Կազմակերպութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, վաղը` կիրակի, 1 դեկտեմբերին, տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի ճատրակի անհատական ախոյեանութիւնը` Պէյրութի Արաբական համալսարանին Հարիրիի անուան շէնքին մէջ:
Մրցումները պիտի սկսին առաւօտեան ժամը ճիշդ 10:30-ին:
Բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն իրենց մասնակցութիւնը բերել այս ախոյեանութեան, իրենց անունները արձանագրելու համար պէտք է կապ հաստատեն ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Շըհատէ Ապու Նըմրիի (03-955700) եւ կամ ֆետերասիոնի անդամ Ալի Ժաուիշի հետ (03-300166):


