Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատուն. Գիրքի Ցուցահանդէս-Վաճառք

November 8, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Համակարգչային գիտութեան այս դարուն գիրք հրատարակելը կամ գիրքի ցուցահանդէս կազմակերպելը ոչ միայն յանդգնութիւն է, այլ շատերու համար ալ՝ անիմաստ, անօգուտ միամտութիւն։ Բոլորս ալ գիտենք այս իրողութիւնը, բայց նոյն ատեն գիտենք ԳԻՐՔԻՆ արժէքին անկորնչելի ուժը՝ նորահնար գիտութիւններու դիմաց։

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունը եւ գրատարածը անտեսած են այս վիճակը, կը շարունակեն արժեւորել գիրքն ու անոր ներշնչող կենդանութիւնը։

22 հոկտեմբերէն մինչեւ 9 նոյեմբեր 2013 տեղի կ՛ունենայ «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէնութեան կազմակերպած ցուցահանդէս-վաճառքը, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ, ուր ներկայացուեցան Հայաստանի մէջ լոյս տեսած, ինչպէս նաեւ «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն-տպարանին մէջ հրատարակուած գիրքերը։

Առիթը աննախընթաց բնոյթ զգեցաւ, երբ Պէյրութ եկան այս առիթով հայրենի կարգ մը հրատարակչատուներու վեց ներկայացուցիչներ։ Օրին «Ազդակ» անդրադարձաւ այս ամէնուն յատուկ յօդուածներով։ Այժմ մեր այս կարճ ակնարկով կ՛ուզենք շնորհաւորել կազմակերպիչները, մասնաւորաբար՝ «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանի եւ իր գործակիցներուն ջանքերը, որոնք մօտ երեք շաբաթներու ընթացքին հետեւեցան ցուցահանդէս-վաճառքի հոլովոյթին։ Կազմակերպիչները գոհունակութեամբ հաստատեցին ձեռք բերուած յաջողութիւնը։ Արդարեւ, ցուցահանդէսը դիտեցին ոչ միայն մտաւորականներ, գրողներ, ընթերցասէր հասարակութիւն, այլեւ մեր վարժարաններու աշակերտները, որոնք իրենց ուսուցիչներուն առաջնորդութեամբ եկան ցուցասրահ, տեսան գեղեցիկ դասաւորումով շարուած տեսակ-տեսակ գիրքերը ու զմայլեցան, նաեւ մտածեցին, թէ իրօք, ԳԻՐՔ հասկացողութիւնը տարբեր ներգործութիւն ունի մարդուն հոգեմտաւոր աշխարհին համար։

Անվերապահ ճշմարտութիւն է նոր գիտութիւններու ազդեցութիւնը մարդը մեքենայի վերածելու համակարգին մէջ։ ԳԻՐՔԸ մեքենայ չէ, այլ՝ մարդը մարդկայնացնող անտեսանելի զօրութիւն։ Դարերը փոխանցած են գիրքին ուժը՝ գիտութիւն ամբարելու։ Այս իրողութիւնը կը շեշտենք այսօր, որովհետեւ մեքենայացած մարդը կրնայ խանգարուիլ իր ընթացքին մէջ եւ ոչինչ փոխանցել իբրեւ ժառանգութիւն։

Հեռաւոր ժամանակներէ մեզի իբրեւ կտակ կամ ժառանգութիւն փոխանցուած գիրքերով մենք հայացանք, նաեւ՝ մարդացանք։ Ներկայի գիտական մատուցումները մեզ պիտի կարենա՞ն պահել արդեօք մեր բնորոշ յատկանիշներով, թէ՞ պիտի վերածուինք համաշխարհայնացած անգոյն մշակոյթի մը հետեւորդները՝ պարզապէս։

«Գիրք սիրէ, ղալամ սիրէ, տաֆթար սիրէ» Սայաթ Նովայի պատգամը պէտք է մնայ մեր ականջներուն մէջ, որովհետեւ մեքենային դիմաց մենք ղալամ չունինք, հետեւաբար ո՞ւր կը մնայ հայոց մեսրոպաստեղծ հայ գիրը։ Մեր ձեռքին տաֆթար չունինք, մեր ղալամն ու տաֆթարը համակարգիչ մեքենան է։

Սխալ եզրայանգումներ չենք ուզեր ունենալ։ Գիտութիւնը իր կարգին մեզի ուղղութիւն կու տայ, բայց չ՛արգիլեր, որ մերժենք նախկին գիտելիքներ, որոնցմով հասած ենք արդի գիտութեան դասը սորվելու։

Կարելի չէ մերժել ո՛չ մէկը եւ ո՛չ միւսը, բայց համազօր արժեւորում պահելով՝ մենք առաւել իմաստուն կը դառնանք իբրեւ հայ ժողովուրդի զաւակներ։

«Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէնութեան կազմակերպած յիշեալ ցուցահանդէսը պարզապէս յիշեցում մըն էր չհեռանալու անցեալէն, ներկան միացնել ապագային, եռեակ միութեամբ։ Այս ընելով է, որ մենք կրնանք գոյատեւել հայօրէն։

 

Նախորդը

Խմբագրական Վէմի

Յաջորդը

Անգլիոյ Ֆութպոլի Լիկայի Բաժակի Մրցաշարք. Քառորդ Աւարտականի Մրցումներուն Վիճակաձգութիւնը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.