Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ» ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՄԿՐՏԻՉ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆԸ

June 18, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Գարակէօզեան» հաստատութեան հիմնադրութեան 90-ամեակի նախաձեռնութիւններուն ծիրին մէջ, «Գարակէօզեան» հիմնարկի տնօրէնութիւնը իր երախտագիտական զգացումները արտայայտելու նպատակով հերթաբար հաստատութեան Պուրճ Համուտի կեդրոն կը հրաւիրէ լիբանանահայ համայնքապետերը: Երէկ` ուրբաթ, 17 յունիսին, տնօրէնութիւնը կեդրոն հրաւիրած էր Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. դոկտ. Մկրտիչ Գարակէօզեանը եւ միութեան Կեդրոնական մարմինի ատենապետ, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը: Հանդիպումին ներկայ էր հաստատութեան փոխտնօրէն Սերոբ Օհանեան, խորհրդատու մարմինի անդամները եւ պաշտօնեաներ:

Այս առիթով բարի գալուստի խօսք արտասանեց վեր. Ռոպեր Սարգիսեան, որ ներկաներուն ներկայացուց «Գարակէօզեան» հաստատութեան պատմութիւնը, մանուկներու ընծայուած առողջապահական, մտային եւ հոգեկան ծառայութիւնները, իւրաքանչիւր բաժանմունքի նպատակը` ծանօթացնելով նաեւ իւրաքանչիւրին պատասխանատու բժիշկներն ու ծառայողները: Իր խօսքին աւարտին ան նաեւ նշեց, որ 1 յուլիսէն սկսեալ հաստատութեան ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնը պիտի ստանձնէ Սերոբ Օհանեան:

Այս առիթով վեր. Սարգիսեան յատուկ յուշանուէրով մը պատուեց վեր. դոկտ. Մկրտիչ Գարակէօզեանը` անոր քաջալերանքին եւ հովանաւորութեան համար:

Ապա խօսք առաւ հաստատութեան խորհրդատու մարմինի ատենապետ Ռաֆայէլ Ումուտեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց վեր. Սարգիսեանին անոր երկարատեւ ծառայութեան համար, ինչպէս նաեւ գնահատեց այն կեցուածքը, որ նախքան իր մեկնումը ան իր փոխարէն պատրաստեց այլ երիտասարդ մը, որպէսզի շարունակէ իր գործը: Ապա ան յաջողութիւն մաղթեց հաստատութեան նոր տնօրէնին եւ երկար կեանք` վեր. Սարգիսեանին:

Այնուհետեւ խօսք առաւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. դոկտ. Մկրտիչ Գարակէօզեանը: Ան կեդրոնին տարած ծառայութիւնը կոչեց ազգաշինութիւն, եւ նկատի ունենալով, որ հայ ժողովուրդը, որ երկրին մէջ ալ գտնուի ան, կը հիմնէ իր հաստատութիւնները, ապա պէտք է պահենք զանոնք: Վերապատուելին յարատեւ վերելք մաղթեց բոլորին եւ կոչ ուղղեց չբաւարարուին իրենց ծառայութեամբ, տան որքան որ կարելի է, որովհետեւ իրենց կատարած գործը սրբազան աշխատանք է:

Իր խօսքի աւարտին վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան յատուկ յուշանուէրով մը պատուեց երկար տարիներու տնօրէն վեր. Սարգիսեանը` առ ի գնահատանք անոր ծառայութեան եւ երկարատեւ աշխատանքին:

Խմբային լուսանկարներէն ետք ներկաները հատեցին 90-ամեակի կարկանդակը:

 

 

 

Նախորդը

ՄԻՆՉ ՀՄԸՄ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏ – ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏ ՍՏԱՑԱՒ ԱՌԱՋՆՈՒԹԵԱՆ ԻՐ ՏԻՏՂՈՍԸ. ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՏՈՒԿ ՄԵՏԱԼՆԵՐՈՎ ՊԱՏՈՒԵՑ ՀՄԸՄ-Ի ՎԵԹԵՐԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼԻՍՏՆԵՐԸ

Յաջորդը

«ՏԸ ԼԻԹԸԼ ՍԻՏԸՐ ԹՐԻ» ԳԻՐՔԻ ՄԱԿԱԳՐՈՒՄ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.