս յանձնախումբը:

1999-ին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը լոյս ընծայեց «Հայկական ասեղնագործութիւն» անունով պատկերազարդ գեղատիպ հատորը, որ կրնայ իբրեւ հիմք ծառայել նոր սերունդներուն:

2005-էն ի վեր կեդրոնը կը կազմակերպէ ձեռագործի դասընթացքներ, որոնց մինչեւ օրս հետեւած են հարիւրէ աւելի կիներ եւ ստացած են համապատասխան հաստատագրեր: Այս դասընթացքներուն հետեւողներէն ոմանք այժմ հմուտ ուսուցանողներ ու ձեռագործ բանողներ են:

Նախորդը

Հայկական Ձեռարուեստի Եւ Զայն Նոր Սերունդներուն Փոխանցելու Կարեւորութիւնը

Յաջորդը

«Վիճակագրութիւնը Հանրութեան Սեփականութիւնն Է` Յօգուտ Երկրի Ընկերային և Տնտեսական Երկարաժամկէտ Քաղաքականութիւններու Որդեգրումին» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Տոքթ. Մարալ Կիտանեան

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.