Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահի Տարածքը Կ՛ընդարձակուի. Արուեստի 100 Գործերու Հաւաքական Ցուցահանդէս

November 8, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

 

 

 

 

 

 

Այսօր երեկոյեան ժամը 7։00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը պիտի նշէ իր հիմնադրութեան 4-րդ տարեդարձը, եւ այս առիթով տեղի պիտի ունենայ նաեւ ընդարձակուած ցուցասրահի բացման հանդիսութիւնը։

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան «Ազդակ»-ին յայտնեց, որ ցուցասրահի չորս տարուան գործունէութեան ընթացքին ստացուած քաջալերանքը հիմնական մղիչ ուժը դարձաւ  ցուցասրահի տարածքի ընդարձակման մտածումի յղացման եւ ծրագիրի մշակման ու իրագործման։ Այս նոր սրահը, օժտուած բոլոր յարմարութիւններով, առիթ պիտի ընձեռէ արուեստագէտներուն  իրենց ստեղծագործութիւնները հաւաքական հաւաքածոյի մը մէջ ցուցադրելու աւելի երկար ժամանակով, իսկ արուեստասէրներուն պիտի տայ առիթ՝ ծանօթանալու աւելի մեծ թիւով արուեստի գործերու։ Ան նշեց, որ ցուցասրահի այս նոր տարածքին մէջ նկատի առնուած է նաեւ ներկայացումը արուեստի հին գործերու, որոնք կը գտնուին զանազան հաւաքածոներու մէջ։

Հաւաթեան հաստատեց, որ այս նոր կառոյցով ցուցասրահի տարածքը կրկնապատկուած է, եւ անհատական ցուցահանդէսներու ընթացքին նաեւ արուեստագէտներ կարելիութիւն պիտի ունենան աւելի մեծ թիւով գործեր ցուցադրելու։ Շուրջ հինգ ամիս տեւած շինարարական աշխատանքներէ ետք, այսօր արդէն կառոյցը պատրաստ է գործունէութեան։ Այս նշեց, որ անցնող տարիներուն Համազգայինի տպարանի տարածքը նորոգուեցաւ եւ օժտուեցաւ արդիական նոր սարքերով, ապա հաստատութիւնը օժտուեցաւ նոր  գրախանութով, իսկ այսօր չորս տարեկան դարձած ցուցասրահի ընդարձակման կողքին հիմնական վերանորոգութեան ենթարկուած են նաեւ «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան  խմբագրական, գեղարուեստական ձեւաւորումի եւ վարչական գրասենեակները։

Ցուցասրահի ընդարձակման առիթով, Հաւաթեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր նուիրատուներուն, որոնց աջակցութեամբ կարելի եղաւ իրագործել այս ծրագիրները։ Ան այս առիթով երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր արուեստագէտներուն, որոնք անցնող չորս տարիներուն ցուցասրահը վերածեցին մշակոյթի հարազատ օճախի եւ գօտեպնդեցին ցուցասրահի տնօրէնութիւնը եւ վարչութիւնը՝ ընդարձակելու հաստատութեան գործադաշտը եւ առաքելութիւնը։

Յայտնենք, որ ցուցասրահի բացման առիթով տեղի պիտի ունենայ հաւաքական ցուցահանդէս, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 34 արուեստագէտներ։ Այս առիթով ցուցադրութեան դրուած են 100 արուեստի գործեր։ Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 30 նոյեմբեր։

 

Նախորդը

Լիբանանի Ֆութսալի Ազգային Խումբի Յանձնախումբը Կոչ Ուղղեց Զօրակցելու Խումբին

Յաջորդը

Ակնարկ. Թեհրանեան Ցոյցին Տողատակի Պատգամը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.