Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ ՄԸ»

June 18, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի օրերուն Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը խստօրէն կ՛արգիլէր Լիբանանէն արտագաղթը` կուսակցութենէն հեռացնելով «տկարացող» շարքայինները: Այլ կազմակերպութիւններ նաե՛ւ կոպիտ դիրքորոշումներ կ՛որդեգրէին գաղութին եւ ազգին վնասող այս երեւոյթին զարկ տուող անհատներուն ու հաստատութիւններուն դէմ:

Արդե՞օք կարելի է առիթով մը քննել այդ մարտավարութեան տուն տուող պատճառները, գործադրութեան ձեւերը եւ արդիւնքները` կատարելու համար համապատասխան եզրակացութիւններ:

Այդուհանդերձ, Միջին արեւելքի հայահոծ գաղութներու քանակական պահպանումը տեղ մը տրամաբանական եւ մտածուած քայլ էր հայկական բռնագրաւեալ տարածքներու ազատագրութեան ճամբուն վրայ: Իրանի, Սուրիոյ, Լիբանանի եւ ընդհանրապէս բռնագրաւուած Հայաստանի սահմանամերձ տարածքներու հայութիւնը պիտի դառնար ազգային ազատագրական ամբողջական պայքարին յառաջամարտիկը: Մարտավարութիւնը ձախողած է արդէն: Ազատագրական պայքարը չսկսաւ. եւ կամ չշարունակուեցաւ: Իրանի, Իրաքի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ ապրող հայութեան զանգուածը երթալով նօսրացաւ եւ առանց քաղաքական լուրջ ու նպատակաուղղուած առաջադրանքներու` թաւալգլոր տարտղնուեցաւ:

Բայց արդե՞օք կարելի էր սպասել այլ ելք: Կարելի՞ էր եւ դեռ կարելի՞ է յուսալ, աշխատիլ եւ պայքարիլ` պահպանելու համար այս գաղութներու արժանաւոր գոյութիւնը: Լիբանանի, Իրանի, Իրաքի եւ Սուրիոյ երբեմնի գաղթահայութեան ամրոցները մինչեւ ե՞րբ պիտի պայքարէին պահելու համար իրենց համախումբ ու կազմակերպ գոյութիւնը` ի խնդիր իրաւ ազգային ազատագրական պայքարի մեկնարկին:

Համապատասխան տուեալներու չգոյութեան նոյնիսկ, այսօր, կարելի է նկատել, թէ դէպի Եւրոպա եւ Ամերիկա հոսքը միջինարեւելեան գաղութներէն մնայուն ընթացքի մէջ է: Բոլոր նշանները ցոյց կու տան, թէ այս շարժումը շրջելու փորձերը որեւէ ձեւով իրատեսական չեն: Եթէ այդպիսի փորձեր կան անշուշտ:

Լիբանանի մէջ, եթէ երկրին քաղաքական, տնտեսական եւ ապահովական ծանր պայմանները իրենց անժխտելի դերակատարութիւնը ունին հայութեան դէպի արեւմտեան ափեր ուղուելուն մէջ, արհամարհելի չէ նաեւ ազգային կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու դերակատարութիւնը: Աւելի ճշգրիտ` դերակատարութեան բացակայութիւնը: Հայապահպանում լոզունգին տակ թանձր քողով մը ծածկուած են գաղութի ազգային պատկանելիութեան պահպանման եւ քանակական անվտանգութեան ուղղուած գործնական ծրագիրներու եւ նպատակաուղղուած ռազմավարութեան մը չգոյութիւնը:

Ինչո՞վ արդարացուած է այսօր ոեւէ անհատի հայկական պատկանելիութիւնը. լիբանանահայու, ծագումով հայ լիբանանցիի եւ այլազան զարտուղի ինքնութիւններու մէջ հայկական ազգային պատկանելիութիւնը ի՞նչ յատկանիշներով կը զանազանուի եւ ինչո՞ւ պէտք է գերակշիռ ըլլայ: Աւելի կարճ, Լիբանանի մէջ հայ զգալու, հայ ապրելու եւ հայ մեռնելու պայքարը մինչեւ ե՞րբ պիտի մղուի եւ յանուն ինչի՞ պիտի մղուի:

Համաձայն մարդկային հաւաքական գոյակցութեան զարգացման դարուս ձեւաչափին, ազգային պետութեան գոյութիւնը անհրաժեշտ նախապայման է ազգային հաւաքականութեան մը յարատեւման: Սեփական պետութենէն դուրս ազգային պատկանելիութեան պահպանումը անկարելի է: Անկարելիութիւնը ոչ այնքան արդիւնք է տուեալ հաւաքականութեան ճիգերու ու պայքարի տարողութեան, այլ` այն պարզ փաստին, որ պետութիւնները իրենց էութեամբ իսկ միատարր ինքնութեան առաջնորդող մեքենաներ են (Լիբանանը կրնայ բացառութիւն ըլլալ):

Հայրենիքէն, ծննդեան օրրանէն հեռու գոյատեւելու համար հաւաքականութիւն մը պէտք է շօշափելի կապերով անմիջականօրէն կապուած ըլլայ այդ հայրենիքին հետ եւ կառչած` վերադառնալու իրատեսական հոլովոյթի մը: Ահաւասիկ, այս միաձուլուած փիլիսոփայութեան բացակայութիւնն է, որ կը ստեղծէ ինքնութեան տագնապ եւ հեշտ ու ընդունելի կը դարձնէ անմիջականին ու «տրամաբանական»ին դաւանումը: Անհասկնալի ու դաւաճանական ոչ մէկ բան կայ հոս:

Ո՛չ մէկ բան կայ, մանաւանդ եթէ նկատի ունենաք վիճակը այն հաստատութիւններուն, որոնք կոչուած են ըլլալու այդ փիլիսոփայութեան կրողները, տարածողներն ու գործադրողները: Հայ ընտանիքը, դպրոցը, եկեղեցին, ազգային կազմակերպութիւնները, բոլորը, թէ՛ կառուցային, թէ՛ որակական, թէ՛ քանակական եւ  թէ՛ ալ արդիականացման իմաստով տեղքայլի մէջ ըլլալէ անկախ, առարկայական ու ենթակայական բազմաթիւ պատճառներով յանձնուած են իրականութիւններուն դիմաց եւ զիջած` իրենց իսկական առաքելութենէն:

Այսպէս հասկնալի կը դառնայ միջինարեւելեան գաղութներուն ոդիսականը. իսկ երբ կը գումարենք շրջանի տնտեսական, ընկերային ու ապահովական հարցերը, ապա վախճանը անխուսափելի է: Վերադարձի եւ ազատագրական պայքարի ռազմավարութեան զոյգ ուղիներու բացակայութեան, նախ եւ առաջ գաղութներու համեմատական առաջնահերթութիւնները կը դառնան անիմաստ, իսկ կազմակերպ գաղութներու գոյապայքարը` անհորիզոն:

ՅՈՎԻԿ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ

Նախորդը

«ԻՐԱՏԵՍԸ de facto». «ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԵՐԵՍՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԴԱՇՏՈՒՄ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԴԱՐՁՆՈՒՄ Է ԲԱՐՈՅԱԶՈՒՐԿ»

Յաջորդը

ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄ (16 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ). ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՎՐԱՍՏԱՆ` 3-1

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.