Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միակ Բոյս Մը` Պատրաստելու Համար Թէ՛ Տապկուած Գետնախնձորներ, Թէ՛ Ալ Լոլիկով Թացան

November 2, 2013
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Անգլիոյ շուկային վրայ վերջապէս իջած է «Թոմթէյթօ»-ն: Այս բոյսը նոյն ատեն կ՛արտադրէ լոլիկներ… եւ գետնախնձոր:

Ո՛չ, «Թոմթէյթօ»-ն տարօրինակ փորձերէ մէջտեղ չէ ելած, արտասովոր տարրալուծարանի մը մէջ: Անիկա պարզապէս «զգուշօրէն կատարուած» պատուաստ մըն է` ըստ այս նիւթը շուկայ իջեցնող պարտիզամշակութեամբ զբաղող «Թոմսըն էնտ Մորկըն» անգլիական ընկերութեան: Եւ ահաւասիկ արդիւնքը. այս երկու տեսակներէ յառաջացած «նոր» բոյսը անուանուած է «Թոմթէյթօ» (թոմէյթօ եւ փոթէյթօ, լոլիկ եւ գետնախնձոր, անգլերէն բառերէն), որ գետնին վրայ կ՛արտադրէ կեռաս-լոլիկներ եւ գետնախնձոր` արմատներուն մակարդակին վրայ:

Մե՞ծ գիւտ մը: Ոչ այնքան մեծ… լոլիկները եւ գետնախնձորները նոյն ընտանիքին մաս կը կազմեն: Հետեւաբար անոնք իրարու հետ բնականօրէն կը յարմարին: Անոնց իրարու հետ խառնուրդը չի կարօտիր անոնց ծիները փոփոխութեան ենթարկելու, այլ պարզապէս գտնել նոյն հասակով երկու կոթեր, զանոնք կտրել եւ ապա զանոնք իրարու կապել. թեքնիք մը, որ մատչելի է ոեւէ պարտիզպանի… Սակայն եթէ պատահի, որ օր մը դուն հանդիպիս ծառի մը, որ նոյն ատեն կու տայ թէ՛ խնձոր, թէ՛ պանան, թէ՛ ալ կեռաս, հոս պէտք է զգուշանաս:

Սակայն ինչի՞ կը ծառայէ նման գիւտ մը: Ոչ անպայման մեծ բանի մը. տունկը կ՛արժէ մօտաւորապէս 20 տոլար եւ պտուղներ կու տայ միայն մէկ եղանակ: Ապա պէտք է նոր տունկ մը գնել: Հետեւաբար հաճելի է պատշգամին վրայ նման տարօրինակ բոյս մը ունենալ, սակայն անիկա մեծ գիւտ մը չէ:

Իսկ Լոլիկը Պտո՞ւղ Է, Թէ՞ Բանջարեղէն

Անիկա թէ՛ պտուղ է, թէ՛ ալ բանջարեղէն:

Անիկա պտուղ կը համարուի, որովհետեւ կը կազմուի բոյսի մը ծաղիկէն: Սակայն նոյն ատեն բանջարեղէն է, որովհետեւ բանջարեղէնը, բանջարանոցի մը մէջ, պարտիզպանին կողմէ մշակուած բոյսէ մը բաժին մըն է: Հետեւաբար բանջարեղէն մը կրնայ ըլլալ պտուղ (ինչպէս` պղպեղը), սակայն նաեւ` արմատ մը (ինչպէս ստեպղինը), կամ` կոթ մը (ինչպէս կարոսը), կամ ալ` տերեւ մը (ինչպէս հազարը):

Լոլիկը եկած է Հարաւային Ամերիկայի հիւսիս-արեւմուտքէն: Էնքաները լոլիկը կը մշակէին 16-րդ դարուն, սպանացիներուն ժամանումէն շատ առաջ:

Եւրոպայի մէջ առաջին լոլիկները տնկուեցան Սպանիոյ հարաւը, Սեւիլիոյ մէջ: Սակայն այդ ժամանակաշրջանին մարդիկ կը կարծէին, թէ այս բոյսը թունաւոր էր… Լոլիկը Ֆրանսա կը հասնի 17-րդ դարուն եւ կ՛անուանուի «սիրոյ խնձոր»:

