Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՍՏԱՄՈՔՍ-ԱՂԻՔԱՅԻՆ ԱՐԻՒՆԱՀՈՍՈՒՄ ԿԱՄ ՄԱՐՍՈՂԱԿԱՆ ՈՒՂԻԻ ԱՐԻՒՆԱՀՈՍՈՒՄ

June 16, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ստամոքս-աղիքային արիւնահոսութիւն  կամ մարսողական ուղիի արիւնահոսութիւն ըսելով` պէտք է հասկնալ այն արիւնահոսութիւնը, որ կը նշմարուի սրբանէն եւ բերնէն: Այս նիւթին շուրջ գրութեանս մէջ պիտի գործածեմ միայն «ստամոքս-աղիքային արիւնահոսութիւնը» անուանումը:

Սրբանային արիւնահոսութիւնը կը յայտնուի երկու ձեւով`

1.- Բացայայտ` կարմիր հեղուկային արիւնահոսութեամբ.
2.- Թաքուն` սեւ կուպրագոյն կղկղանքացումով.

Բերանային արիւնահոսութիւնը կը յայտնուի նոյնպէս երկու ձեւով`

1.- Բացայայտ ձեւով, այսինքն` արիւն փսխելով:
2.- Սրճագոյն արիւնախառն փսխունքով:

Հոս տեղին է ամփոփ ձեւով անդրադառնալ մարսողական ուղիի կազմախօսութեան, որպէսզի աւելի հասկնալի ըլլայ ստամոքս-աղիքային արիւնահոսութիւնը:

Մարսողական ուղին կազմուած է վերին եւ վարի  բաժիններով:

Վերին բաժինը կ՛ընդգրկէ` բերանը, ըմբանը, որկորը եւ ստամոքսը:

Վարի բաժինը կ՛ընդգրկէ`

1.- Բարակ աղիքը իր ստորաբաժանումներով`

ա.- Տասներկումատնաչափ աղիք
բ.- Զստաղիք-գալարաղի
գ.- Սնաղի-աղիճ

2.- Հաստ աղիքը (large intestine,colon) իր ստորաբաժիններով`

ա.- Կուրաղի
բ.- Կուրաղիի որդանման ելուն
գ.- Վերընթաց հաստ աղիք
դ.- Հորիզոնական հաստ աղիք
ե.- Վարընթաց հաստ աղիք
զ.- Նախաղի
է.- Սրբանային անցք

Ստամոքս-աղիքային արիւնահոսութիւնը կրնայ պատահիլ մարսողական ուղիի որեւէ մէկ բաժնին մէջ` սկսելով բերանէն մինչեւ սրբան:

Սրբանային եւ բերանային բացայայտ արիւնահոսութիւնը, ինչպէս նաեւ սրբանային թաքուն արիւնահոսութիւնը կրնան ըլլալ`

1.- Անցողակի, միայն մէկ անգամ
2.- Կրկնովի-մնայուն
3.- Մեղմ-պզտիկ` քիչ քանակութեամբ
4.- Զօրաւոր` մեծ քանակութեամբ

Սրբանային եւ բերանային մեղմ եւ անցողակի արիւնահոսութիւնը ընդհանրապէս որոշ ախտանշաններ եւ հիւանդագին երեւոյթներ չ՛ունենար:

Կրկնովի եւ զօրաւոր արիւնահոսութիւնը կը յառաջացնէ զանազան աստիճանի որոշ ախտանշաններ եւ հիւանդագին երեւոյթներ, որոնցմէ կարելի է յիշել հետեւեալները`

1.- Արեան տկարութիւն-արեան կարմիր գնդիկներու նուազում
2.- Տժգունութիւն
3.- Մորթի խոնաւութիւն եւ պաղութիւն
4.- Սրտի արագ տրոփում
5.- Արագ շնչառութիւն
6.- Արեան ճնշումի նուազում
7.- Միզանուազում
8.- Անհանդարտ վիճակ
9.- Մատներու ծայրամասերու կապտութիւն
10.- Գլխապտոյտ
11.- Մտային դանդաղում, շուարած վիճակ
12.- Նուաղում

Սրբանային եւ բերանային սուր-զօրաւոր արիւնահոսութեան պատճառով յառաջացած ախտանշանները շուտով կը յայտնուին: Իսկ սրբանային մեղմ եւ երկարատեւ կղկղանքային արիւնահոսութիւն ախտանշանները կը յայտնուին շատ ուշ եւ, վերոյիշեալ ախտանշաններուն հետ միասին կը յառաջանայ նաեւ լեարդի եւ երիկամներու աշխատանքի խանգարում եւ տկարացում:

Արիւն փսխելու պարագային, արիւնը կրնայ ուղղուիլ դէպի խռչափող եւ ապա` երկու թոքերը: Հիւանդը այս կացութեան մէջ կ՛ունենայ շնչահեղձութիւն:

Բերանային արիւնահոսութեան` արիւն փսխելու  պատճառներն են`

1.- Որկորաբորբ
2.- Որկորային երակազարկերակային արատաւոր կազմուածք
3.- Որկորային խլիրդ եւ փոլիփ
4.- Որկորային անօթային լայնացում
5.- Ստամոքսաբորբ
6.- Ստամոքսային խոց
7.- Ստամոքսային խլիրդ եւ փոլիփ
8.- Տասներկումատնաչափ աղիքի խլիրդ եւ խոց

Արիւն փսխելու 90 առ հարիւրը հետեւանք է ներստամոքսային եւ տասներկումատնաչափ աղիքի հիւանդութիւններուն, 50 առ հարիւրը հետեւանք է տասներկումատնաչափ աղիքի խոցերուն, իսկ 3 առ հարիւրը` ստամոքսի խլիրդի:

Հոս տեղին է յիշել, որ բերանային արիւնահոսութիւն կրնայ պատահիլ առանց փսխումի, հետեւեալ հիւանդութիւններու գոյութեան պարագային`

1.- Թոքային խլիրդ, որ կրնայ արիւնահոսութիւն յառաջացնել: Հիւանդը թքնելով եւ հազալով թոքերուն մէջ կուտակուած արիւնը կը մղէ դէպի բերան եւ ապա կ՛արտահանէ բերնէն դուրս
2.- Քթաըմբանային, բերանաըմբանային, ենթաըմբանային եւ բերանային զանազան վէրքեր, որոնք կրնան արիւնիլ զանազան ձեւերով: Հիւանդը բերնին մէջ կուտակուած արիւնը թքելով` կ՛արտահանէ բերնէն:

Սրբանային արիւնահոսութիւնը, ինչպէս վերը յիշուեցաւ, կրնայ ըլլալ բացայայտ կամ թաքուն:

Բացայայտի պարագային ենթական կ՛ունենայ արիւնախառն կղկղանք կամ միայն կարմիր արեան կորուստ: Այս սրբանային բացայայտ արիւնահոսութեան պատճառներն են`

1.- Ստամոքսի եւ տասներկումատնաչափ աղիքի խոց եւ խլիրդ
2.- Բարակ աղիքներու փոլիփներ, անօթային ուռեցք, զարկերակային յոռի կազմուածք, ծոցակ, ծոցակաբորբ, եւ խլիրդ
3.- Հաստ աղիքներու սուր եւ մնայուն աղետապ, ծոցակ եւ ծոցակաբորբ, ջղագրգռութիւն, խոց, փոլիփ եւ խլիրդ
4.- Նախաղիի թութք, փոլիփ, խլիրդ զարկերակային յոռի կազմուածք
5.- Սրբանի ճեղք-ծերպ եւ թութք
6.- Տիզանթերիի հիւանդութիւն

Սրբանային թաքուն արիւնահոսութիւնը կը յայտնուի սեւ կղկղանքով: Վերը յիշուած որկորի, ստամոքսի եւ բարակ աղիքներու զանազան հիւանդութիւններով թաքուն արիւնահոսութիւն կրնայ տեղի ունենալ: Արտաթորուած կարմիր արիւնը մինչեւ հաստ աղիքի վերջաւորութեան հասնիլը կ՛այլափոխուի եւ կը ստանայ սեւ գունաւորում, որ կը յայտնուի սեւ կղկղանքով:

Ստամոքս-աղիքային արիւնահոսութեան բոլոր պատճառները նկատի ունենալով հանդերձ, անիկա ընդհանրապէս աւելի կը պատահի այն հիւանդներուն մօտ, որոնք կը տառապին երկարատեւ լեարդաբորբէ, արեան որոշ  հիւանդութիւններէ, ընդոծին հեմոֆիլիա հիւանդութենէն, մնայուն կերպով կը գործածեն ալքոլ, ասփիրին եւ բորբոքումի  դեղեր, արեան հակալերդացման դեղեր, ինչպէս` հեփարին:

Ստամոքս-աղիքային արիւնահոսութեան ախտանշանները կախեալ են արիւնահոսութեան վայրէն եւ քանակէն:

Արիւն փսխելը կը մատնանշէ վերին ստամոքս-աղիքային արիւնահոսութիւն: Սրճագոյն փսխուքը կը մատնանշէ, որ արիւնահոսութիւնը դանդաղած է եւ կամ կեցած է:

Սրբանային մեծ քանակութեամբ արիւնահոսութիւն` կը նշանակէ բարակ աղիքներու կամ հաստ աղիքի մեծածաւալ արիւնահոսութիւն:

Սեւ կղկղանք` կը նշանակէ նուազագոյնը 100-200 մլ արիւնահոսութիւն` յառաջացած ստամոքսին կամ բարակ աղիքներուն մէջ:

Սեւ կղկղանք կրնայ յառաջանալ կարգ մը սննդեղէններու պատճառով, ինչպէս` ճակնդեղ եւ երկաթի դեղահատեր:

Ստամոքս-աղիքային բացայայտ արիւնահոսութիւնը ինքնին ախտաճանաչումի չի կարօտիր, սակայն անոր եւ սրբանային թաքուն արիւնահոսութեան պատճառներուն ախտաճանաչումը խիստ կարեւոր է: Ասիկա կը կատարուի բժիշկին կողմէ հետեւեալ գործընթացով`

1.- Լսել հիւանդին կողմէ տրուած նկարագրականը
2.- Կատարել մարմնական ընդհանուր եւ մանրակրկիտ քննութիւն
3.- Կատարել արեան, մէզի եւ կղկղանքի տարրալուծարանային քննութիւներ
4.- Կատարել որկորադիտակում, ստամոքսադիտակում, նախաղիի դիտակում
5.- Կատարել որոշ «Ք» ճառագայթային նկարահանումներ
6. -Կատարել համակարգչային (Սի. Թի. Սքեն) եւ մագնիսարձականգային (Էմ. Ար. Այ.)  նկարահանում

Ստամոքս-աղիքային արիւնահոսութեան դարմանումը կախեալ է անոր տարողութենէն եւ հիւանդին առողջական ընդհանուր վիճակէն:

Մեղմ- պզտիկ արիւնահոսութեան պարագային, երբ միայն թեթեւ արեան կորուստ պատահած է` առանց այլ ախտանշաններու գոյութեան, հիւանդին կը յանձնարարուի գործածել երկաթի դեղահատեր որոշ շրջանի մը համար եւ ուտել սննդարար ու առողջապահական սննդեղէններ:

Զօրաւոր եւ սուր արիւնահոսութեան պարագային, հիւանդը կը կարօտի բժշկական շտապ օգնութեան. այսինքն կը կատարուի յատուկ հեղուկներու երակային շտապ ներարկում, արեան փոխներարկում եւ այլ բժշկական միջոցառումներ` նախքան ախտաճանաչումի մասնագիտական քննութիւնները: Այս հանգրուանէն ետք կը կատարուին զանազան քննութիւններ` հասնելու համար արիւնահոսութեան պատճառներու ախտաճանաչումին: Սուր արիւնահոսութիւն ունեցող հիւանդներուն 80 առ հարիւրին արիւնահոսութիւնը ինքնաբերաբար կը դադրի: Մնացեալ 20 առ հարիւրն է, որ  վիրաբուժական  շտապ միջոցառումներու կը կարօտի:

Երկարատեւ-մնայուն արիւնահոսութեան պարագային, ընդհանրապէս շտապ օգնութեան կարիքը չ՛ըլլար, սակայն զօրաւոր արեան տկարացումի պարագային, արեան փոխներարկում կը կատարուի եւ ախտաճանաչումի քննութիւնները կը կատարուին`  հասնելու համար հիմնական ախտաճանաչումին:

Բոլոր պարագաներուն ալ արիւնահոսութեան հիմնական դարմանումը կ՛ըլլայ բուն ախտապատճառը դարմանելով, որ կ՛ըլլայ դեղամիջոցներով եւ վիրաբուժական միջամտութիւններով:

Պատրաստեց` ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

 

Նախորդը

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ 93-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ

Յաջորդը

ԹԱՐԳՄԱՆՉԱԿԱՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՄԱՅՐԻՆԵՐՈՒ ԾԻԱԾԱՆԸ (ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԱՐԴԻ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆ)

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.