Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եթէ Չըլլար ԼԵՄ-ը… (Հիմնադրութեան 40-ամեակին Առիթով)

November 26, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ

LEM_40amiagՄտածուա՞ծ է արդեօք, թէ ի՛նչ կրնար ըլլալ լիբանանահայութեան դիմագիծը յատկապէս եւ հայ կեանքի պատկերը ընդհանրապէս` առանց ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան:

Փորձ կատարուա՞ծ է հաշուելու թիւը անոնց, որոնք ԼԵՄ-ի շարքերէն անցնելով` վերջին չորս տասնամեակներուն թարմ շունչ ու աւիւն տուին Դաշնակցութեան, թափ ու կշիռ` Հայ դատի ի խնդիր անոր մղած պայքարներուն:

40 տարին բաւարար ժամանակ է գնահատական տալու միութեան մը, որուն տարիներէն իւրաքանչիւրը 40 անգամ 40 ջանք, գործ ու նուիրում եղաւ զինք ծնող գաղութին եւ կուսակցութեան: Հազարաւորներ անցան ԼԵՄ-ի շարքերէն, հարիւրաւորներ իրենց հետքն ու անունը ձգեցին, իսկ տասնեակներ հասան մինչեւ հայութեան գերագոյն նուիրաբերումի զոհասեղանը:

ԼԵՄ-ը ամէնէն առաջ եղաւ ազգային-կուսակցական դաստիարակութեան եզակի դպրոց մը, ուր մուտք գործողները սորվեցան երիտասարդական իրենց խանդը ծառայեցնել հաւաքական կազմակերպ աշխատանքի եւ ազգային նպատակասլաց կեանքի: ԼԵՄ-ի միջավայրը միայն գիտելիքներ չփոխանցեց իրեն դիմողներուն, այլ հոգիներ դարբնեց, միտքեր պատրաստեց` քաղաքականացման եւ յեղափոխականացման իտէալներով: Այնպէս մը, որ մարդիկ երբ ԼԵՄ-ականները տեսան նոյնիսկ ակումբներէ դուրս, առանց պարտականութեան, իրենց խօսքերէն ու կեցուածքներէն ճանչցան, որ ԼԵՄ-ականնե՛ր են անոնք:

Դիւրին չեղաւ 40-ամեակի երթը, տեւական մաքառում մը եղաւ ան ընդհանուր անտարբերութեան, այլասերման եւ ազգային¬գաղափարական արժէքներէ օտարացման հոսանքներուն դէմ: Ընկրկողներ միշտ եղան, բայց երթը շարունակուեցաւ, որովհետեւ ԼԵՄ-ի կազմակերպական քուրան շարունակ հասցուց ազգանուէր ծառայութեան պատրաստուած ու պատրաստակամ նոր ուժեր:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը շատ բան խանգարեց ԼԵՄ-ի ծրագիրներէն, սակայն անոր անդամներուն տուաւ պատերազմի երկար տարիներուն իրարու մօտ ըլլալու եւ իրարմով զօրանալու բացառիկ պատեհութիւնը: Այդ տարիներուն քանի մը սերունդ հասակ առաւ ծառայութեամբ եւ նուիրումով մեծնալու դաշնակցական աւանդով: «Եարի փոխան զէնք գրկած» ԼԵՄ-ական տղաք ակումբներու մէջ յաճախ 24 ժամ անցուցին միասին, գիշերը ցերեկին խառնեցին եւ ստեղծեցին ընկերական-կուսակցական կեանքի նախանձելի մթնոլորտ մը, որ բնորոշ եղաւ «պահակ տղոց» առօրեային:

15 տարի շարունակ հայաբնակ թաղամասերու ակումբները ապրեցան մնայուն եռուզեռը ԼԵՄ-ականներուն. ժողովներ, ձեռնարկներ, օրացոյցի եւ «Ռազմիկ»-ի վաճառքներ, կոչերու եւ որմազդներու ցրւումներ, թաղային հարցերու դասաւորումներ, շրջանի ապահովութեան կապուած աշխատանքներ երկա՜ր ժամեր խլեցին բոլորէն, եւ սակայն բոլո՛րը, մեծ թէ պզտիկ, անտրտունջ, սիրով եւ համբերատարութեամբ կատարեցին իրենց վստահուած պարտականութիւնները:

Օրերու հետ գործի դաշտերը ընդլայնեցան, ԼԵՄ-ի շարքերն ալ ստուարացան: Հայութեան գոյատեւման եւ Հայ դատի հետապնդման մարտահրաւէրները թելադրեցին աւելի աչալուրջ եւ կազմակերպ մասնակցութիւն ազգային առօրեային: Հայ դատը դարձաւ մտասեւեռումը բոլորին: «Պահակ տղոց» շարքերէն դարբնուեցան գաղափարի մարտիկներ եւ Հայ դատի զինուորեալներ: Շատերը անոնցմէ հոմանիշ դարձան գերագոյն զոհաբերութեան, ուրիշներ իրենց կեանքը մաշեցուցին նուիրումի ճամբուն վրայ, իսկ գտնուեցան նաեւ անոնք, որոնք յարատեւ պայքարը վերածեցին առօրեայ կենսաոճի. ընդդիմացա՛ն թրքախօսութեան երեւոյթին դէմ, հրկիզեցին թրքերէն ձայներիզներն ու վիտէօ-երիզները, «ո՛չ» ըսին թրքական ապրանքներու վաճառքին, ցո՛յց կատարեցին թրքական ուժերու Լիբանան ներկայութեան դէմ եւ հակաթուրք ձեռնարկներով ստեղծեցին քարոզչական¬դաստիարակչական ընդհանուր մթնոլորտ:

