Սրի Լանքայի մայրաքաղաք Քոլոմպոյի մէջ տեղի ունեցող թենիսի Տէյվիս Քափի Ասիա – Ովկիանիա ցամաքամասի Գ. խմբակի մրցումներուն, Լիբանանի տղոց ազգային խումբը արձանագրեց իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը` այս անգամ պարտութեան մատնելով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները (2-1): Իր կատարած առաջին մրցումին եւս Լիբանան նոյն արդիւնքով յաղթած էր Օմանի:


