Երէկ «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ «Արեւմտահայերէնի դիմագրաւած հարցերը, իրավիճակը եւ զարգացման հեռանկարները» նիւթով զրոյց մը: Զրուցակիցներն էին Հիլտա Գալֆայեան` լեզուաբան եւ «Մաշտոց» միութեան հիմնադիր ու նախագահ եւ տոքթ. Արմենակ Եղիայեան` լեզուաբան: Զրուցավարն էր «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան:
Զրուցակիցները խօսեցան լեզուի կարեւորութեան եւ արեւմտահայերէնի դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին, ինչպէս նաեւ իրենց կարծիքը յայտնեցին այն մասին, թէ արեւմտահայերէնը մահուան դատապարտուա՞ծ է, թէ՞ ոչ:
Զրոյցի տեսերիզը յառաջիկայ օրերուն պիտի զետեղուի «Ազդակ»-ի կայքէջին վրայ:


