Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԿԻՐԱԿԻ, 19 ՅՈՒՆԻՍ, ՅԻՇԱՏԱԿ ԵՂԻԱ ՄԱՐԳԱՐԷԻՆ. ԵՂԻԱ ՄԱՐԳԱՐԷ

June 18, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եղիա մարգարէն, եբրայեցի ժողովուրդին ամենապիղծ թագաւորին` Աքաապի օրերուն, իբրեւ Աստուծոյ հաւատարիմ մարգարէ, բոլորին կոչ կ՛ուղղէր դարձի գալու կենդանի Աստուծոյ: Ան մերժուած էր իր քաղաքացիներէն: Հակառակ այս վիճակին` ան չէր դադրեր իր նուիրական առաքելութենէն: Մարգարէին գլխաւոր մտահոգութիւնն էր մարդոց հոգիներէն փարատել անհաւատարմութեան մշուշը, որպէսզի հաւատքի լուսաշող ճանապարհէն ընթանան եւ առաջնորդուին դէպի արդարութիւն եւ աստուածապաշտութիւն:

Եղիա մարգարէն Տիրոջ տնօրինումով կը ղրկուի Սամարիա` մոլորած ժողովուրդին մէջ հաստատելու զԱստուած պաշտելու

անհրաժեշտութիւնը, որ երաշխիքն է փրկութեան: Աստուած Եղիա մարգարէին միջոցով ժողովուրդին մեծամեծ նշաններ ցոյց կու տար:

Տիրոջ հրամանով, Եղիա մարգարէն, ժողովուրդը իր շուրջ հաւաքելով, կը բարձրանայ Կարմեղոս լեռ` Բահաղի մարգարէներուն եւ ամբողջ ժողովուրդին ցոյց տալու, թէ Տէրն է միակ Աստուածը: Տասներկու քար կը հաւաքէ, Յակոբի որդիներու ցեղերուն թիւով, եւ ատոնցմով զոհասեղան կը սարքէ, վրան փայտ կը դնէ եւ հորթ կը զոհէ:

Յետոյ կը հրամայէ զոհասեղանին վրայ. «Չորս սափոր ջուրով լեցուցէք, ու թափեցէք ողջակէզին վրայ եւ փայտերուն վրայ» (Գ. Թագաւորաց 18.34), ապա կը սկսի աղօթել:

Մարգարէին աղօթքէն ետք երկինքէն կրակ կ՛իջնէ, որ ողջակէզը, փայտերը, քարերն ու հողը կ՛այրէ եւ ջուրն ալ կը սպառէ: Ժողովուրդը այս երեւոյթը տեսնելով` երեսի վրայ կ՛իյնայ ու կ՛ըսէ. «Եհովան է միակ Աստուածը» (Գ. Թագաւորաց 18.39):

Աւետարանին մէջ կը կարդանք, թէ Քրիստոսի այլակերպութեան ժամանակ Մովսէսն ու Եղիան կ՛երեւին Յիսուսի:

Եղիա մարգարէն, իր կեանքի աւարտին, իրեն յաջորդ` Եղիսէ մարգարէի հետ Յորդանան գետին մօտ կը կանգնի եւ ահա հրեղէն կառք մը ձիերով զինք կ՛առաջնորդեն դէպի երկինք: Ան իր վերարկուն կը ձգէ Եղիսէին, որպէսզի շարունակէ կատարել մարգարէութեան սուրբ պաշտօնը (Դ. Թագաւորաց 2):

Եղիա մարգարէի աստուածահաճոյ կեանքը թող օրինակ դառնայ մեզի, որպէսզի մենք եւս կարենանք հաստատ քայլերով եւ ամրակուռ հաւատքով ուղղուիլ դէպի Քրիստոս, որ իր լոյսով կը պայծառակերպէ մեր հոգիները եւ կը խոստանայ բոլոր արդարները լուսաւորել ու արժանացնել երկինքի արքայութեան : (Մատթէոս 13.43):

 

Նախորդը

ՔԱՌԱՍՆԱՄԵԱՅ «ՔԱՅԼՈՂ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆ»Ը

Յաջորդը

«ԻՐԱՏԵՍԸ de facto». «ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԵՐԵՍՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԴԱՇՏՈՒՄ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԴԱՐՁՆՈՒՄ Է ԲԱՐՈՅԱԶՈՒՐԿ»

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.