Այսպէս, գաղութէն ներս իր ազդու ներկայութեամբ ԼԵՄ-ը ունեցաւ տեւական ըսելիք եւ ընելիք: Դիմագիծ կերտեց ան, նկարագիր ունեցաւ եւ առաքելութեան մը յառաջապահը հանդիսացաւ:

Արցախեան պահանջատիրութիւնը եւ Հայաստանի անկախացումը նոր հորիզոններ բացին ԼԵՄ-ին առջեւ: ԼԵՄ-ականներ շուտով անդրադարձան, որ հարցը լոկ թաղամասի մը կամ գաղութի մը պաշտպանութիւնը չէ, այլ` ամբողջ հայրենիքի մը, որուն արեւելեան սահմանը ինքնահաստատման կռիւ կը մղէ, արեւմուտքը ենթակայ է շրջափակումի, իսկ հիւսիսը կը տքայ խոր վէրքով: ԼԵՄ-ը հասաւ ամէնուրեք. տեղ մը իբրեւ ազատամարտիկ, այլ տեղ` իբրեւ բազմաճակատ պայքարի մասնակից, այլուր` իբրեւ գաղափարի առաքեալ:

Միաժամանակ, ան ձեռք ձգեց թանկագին դաս մը, որ` հայրենիքին համար մեռնելու պատրաստ եղող երիտասարդութիւն մը պէտք է պատրաստ ըլլայ նաեւ հայրենիքին համար ապրելու:

40-ամեակ է այս տարի եւ ԼԵՄ-ը նոր տասնամեակ մը պիտի թեւակոխէ վերանորոգման եւ վերակազմակերպման մարտահրաւէրներով: Սրընթաց զարգացող այսօրուան աշխարհին մէջ ոչ ոքի արտօնուած է այլեւս տեղքայլ ընել: Համաշխարհայնացումի եւ մրցակցութեան դարն է: Հետեւաբար ժամանակին հետ քայլ պահելու պարտաւորութիւնը, ինքզինք կատարելագործելու կամքը եւ աշխատանքի նորանոր դաշտերու որոնումը միայն կը պայմանաւորեն ԼԵՄ-ի զարգացումը յառաջիկայ տարիներուն:

Ճիշդ է, անցեալին բաղդատմամբ, մեր օրերուն մեծ է թիւը այն երիտասարդութեան, որ օրէ օր աւելի կը հրաժարի իր հողէն, անցեալէն, վերադարձի երազէն եւ պահանջատիրութենէն: Դժբախտաբար մեծ է թիւը նաեւ ԼԵՄ-ի բնականոն գործունէութիւնը խոչընդոտող դժուարութիւններուն: Սակայն ե՞րբ բարենպաստ պայմաններ ստեղծուած են հայութեան համար: Դաշնակցական ո՞ր սերունդը ունեցած է անկախ Հայաստանի դրօշին տակ գործելու այն բախտն ու առիթը, զոր ընձեռուած է այսօրուան սերունդին:

Ընդհակառա՛կն, պետականութեան կորուստի երկար ժամանակներուն երիտասարդութիւնը ընդհանրապէս տարտղնուած եւ իր սեփական կամքին գերին դարձած է, սակայն միշտ ալ գտնուած են «խենթ»-եր, որոնք կարողացած են յաղթահարել իրենց ժամանակի եւ միջավայրի աննպաստ պայմանները: Ո՞ւր են այսօրուան «խենթ»-երը, որոնք իրենց սեփական թերութիւններուն արդարացումներ գտնելու փոխարէն` քաջութիւնը պիտի ունենան տէր կանգնելու իրենց պարտականութիւններուն` հանդէպ իրենց ժողովուրդին, կուսակցութեան, իրենց նախորդող եւ յաջորդող սերունդներուն:

40-ամեակը նոր էջ կը բանայ ԼԵՄ-ի պատմութեան մէջ: Իրատեսութիւնը կը թելադրէ պատրաստ ըլլալ աւելի ծանր պայմաններու մէջ գործելու: Երեւոյթները ցոյց կու տան, որ այսուհետեւ դժուարութիւնները պիտի ըլլան շատ աւելի, սակայն անոնք պէտք չէ վախցնեն կամ ընկճեն երիտասարդութիւնը, այլ յաւելեալ համբերութիւն ներշնչեն անոր, համբերութիւնը` փորձառութիւն, իսկ փորձառութիւնը` վճռակամութիւն:

Անտարբերութիւնը եւ յուսահատութիւնը խորթ են յանձնառու երիտասարդութեան նկարագիրին: Դաշնակցականութիւնը կը թելադրէ տեւական ճիգ, յարատեւութիւն եւ տքնանք:

Անցեալին ԼԵՄ-ականներ հանգիստի, ժամանակի եւ արեան զոհաբերութեամբ յաջողեցան բարձր բռնել գաղափարական այն դրօշը, որ հայութիւնը կ՛առաջնորդէ իր անկատար բոլոր տենչերուն իրականացման: Ներկան իր ներշնչումը կրնայ ստանալ անցեալէն եւ ամուր պատուանդանը ըլլալ վաղուան նոր 40-ամեակներուն, եթէ ամէն բանէ առաջ բոլորը, անխտի՛ր բոլորը, անդրադառնան, թէ ի՛նչ կրնար ըլլալ մեր կեանքը առանց ԼԵՄ-ին…

 

 

Նախորդը

Երիտասարդական Ոսպնեակ. Ինքնութեան Փնտռտուքէն Անդին Նորարար Մտածողութեան Հետքերով (ՀՅԴ ԼԵՄ-ի 40-ամեակ)

Յաջորդը

Ապտելմասիհ Եւ Հաննա` «Սքոր»-ի Այսօրուան Հիւրերը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.