Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հիւսուած Գորգին Ստեղծած Գորդեան Հանգոյցը

October 29, 2013
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»

Տեղին է մոռցուած էջեր վերստին թղթատել, կամ իր թաքնուած ու պահուած շտեմարանէն դուրս բերել պատմութիւն կերտած այս գորգն ու անոր ետին եղող տեղեկութիւնները:

Արդարեւ, իբրեւ երախտագիտութիւն, յարգանք եւ պարզապէս շնորհակալութիւն` ամերիկեան նպաստամատոյցին, որ Լիբանանի գիւղերէն` Ղազիրի մէջ հաստատած էր որբանոց մը, շուրջ  հարիւր դեռատի որբ աղջնակներ գործի լծուած էին ամիսներ շարունակ եւ 1924-էն 1925-ի միջեւ  հիւսած էին 18 ոտք երկարութեամբ եւ 12 ոտք լայնքով գորգ մը, որ պիտի ձօնուէր Սպիտակ տան:

Նկարազարդ է բոյսերով, ծաղիկներով եւ կենդանիներով հարուստ, Սուրբ Գիրքի Ադամի պարտէզը ներկայացնող այս գորգը հիւսուած է չորս միլիոն հանգոյցով:

Ժամանակ խլած էին այդ հանգոյցները, որոնք վստահաբար թէ՛ քրտինքի, եւ թէ արցունքի կաթիլներով խոնաւութիւն պատճառած էին: Սակայն, անոնց համար այդ կաթիլները ուրախութիւն ու հրճուանք կը ստեղծէին: Անոնք գիտէին, թէ իրենց տրամադրած ժամն ու յոգնութիւնը ապարդիւն ու անտեղի չէին, այլ ձօն մըն է ուղղուած երկրի մը, որ օժանդակած էր իրենց նման անտէր ու անտիրականներու: Արդարեւ, այդ օրերուն Միացեալ Նահանգները, յանձին բազմաթիւ գործիչներու եւ ղեկավարներու, եղած էին անդրանիկ փաստագրողները այն մասին, թէ հայ մանուկներ ենթարկուած էին հրէշային ողբերգութիւններու եւ ահաւոր բռնարարքներու: Կատարուած էր  ողջակիզում, ողջ թաղում, խեղդամահութիւն, ջրահեղձութիւն, առեւանգում, իսլամացում, քիմիական նիւթերով թունաւորում, շնչահեղձութիւն (բաղնիքներու մէջ տաք շոգիի միջոցաւ) սովամահ, ջրազրկումով մահ, բռնաբարում, աճուրդով վաճառք, հոգեկան եւ մտային մնայուն խանգարումներ եւ անշուշտ որբացում:

Այս բոլորէն քաջատեղեակ էր եւ բնականաբար տեղի ունեցածին մօտէն հետեւած էր այդ որբանոցին տնօրէնը, անկեղծ հայրութիւն կատարած զուիցերիացի գթասիրտ «Փափա» Քիւնցլերը, որուն մտայղացումն էր նմանօրինակ գործի մը պատրաստութիւնը:

Սակայն այդ անմեղ որբերն ու նոյնինքն «Փափա» Քիւնցլեր չէին երեւակայեր, թէ անհաշիւ ժամեր խլած, աչքեր յոգնեցուցած այդ չորս միլիոն հանգոյցները գրեթէ դար մը ետք պիտի վերածուէին գորդեան հանգոյցի:

Հակառակ կատարուած առաջարկներուն, ցայսօր ապահով շտեմարանի մը մէջ պահուած գորգին ցուցադրութիւնը կը մերժուի:

… Հանգոյց մը, որուն ետին բազմաթիւ հարցադրումներ կը մնան անպատասխան եւ անհասկնալի:

 

 

Նախորդը

Հայ Դատը Սպիտակ Տան Եւ Քոնկրեսին Կոչ Կ՛ուղղէ Ցուցադրելու Ցեղասպանութեան Որբերուն Գորգը

Յաջորդը

Քոսթա Պաշտօնապէս Հրաւիրուեցաւ Պրազիլի Ֆութպոլի Ազգային Խումբ

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.