Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԱՐԱԶ ՕԶՊԻԼԻՍ ՈՐՈՇԵՑ ՄԱՍՆԱԿՑԻԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԼԱԹՎԻԱ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄԻՆ» Կ՛ԸՍԷ ՎԱԼԵՐԻ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ

June 16, 2011
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Արազ Օզպիլիս

«Եուրոփիըն Սփորթ Էյճընսի» ընկերութեան տնօրէն Վալերի Յովհաննիսեան «Ֆութպոլ-365» շաբաթաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ Ամսթերտամի մէջ (Հոլանտա) հանդիպում մը ունենալով Այաքսի միջնապահ Արազ Օզպիլիսի հետ անկէ ստացած է դրական պատասխան, ինչ կը վերաբերի Հայաստան – Լաթվիա ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումին անոր մասնակցութեան:

Յովհաննիսեան ըսաւ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանի հետ ունեցած իր մէկ հանդիպումէն ետք մեկնած է Ամսթերտամ եւ Օզպիլիսի հետ հանդիպում մը ունեցած:

Օզպիլիս իրեն ներկայացած այս հրաւէրը ընդունած է եւ որոշած մասնակցիլ այդ մրցումին:

Երբ հարց տրուեցաւ Յովհաննիսեանին, թէ ան ինչպէ՞ս յաջողեցաւ համոզել Օզպիլիսը, ան ըսաւ. «Անոր համոզելու պէտք չեղաւ: Պարզապէս անոր բացատրեցի, որ եթէ ան ուզէ Հոլանտայի ֆութպոլի խումբին մաս կազմել, յոյսերը շատ չնչին են դաշտ ներկայանալու համար` նկատի ունենալով, որ հիմնական կազմին մաս կազմելիք մարզիկները բազմաթիւ են»:

Անդրադառնալով Օզպիլիսի հետ իր հանդիպումին` Յովհաննիսեան ըսաւ, որ ան երբեք նիւթականի մասին չէ խօսած հաւաքականին շապիկը կրելու պարագային:

Մէջբերելով Ռուբէն Հայրապետեանի խօսքերը` Յովհաննիսեան ըսաւ, որ Խոաքին Պօղոսեան Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբին շապիկը կրելու պարագային նիւթական գումար պահանջած է ֆետերասիոնէն:

Ան եզրափակելով ըսաւ. «Կը կարծեմ, որ Լաթվիոյ դէմ տեղի ունենալիք մրցումը շատ կարեւոր պիտի ըլլայ Օզպիլիսի համար, որովհետեւ այս մրցումէն ետք է, որ ան վերջնական որոշում պիտի տայ, թէ պիտի ուզէ՞ վերջնականապէս մաս կազմել Հայաստանի»:

 

Նախորդը

ԾԱՆՐԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԱՆԳԱՐԱ

Յաջորդը

ԹԵՆԻՍ. ՍԵՐԵՆԱ ՈՒԻԼԻԸՄԶ ԴԱՍՈՒԵՑԱՒ 8-ՐԴ` ՈՒԻՄՊԸԼՏԸՆԻ ԿՐԱՆ ՇԼԵՄԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻՆ

RelatedPosts

Մարմնամարզութիւն.  Գրիշա Սարգսեան  Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց
Մարզական

Մարմնամարզութիւն. Գրիշա Սարգսեան Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց

November 24, 2026
Բռնցքամարտ.  Քէյեան Եւ Սիմոնեան  Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին
Մարզական

Բռնցքամարտ. Քէյեան Եւ Սիմոնեան Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին

November 24, 2026
Ճատրակ.  Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց.  Լեւոն Արոնեան` 14-րդ
Մարզական

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց. Լեւոն Արոնեան` 14-րդ

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.