Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՔՆԱՐ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԸ ԱՐԺԵՒՈՐԵՑ ԻՐ ՎԱՐԿԸ

June 17, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգայինի Լիբանանի շրջանային վարչութեան հովանաւորութիւնը վայելող «Քնար» պարախումբը դարձեալ յիշեցուց արուեստասէր մեր հանրութեան, թէ ինք կը մնայ պատնէշի վրայ` տարուէ տարի արձանագրելով նոր նուաճումներ: Վաստակաշատ պարուսոյց Ֆելիքս Յարութիւնեան կը պահէ գեղարուեստի ճաշակը` «Քնար»ը պահելով իր արհեստավարժ մակարդակին բարձրանալու ջանքերուն մէջ:

«Մոնօ» հանդիսասրահին մէջ կատարած պարի ներկայացումներէն ետք, 13 յունիս 2011-ին «Էմիլ Լահուտ» սրահին մէջ ներկայ եղանք Համազգայինի «Քնար» պարախումբին ներկայացումին, հայկական եւ ոչ հայկական պարերու կատարումներով: Տղաքը իրենց ճկուն ու թեթեւ ոստումներով, արագաշարժ քայլերով, նոյնպէս աքրոպաթիք կատարումներով ջերմ ծափեր խլեցին հանդիսականներէն:

Աղջիկները, միշտ նազելի ու հեզաճկուն, մնացին իրենց զուսպ ու նուրբ շարժումներուն հաւատարիմ, մատներու թելիկ-թելիկ ոլորումներով, երաժշտութեան կշռոյթին չափերուն հետեւողութեամբ, անգամ մը եւս արժանացան ներկաներուն ցնծուն ծափերուն: Հայկական պարերը կը մնան հաւատարիմ մեր ազգային աւանդութեան, հեզահամբոյր տրամադրութեան, առանց գրգռիչ կամ ցանկայարոյց չափանիշներ որդեգրելու: Հայ իգական սեռին նրբազգաց տրամադրութիւնը կը յայտնաբերեն մեր աղջիկներուն պարերը` միշտ շեշտելով հայկականութեան գոյնը եւ առաքինութիւնը:

ՀԱՅՐԵՆԻ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԻ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ
«ՔՆԱՐ»Ի ԿՈՂՔԻՆ

Այս նախաձեռնութեան եւ իրագործուած ջանքերուն առընթեր, կ՛ուզենք մատնանշել նորութիւնը, նուագախումբի ընկերակցութեամբ:

Հայրենի նուագող երաժիշտները վարպետներ են իրենց մասնագիտութեամբ: Անոնք հրաշալի ճարտարութեամբ ընկերացան պարային շարժումներու, քայլերու կշռոյթին, համահունչ միաձուլումով: Իւրաքանչիւրը իր երաժշտական գործիքին տիրապետած` կը խանդավառեն ունկնդիրները:

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը հրաւիրելով այս նուագախումբի եօթը նուագածուները` գնահատելի վերաբերում մը ունեցած է պատուելու եւ պանծացնելու «Քնար» պարախումբը: Հրաչ Նազարեան (խմբավար, տուտուկ, քլարինեթ), Աշոտ Վարդանեան (քամանչայ եւ ժողովրդային երգիչ), Գոռ Պալմուխեան (տհոլ), Ռոպեր Դրունց (տհոլ), Արտակ Ասատրեան (տուտուկ, զուռնայ), Վիգէն Բալասանեան (պլուլ), Գէորգ Մովսիսեան (աքորտէոն):

«Էմիլ Լահուտ» լայնատարած բեմով ու հազարէ աւելի հանդիսականներով անգամ մը եւս թնդաց հայ երգ ու պարի ստեղծած հայաշունչ խանդավառութեամբ, նուագախումբին կենդանի մասնակցութիւնը: Մեր հայրենի երաժիշտները գիտեն խանդավառել տուեալ պահը` նաեւ միջազգային համբաւի արժանացած եղանակներ մեկնաբանելով:

Քեմանչիստ Աշոտ Վարդանեան իր բամբ ու հնչեղ ձայնով երեկոյին խանդավառութիւնը բարձրացուց ծափերու տարափով: «Հողը արիւնով են պահում, իմացէք», կամ «Պիտի գնանք վաղ թէ ուշ» երգերուն յանկերգները եղան հայակերտումի եւ հայրենասիրութեան պատգամներ:

Համազգայինի բազմաբեղուն մշակութային գործունէութեան ձեռնարկը անգամ եւս մը եկաւ վկայելու, թէ կարելի չէ շնչել առանց արուեստի, առանց մշակութային վերելքի: Այս է մեր լինելութեան շքեղ ճանապարհը:

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Նախորդը

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Յաջորդը

«ՀԱՅԵՐԷՆ ՉԵՄ ԳԻՏԵՐ, ԲԱՅՑ ՀԱՅ ԿԸ ԶԳԱՄ» ՃԻ՞ՇԴ, ԹԷ՞ ՍԽԱԼ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.