Իրարու հետ բազմաթիւ խաչաձեւումներէ ետք, այժմ գոյութիւն ունին լոլիկի հազարաւոր տեսակներ` տարբեր գոյներով եւ տարբեր ձեւերով: Գիտնականները կը շարունակեն տարբեր տեսակներ իրերու հետ խաչաձեւել` ստանալու համար նոր լոլիկներ, աւելի լաւ, աւելի գեղեցիկ եւ հիւանդութիւններուն ու միջատներուն դէմ աւելի դիմացող:

Գիտէի՞ր, Թէ…

Լոլիկը կազմուած է 94 առ հարիւր ջուրէ:

Գետնախնձորի կողքին, լոլիկը աշխարհի մէջ ամէնէն շատ եփուած բանջարեղէնն է:

 

Խոհագիր

Լոլիկով Եւ Մոցարելլայով Աղցան

Եթէ լոլիկ կը սիրես, ահա` դիւրին աղցան մը, որ կրնաս շինել եւ… գետնախնձորի հետ ուտել:

Պէտք ունիս (4 անձերու համար)

4 գեղեցիկ կարմիր լոլիկներու, 300 կրամ մոցարելլա պանիրի, փունջ մը ռեհանի (պազիլիք), քիչ մը խոզկաղինի, ձէթի, պալսամիք քացախի, աղի, պղպեղի, մանանեխի:

Պատրաստութիւն

1.- Մոցարելլան 2-3 մմ հաստութեամբ շերտերու կտրել: Լոլիկները կլոր-կլոր բարակ կտրել:

2.- Լոլիկները իրարու վրայ անցնելով` շարէ պնակին մէջ: Իւրաքանչիւր լոլիկի շերտի միջեւ կտոր մը պանիր դիր: Ամբողջ պնակը ծածկէ:

3.- Խորունկ ամանի մը մէջ պատրաստէ թացանը` իրարու հետ խառնելով ձէթը, քացախը, մանանեխը, աղը եւ պղպեղը:

4.- Այս թացանը պարպէ լոլիկի եւ պանիրի շերտերուն վրայ: Քանի մը տերեւ ռեհան առ փունջէն եւ զանոնք շատ մանր ջարդէ, ապա զանոնք սրսկէ աղցանին վրայ` առանց մոռնալու նաեւ խոզկաղինները:

– Բարի՛ ախորժակ:

 

Պիտի Ուզէի՞ր Ուտել Տարրալուծարանի Մէջ Շինուած Միս

Հոլանտացի գիտնականներու խումբ մը կրցած է միս շինել տարրալուծարանին մէջ: Այդ միսով պատրաստուած համպըրկըր մը պիտի ուտուի մօտ օրէն, Լոնտոնի ճաշարաններէն մէկուն մէջ:

 

 

 

 

 

 

Այո՛, այդ համպըրկըրը իւրայատուկ պիտի ըլլայ… եւ պիտի արժէ աւելի քան 375 հազար տոլար:

Անիկա շինուած է տարրալուծարանի մէջ բազմապատկուած կովու բջիջներէ. զայն արտադրելու համար պէտք չէ եղած որեւէ անասուն մորթել: Այս պատճառով ալ անասուններու պահապան բազմաթիւ միութիւններ կը քաջալերեն այս աշխատանքները:

Սակայն, ասոր կողքին, 6 շաբաթ պէտք եղած է արտադրելու համար 140 կրամ միս: Բջիջները շատ դանդաղ կը բազմապատկուին: Սակայն, անշուշտ, ասիկա սկիզբ մըն է: Եթէ այս փորձը լաւ եւ համոզիչ արդիւնքներ տայ, կրնայ ըլլալ, որ մենք տասնեակ մը տարիներ ետք շուկայի վրայ դիւրութեամբ գտնենք այս «տարրալուծարանի միսէն»: Սակայն ի՞նչ գնով:

