Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պուրճ Համուտ` Փոքրիկ Հայաստանը

November 30, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»

La-Petite-Armenie1

Կիրակի, նոյեմբերի 10-ին, «Ֆրանս 2» հեռատեսիլի կայանը ներկայացուց «Պուրճ Համուտ` փոքրիկ Հայաստանը» խորագրեալ հետաքրքրական յայտագիրը, որուն ընթացքին Լիբանանի ազգայիններէն Տիգրան Ճինպաշեան մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց քաղաքի պատմութեան, ներկայի կացութեան եւ հեռանկարներուն մասին, թէ ինչպէ՛ս 20-ական թուականներուն հոն կայք հաստատած են Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայորդիներ, մեծ մասամբ` Կիլիկիոյ շրջանէն, սերունդէ սերունդ փոխանցելով հայկական սովորութիւնները, հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութիւնը: Առաջին հայեացքով աչքի կը զարնէին շէնքերէն կախուած հարիւրաւոր ելեկտրական լարերը, որոնք յառաջացած են Լիբանանի պատերազմի տարիներուն` ժողովուրդին ելեկտրականութիւն հայթայթելու նպատակով:

La-Petite-Armenie2Շուրջ հարիւր տարուան պատմութիւն ունեցող քաղաքը միշտ բնաշրջումի մէջ է. 30-ական թուականներուն կառուցուած են զանազան թաղեր` Նոր Մարաշ, Նոր Սիս կամ Նոր Ատանա անուններով, ուր օրին քով-քովի գտնուող տարբեր արհեստներու կեդրոնները այսօր վերածուած են տեղական գոյներով հարուստ առեւտուրի շուկաներու: Նոր Մարաշի մէջ գտնուող Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցին առաջին սրբատեղին է, որ կառուցուած է 1932-ին, ժողովուրդին ձեռամբ: Եկեղեցւոյ դպրաց դասի պատասխանատու, դպրապետ Կարօ Աղազարեան կը պատմէ իր ընտանիքին ոդիսականը, որ ջարդերէն ետք Ալեքսանտրեթէն կամ Կոստանդնուպոլսէն նախ Հալէպ, Դամասկոս եւ ապա Լիբանան փոխադրուած է, եւ ինք կը պատկանի երրորդ սերունդին, որ կ՛ուզէ մնալ Պուրճ Համուտի համեստ ժողովուրդի կողքին: Ան կ՛ըսէ, թէ իր հայրերը իմաստութիւնը ունեցած են իրենց գաղթած երկիրներուն մէջ եկեղեցի եւ դպրոց կառուցելու, որպէսզի պահպանուին հայոց լեզուն եւ հայկական ինքնութիւնը:

Հաղորդավարը նաեւ հարցազրոյց ունեցած է Մեսրոպեան կաթողիկէ վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստին հետ: Վերջինս կը տեղեկացնէ, որ հոն փոքր տարիքէն իսկ դասաւանդութիւնները կը կատարուին չորս լեզուներով` հայերէն, ֆրանսերէն, արաբերէն եւ անգլերէն, աւելցնելով, թէ հայկական սովորութիւններուն համաձայն, սփիւռքի մէջ միշտ ալ եկեղեցւոյ կողքին շինուած է դպրոց եւ կարելիութեան սահմաններուն մէջ` մշակոյթի տուներ, ակումբներ, ուր ստեղծուած են թատերախումբեր, երգչախումբեր: Պուրճ Համուտի մէջ այսօր կը գործեն ինը դպրոցներ, որոնք կը պատկանին հայկական եկեղեցւոյ երեք յարանուանութեանց` 5-ը առաքելական, 2-ը կաթողիկէ եւ երկուքն ալ` աւետարանական, իսկ աշակերտները կ՛աղօթեն ո՛չ միայն հայերէն, այլ նաեւ ըստ օրուան դասընթացքին` ֆրանսերէն կամ անգլերէն լեզուներով, ինչ որ հարստութիւն մըն է: Ինչ կը վերաբերի հայոց լեզուի ուսուցման, տնօրէնը կ՛ըսէ, թէ լեզուն պահպանելու համար պէտք է գործածել զայն, քանի որ առանց լեզուի` մենք կը կորսնցնենք ամէն ինչ:

La-Petite-Armenie3Հայկական մշակոյթի պահպանումը կը կայանայ լեզուի, կրօնի, բայց նաեւ` ժողովրդական գործիքներու ուսուցումով, առաքելութիւն մը, որ ստանձնած է Համազգայինը` պարի, թատրոնի, եւ երաժշտութեան ճամբով աշակերտներուն ծանօթացնելով ոչ միայն հայ, այլեւ արեւմտեան մեծերու ստեղծագործութիւնները:

«Վանայ ձայն»-ի տնօրէն Աւօ Կիտանեան կը խօսի լիբանանահայ լրատուամիջոցներուն մասին: Անոր համաձայն, Պուրճ Համուտի մէջ առաջին իսկ օրերէն կարեւոր դեր ունեցած է մամուլը` յանձինս մանաւանդ «Ազդակ» օրաթերթին, որ կը հրատարակուի հայերէնով: «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ կը գործէ նաեւ «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանը, որ ինքնութեան պահպանման իմաստով մեծ աշխատանք կը տանի:

Հաղորդավարը կ՛եզրափակէ` ըսելով, թէ Ցեղասպանութեան ժառանգորդները, շնորհիւ իրենց յարատեւ աշխատանքին եւ յարմարելու ընդունակութեան, կարեւոր դերակատարութիւն ունին թէ՛ հայկական, եւ թէ՛ լիբանանեան հանրային կեանքին մէջ:

 

Ժապաւէնը կարելի է դիտել այցելելով հետեւեալ կայքը`  http://www.youtube.com/watch?v=AB394Gv4KSg

 

 

 

Նախորդը

Անթառամեան Հոֆմանի Դասախօսութիւնը Նիւ Եորքում

Յաջորդը

«Նահապետը» Գնաց

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.