Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԵՐՋՕ ՍԱՄՈՒԷԼԵԱՆ-ԵՌԱԳՈՅՆ» ՀԱՆԴԻՍԱՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ ԸՆԹՐԻՔԻ ԵՐԵԿՈՅ` ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

March 9, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի եւ կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, երէկ` երեքշաբթի, 8 մարտ 2011-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ուսուցչաց տօնին նուիրուած ընթրիքի երեկոյ` ներկայութեամբ Ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչներուն եւ Ազգային վարժարաններու տնօրէններուն ու ուսուցչակազմին:

Ձեռնարկի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ուսումնական խորհուրդի անդամ Սեդա Մանկասարեան: Ան ուրախութիւն յայտնեց, որ տարին անգամ մը առիթը կ՛ընծայուի երախտագիտութիւն յայտնելու ուսուցիչներու տարած հսկայական աշխատանքին նկատմամբ: «Ուսուցչութիւնը որեւէ ասպարէզի չի նմանիր: Ուսուցչութիւնը կոչում է», հաստատեց Ս. Մանկասարեան` աւելցնելով, որ իւրաքանչիւր ուսուցիչ կը հաւատայ, որ անպայման դրական հետք պիտի ձգէ իւրաքանչիւր աշակերտի մատղաշ հոգիին մէջ: Ան նաեւ հաստատեց, որ իւրաքանչիւր ուսուցիչ նուիրեալ բարերար է, որովհետեւ «ճշմարտապէս իր անձէն կու տայ»` աւելցնելով, որ ուսուցիչներուն հաւաքական աշխատանքով կը ծաղկի աշակերտը իբրեւ «հայ ամբողջական մարդ»:

Այնուհետեւ Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի աշակերտ Լուսին Տեմիրճեան մեկնաբանեց երգերու փունջ մը, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ տեսաերիզ մը, որուն մէջ կարգ մը Ազգային վարժարաններու աշակերտներ ներկայացուցած էին իրենց կարծիքներն ու զգացումները, ինչպէս նաեւ մաղթանքները Ուսուցչաց տօնին առիթով: Ապա հայրենի երգիչ Արսէն Գրիգորեան խանդավառեց մթնոլորտը:

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան խօսք առնելով շնորհաւորեց Ուսուցչաց տօնը եւ շեշտեց, որ կրթական առաքելութիւնը մարդկային վսեմ առաքելութիւն մը չէ պարզապէս: «Մեզի համար ուսուցիչը սերունդի դաստիարակութենէն աւելի սրբազան առաքելութիւն մը եւ ազգային գոյութեան երթի հիմնական երաշխիքներէն մէկն է», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ քաղաքակրթութեան առաջին պահանջը դաստիարակութիւնն է, որ սերունդէ սերունդ ազգին որակը, բարոյականը, արժէքները բարձր կը պահէ: «Հայ ժողովուրդի քաղաքակրթութեան երաշխիքի յանձնառուները դուք էք», հաստատեց Գեղամ արք. Խաչերեան` աւելցնելով, որ Ազգային իշխանութեան գործունէութիւնը դպրոցներուն համար է եւ Ազգային իշխանութեան վարչամեքենային լինելութեան պատճառները դպրոցներն ու նոր սերունդն են: «Ազգային դպրոցը իր ազգային դաստիարակութեան մէջ իրաւունք չունի թերանալու… Ազգային իշխանութիւնը սերունդի դաստիարակութեան սիրոյն այդ ծանր բեռին տակ չի կքիր եւ կը շարունակէ քալել», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը:

Եզրափակելով իր խօսքը` սրբազանը յայտնեց, որ ամէն տարուան նման այս տարի եւս «Հայ ֆուտ»ը Ազգային վարժարաններուն պիտի տրամադրէ 6 միլիոն ոսկի, եւ հրաւիրեց վարժարաններուն տնօրէնները, որպէսզի «Հայ ֆուտ»ի յանձնախումբը անոնց յանձնէ իրենց չեքերը:

Նախորդը

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՔՍՈՐ ԳԱՍԱՐՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ. ՄԵԾԱՐԱՆՔ ՈՒՍՈՒՑԻՉԻՆ

Յաջորդը

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.