Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ – Ազատ Բեմ. Կը Հպարտանանք Անցեալով, Կը Տագնապինք Ներկայով, Կը Սոսկանք… Ապագայէն

November 7, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Հայաստանի անկախութիւնը` իր բազմագործօններով, իսկ սփիւռքը` իր բազմաշերտաւորութեամբ, ի՞նչ երաշխիքներ կու տան կամ յոյսեր կը ներշնչեն այն մասին, որ առողջ ընթացքի մէջ կը գտնուին:

Առաջինին բազմագործօնները տարատեսակ են, որուն մէջ ամէնէն սարսափելիներն են.

ա.- Հայաթափութեան անսանձելիութիւնը

բ.- Ժողովուրդի մեծամասնութեան թաւալգլոր աղքատացումը եւ «առանձնաշնորհեալ»-ներու անզսպելի հարստացումը
բ.- Ժողովրդավարական սկզբունքներու յարատեւ ոտնակոխումը ու շահագործումը
դ.- Կաշառակերութեան եւ փտածութեան անարգել տարածումը
ե.- Մտաւորականութեան մեծամասնութեան աններելի կրաւորականութիւնը
զ. Սփիւռքի նկատմամբ մակերեսային եւ ոչ արհեստավարժական վերաբերմունքի անհեթեթութիւնը

Երկրորդին բազմաշերտաւորումը, գրեթէ բոլոր մակարդակներու վրայ նշմարելի է, որուն մէջ ամէնէն ահաւորներն են.

ա.- Համակերպութեան ու յարմարելիութեան անընդունելի փորձութիւնները` մեկնելով տեղական թէ միջավայրային պայմաններէն
բ.- Հայոց լեզուի (իմա` արեւմտահայերէնի) սրընթաց մտահոգիչ նահանջը, բանաւոր թէ գրաւոր տարբերակներով)
գ.- «Քատր»-ային այպանելի անպատրաստութիւնը (ուսուցիչ, խմբագիր, գործիչ եւ այլն)
դ.- Տեսլապաշտ ղեկավարներու կամ առաջնորդներու ահազանգող խամրութիւնը
ե.- Գործող մտաւորականներու ու ստեղծագործող միտքերու յամեցող բացակայութիւնը
զ.- Կուսակցական-միութենական գործունէութիւններու, եթէ ոչ ժամանակավրէպութիւնը, բայց, անպայմա՛ն, հնամենիութիւնը:

Բնական է, այս թուումները «ամփոփում»-ն են այն անվերջ շարքերուն, որոնք հայաստանայատուկ ու սփիւռքայատուկ տխուր իրականութիւններ են, ոչ միայն անբարեկարգելի, այլ աւելին` նորանոր բացթողումներու հաւանական զարգացումներով:

Ո՛չ ոք յաւակնութիւնը ունենալու է վիճելու, առարկելու կամ հերքելու վերոյիշեալները, իրենց առաւել կամ նուազ թերացումներով, որովհետեւ այդ բոլորը մեր շուրջն են, կ՛ապրինք ու կը զգանք զանոնք իրենց ամէնէն ցաւալի եւ ողբալի հետեւանքներով:

Ուղղակի զարմանալի է, որ ոմանք իրենք զիրենք հաւկուր կը ձեւացնեն, ուրիշներ` տգէտ, իսկ շատեր ալ կը փայլին իրենց աժան հայրենասիրական մունետիկութեամբ եւ հաշուենկատ ազգասիրական քարոզչութեամբ:

Հայաստանի ու սփիւռքին եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդին ի՞նչ կու տան շատ-շատերու «օդային» փուչիկները, երբ հայրենիքէն ներս թէ դուրս կա՛ն, սկսած են ձեւաւորուիլ հոգիի սնանկումներ. հողը լքողներ, հայապահպանումի գործօնները թուլացնողներ, իսկ տակաւին կան երազայիններ, որոնք կը բարբառեն հայաստանապահպանումէն ու սփիւռքապահպանումէն:

Ի՜նչ հեգնանք եւ անարգանք:

Ինչո՞ւ, որովհետեւ`

Հայաստանը կը շարունակէ իր դիտանկիւնով ու ոճով «շփացնել» սփիւռքի այն հատուածները կամ կողմերը, որոնք կ՛ախորժին այդ փայփայանքներէն ու գգուանքներէն, քաջ գիտնալով անոնց մեծ մասին սնափառութիւնները, հետեւաբար, մերթ հրաւէր մը դասաւորելով, մերթ գնահատագիր մը ղրկելով, մերթ շքանշան մը կախելով եւ եղե՜ւ… սփիւռքասիրութիւն:

Սփիւռքը կը շարունակէ իր տեսանկիւնով եւ եղանակով «ծառայել» Հայաստանի այն իշխանաւորներուն, որոնցմէ կրնան օգտուիլ կամ մեծարուիլ` մերթ շեփորահարելով, մերթ դարպասելով, մերթ ալ շողոմելով եւ եղե՜ւ… հայրենասիրութիւն:

 ***

Այս հրապարակային կայծակնային խորհրդածութիւնը կը միտի տալ ընդհանուր պատկեր մը, որ կը վերաբերի մեր ժողովուրդի երթուղիին` իր անցեալով, ներկայով եւ ապագայով:

Արդարեւ, հայ ժողովուրդը միշտ հպարտացած է իր հեռաւոր ու մօտաւոր պատմութեամբ, նուաճումներով եւ իրագործումներով, որոնք իր գոյութեան տուած են ապրելու իրաւունք, իր լեզուով եւ ինքնութեամբ, մշակոյթով ու գրականութեամբ, արուեստով ու գիտութեամբ:

Շա՜տ են, անթի՜ւ, հպարտանալու երեւոյթներն ու գործօնները:

Հեռու չերթանք եւ յիշենք անցեալ դարու որոշ հանգրուանները, երբ Խորհրդային Հայաստանը դարձաւ ԼՈՅՍի փարոս, իր բազմագոյն ու բազմասեռ յառաջդիմութիւններով ու ստեղծագործութիւններով, ատոնք ըլլան միտքի թէ ձեռքի փայլատակումներ:

Նոյն հետեւողութեամբ, յետեղեռնեան շրջանին, երբ սփիւռքը սկսաւ հետզհետէ կազմաւորուիլ եւ ուռճանալ, հայ ղեկավարութիւն ու մտաւորականութիւն միայն կոփեցին, դաստիարակեցին եւ ուղղորդեցին մեր սերունդները, կառուցեցին, իրականացուցին ու շէնցուցին ծրագիրներ:

Զոյգ պարագաներուն ալ շահողը ովքե՞ր էին, ովքե՞ր եղան, եթէ ոչ` հայրենի ժողովուրդը ու գաղութահայ կեանքը, որոնք Հայաստան կերտեցին ու սփիւռք պահեցին, իրենց պատմական արմատներով, աւանդական դաստիարակութեամբ, հայկական պատկանելիութեամբ, մշակութային վերածնունդով, ազգային վերազարթօնքով:

Այսօր կրնա՞նք ըսել, թէ Հայաստանը եւ սփիւռքը կը գտնուին նոյն հորիզոնականներու վրայ, երբ ամէն ինչ նահանջ կ՛արձանագրէ, աղաւաղում կը յառաջացնէ, բաժանում կը պարտադրէ, ուր հայը հայ պահող ազդակները կամ լծակները սկսած են թուլնալ, թերեւս ալ` տժգունիլ:

Ի դիմաց այս գահավիժութեան, երբ հպարտանալիք քիչ բան կայ, կամ` մնաց, ուր նորակառոյց ռազմավարութեան նուազագոյն նշոյլ իսկ չկայ, բացի հատուկենտ լուսարձակներէ, որոնք բնաւ ալ բաւարար կամ գոհացուցիչ չեն, ի՞նչ բանը կրնայ սփոփել հայութիւնը եւ յուսադրօրէն նայիլ ապագային, այնքան ատեն որ`

Հայաստանը կը լքեն:
Հայաստանը կը լքուի:
Հայաստանցիք կը չարչրկուին:
Հայաստանցիք կ՛ենթարկուին «չարչի»-ութեան:
Սփիւռքը կը տիրանայ:
Սփիւռքը կը տկարացուի:
Սփիւռքահայութիւնը կը խորթանայ:
Սփիւռքահայութիւնը կը խորթացուի:

Մինչ, հոն թէ հոս, տակաւին մեծխօսիկներ, փառատենչիկներ ու փչաբաններ չեն ուզեր տեսնել կամ ընդունիլ այն դասալքութիւնները, որոնք ամէն օր կը կրծեն հայու նուիրականութիւնները, Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ, փորձելով… փոշի ցանել ժողովուրդի երեսին:

Սակայն պէտք է յանդուգն եւ անկեղծ ըլլալ եւ ոչ թէ ոմանց նման խնկարկու ու բախտապաշտ, յայտարարելով, թէ փառաւոր անցեալը փոխարինուած է աւազախրող ներկայով, իսկ այս վերջինը` անորոշապտոյտ ուղիով, հետեւաբար`

ԿԸ ՍՈՍԿԱՆՔ ԱՊԱԳԱՅԷՆ…

 

Պէյրութ, 17 յունիս 2013

 

Նախորդը

Հայ Ֆրանսական Տնտեսութեան Նոր Կապերի Ստեղծում` Հայաստանում

Յաջորդը

Լուրեր Նիւ Եորքէն. «Կեանքը Վանդակի Կողքով» Համազգայինի Բեմին Վրայ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.