Ճիշդ է, որ տարրալուծարանի մէջ շինուած այս միսին առաւելութիւնը այն է, որ ան չի կարօտիր անասուններ մորթելու, սակայն անիկա չի նմանիր մեր սովորական կերած «իսկական» միսին: Անիկա մոխրագոյն է եւ ձգախէժի կերպարանք ունի: Իսկ հա՞մը… Պէտք է մենք հարցնենք անոնց, որոնք բախտը պիտի ունենան (կամ ոչ) զայն համտեսելու:

 

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

 

  • Միջին հաշուով, ամերիկացի մը իր ամբողջ կեանքին ընթացքին կ՛ուտէ ընտանեկան մեծ ինքնաշարժի մը ծանրութեամբ համպըրկըր:
  • Հին եգիպտացիները կը հաւատային, որ անձի մը հոգին կը գտնուէր անոր սրտին մէջ:
  • Ներկայի Չինաստանի մէջ կ՛ապրին 150 տարիներ առաջ ամբողջ աշխարհին մէջ ապրող բնակիչներէն աւելի մարդիկ:
  • Ողիմպիական ոսկի մետալները շինուած են աւելի քան 90 առ հարիւր արծաթէ:
  • Աշխարհի վրայ այժմ  գոյութիւն ունին աւելի քան 10 միլիոն միլիոնատէրեր:
  • Հողի որդերը 5 սիրտ ունին:
  • Արուեստագէտ մը 10 հազար ատամնակրկիտ գործածելով` շինեց 1,2 մեթր մեծութեամբ հեռավար նաւ մը:
  • Կարելի է մեղր արտադրող մեղուներ վարժեցնել` ռումբերու հոտը առնելու:
  • Անջրպետին մէջ աւելի աստղ կայ, քան երկրագունդին վրայ, աւազի հատիկ:
  • Կղէոպատրան Եգիպտոսի թագուհի դարձաւ պարմանուհիի տարիքին:
  • Փանտայի (արջակատու) աղտոտութիւններէն կարելի է թուղթ շինել:
  • Կարմիր անձրեւ տեղացած է Եւրոպայի եւ Ասիոյ կարգ մը շրջաններու մէջ:
  • Աշխարհի ամէնէն ծանր սոխը կը կշռէ մարդու մը գլուխէն աւելի:
  • Փերուի մէջ բախտաբեր կը համարուի Նոր տարուան օրը դեղին ներքնազգեստ հագուիլը:
  • Հին եգիպտացիները կապիկներ կը մարզէին` պարելու եւ երաժշտութիւն նուագելու:
  • Հարլէյ Տաւիտսոն շարժանիւ մը շինուած էր ճիշդ հսկայ համպըրկըրի մը ձեւով:
  • Մարդկային ոտքի գտնուած ամէնէն հին հետքը 350 հազար տարեկան է:
Ճամբու երթեւեկութեան լոյսերը ինքնաշարժներէն առաջ ստեղծուած են:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Չիուաուան աշխարհի վրայ շունի ամէնէն փոքր տեսակն է:
Անգլիոյ մէջ ընտանի կարմիր ձուկ մը ապրեցաւ 43 տարի:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:
Կրնա՞ս գտնել քաղցրեղէնի հասցնող ճամբան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Սեւ կէտ մը պարունակող բաժինները մատիտով ներկէ գտնելու համար պահուած պատկերը:
Կրնա՞ս ամբողջացնել եռանկիւնը` գիտնալով, որ իւրաքանչիւր շրջանակի մէջի թիւը հաւասար է անոր տակի երկու շրջանակներուն մէջի թիւերուն գումարումին:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Նազարեան Անթոյլատրելի Նկատեց Ազրպէյճանի Սպառնալիքները

Յաջորդը

Տեսակէտ – Ազատ Բեմ. Խորհրդածութիւններ Եւ Յուշեր. «Ազգային Սահմանադրութիւն Հայոց»-ի Վաւերացման 150-ամեակին Առթիւ(1)

RelatedPosts

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ
Մանկապատանեկան

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ

November 14, 2026
Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը

November 7, 2026
Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։