
Նախանցեալ օր տեղի ունեցած Եուվենթուս – Ռէալ Մատրիտ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցումը թէեւ աւարտեցաւ 2-2 արդիւնքով, սակայն երկու տարբեր տեսակի կարեւոր իրադարձութիւններ արձանագրուեցան:
Առաջին իրադարձութիւնը եղաւ այն, որ Ռէալի փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, որ այս մրցաշարքին գծով նշանակեց 2013 տարուան իր 14-րդ կոլը, գերազանցեց Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսին, որ 2012-ին նշանակած էր 13 կոլ:
Անոր խմբակից եւ բերդապահ Իքեր Քասիաս, որ իր ակումբին հետ այս մրցաշարքին գծով կատարեց իր 133-րդ մրցումը, գերազանցեց արքայական կազմի նախկին յառաջապահ Ռաուլ Կոնզալեսը, որ 132 մրցում կատարեց անցեալին:


