Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վտանգաւոր Եռանդ

November 19, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Apo-Photo4Ազրպէյճան ունի պաշտպանութեան նոր նախարար մը, որ կարծէք յաւակնութիւնն ունի դառնալու պատերազմի նախարար:

Նշանակուելէն ի վեր, արդէն իսկ երկու անգամ ճակատային դիրքեր այցելած այս նախարարը իր պաշտօնական հանդիպումներուն ընթացքին չի մոռնար շեշտել «գրաւուած տարածքները ազատագրելու» իր յանձնառութեան վճռակամութիւնը:

Վստահ ենք, որ Զաքիր Հասանով, որ իր նախկին՝ Ազրպէյճանի ներքին զօրքերու հրամանատարի պաշտօնին վրայ գտնուած ժամանակ իսկ, իր ուժերով Արցախի վրայ յարձակելու պատրաստակամութիւն ցոյց տուած էր եւ հաւանաբար այդ եռանդն էր, որ երկրի նախագահին կողմէ վարձատրուած էր նախարարի դիրքով, անկեղծ է իր սպառնալիքը գործադրելու ցանկութեան մէջ: Այսուհանդերձ, զօրավար Սատիքով պարտաւորուած է նախ ծանօթանալու իր ստացած ժառանգութեան.

– Բանակ մը, որ զինուած է քարիւղի տոլարներուն տրամադրած ամէն տեսակի կատարելագործուած ռազմական սարքերով, որոնց յուսալիութիւնը խիստ կասկածելի է՝ նկատի առնելով գնումները կատարող պաշտօնեաներուն անյագուրդ ախորժակները:

– Բանակ մը, որ իր հրամանատարական կազմին հանդէպ մեծ հաւատք ունենալու ոչ մէկ հիմք ունի եւ, ուրեմն, այդ կազմի ղեկավարութեամբ մարտունակ հայկական բանակին դէմ դուրս գալու ոգեւորութեամբ չի փայլիր:

– Բանակ մը, որուն գլխաւոր հրամանատարը պաշտօնավարման երկու շրջան գործած է միայն իր իշխանութիւնը ամրապնդելու եւ իր ու իր մօտիկներուն քսակները լեցնելու տենդով:

– Բանակ մը, որ ըստ էութեան, չ՛ուզեր կռուիլ:

Այս ծանր ժառանգութեան տէր Սատիքով իր եռանդագին ճիգերով կրնայ ազրպէյճանական բանակի մարտունակութիւնը բարձրացնել ջանալ՝ ճակատ կատարուած առաւել յաճախակի այցելութիւններով, կաշառակեր պաշտօնեաներու դէմ պատժական միջոցառումներով, սպառազինութեան առաւել կատարելագործումով եւ, ի վերջոյ, զայն հասցնելով պատերազմի պատրաստ կարգավիճակի: Այսուհանդերձ, ան չի կրնար անտեսել ամէն օր հայրենի հողը պաշտպանելու վճռակամութեամբ դիրքաւորուած յաղթական հայկական բանակը, որուն առաջնորդող սկզբունքը ոչ մէկ վտանգ թերագնահատելն է, աւելի եւս՝ թշնամի բանակի նոր պատասխանատուին եռանդը արհամարհելը:

 

 

Նախորդը

Cafouillages՝ Խառնաշփոթութիւն

Յաջորդը

«Առանց Հրաշքների Ոչինչ Չի Լինում». Հարցազրոյց Ֆլորանսում Բնակուող Քանդակագործ Վիգէն Աւետիսի Հետ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.