51 տարեկան արժանթինցի մասնագէտ Կուսթաւօ Ալվարօ շատ հաւանաբար կրնայ գլխաւորել Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը, կը յայտնէ ArmSport.am հայկական լրատու գործակալութիւնը:
Այս մասին «Արմենիա» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան` նշելով, որ ան յառաջիկայ ամիս պիտի ժամանէ Հայաստան:
Միաժամանակ, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը բանակցութիւններ կը վարէ այլ մասնագէտներու հետ ալ:
ArmSport.am-ին յայտնի դարձաւ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը ներկայիս կապի մէջ է նաեւ սպանացի մասնագէտ Կրեկորիօ Մանսանոյի հետ, որ անցեալին աշխատած է «Լա լիկա»-ի շարք մը խումբերու, որոնց կարգին` Մայորքայի հետ:
Ինչ կը վերաբերի Ալվարոյին, ան ներկայիս արժանթինեան Արսենալի մարզիչն է: Անոր կազմը 17-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք 29 կէտով կը գրաւէ 4-րդ դիրքը:


