Տարիներու իր սովորութեան համաձայն, Պիպլոս Ժիպէյլ կատարեց իր տարեկան ընթրիքը («Էտտէ Սենտ» համալիրին մէջ)` ներկայութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայսալ Քարամէի:
Ներկայ էին նաեւ Ժիպէյլի քաղաքապետ Զիատ Հաուաթ եւ քաղաքապետական խորհուրդի այլ անդամներ, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ եւ Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ժան Համմամ, Սալամ կուսակցութեան նախագահ Ռոժէ Էտտէ, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամի, ակումբի պատասխանատուներ, քաղաքապետութիւններու, կուսակցութիւններու, ֆետերասիոններու եւ ակումբներու նախագահներ եւ ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հրաւիրեալներ:
Իր խօսքին մէջ, նախարար Քարամէ շեշտեց այն կարեւոր կէտը, որ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին նոր ընտրութիւնները պէտք է տեղի ունենան արդարօրէն, առանց քաղաքական միջամտութիւններու, որպէսզի կարելի ըլլայ ունենալ մարզական ոգի ունեցող ֆետերասիոն մը:


