Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիահայ Կեանքի Գրառումներ. Դամասկոսի Ազգային Միացեալ Վարժարանը Կը Շարունակէ Իր Առաքելութիւնը

October 29, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

 

 

 

 

 

 

1929-ին Դամասկոս հաստատուած հայերը հիմը կը դնեն Ազգային մանկապարտէզի մը` քանի մը նախնական դասարաններով, իսկ 1932-ին վարժարանի բուն հիմնաւորումը եւ վերելքը կը սկսի երբ Արմէն Մարաշլեանը (բանաստեղծ Արմէն Անոյշ) պաշտօնի կը կոչուի իբրեւ տնօրէն: Վարժարանը հետզհետէ յառաջանալով կը հասնի լրիւ նախակրթարանի աստիճանին, իսկ կրթական այս տարեշրջանին միջնակարգի առաջին հունձքը պիտի քաղէ:

Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդարանին հովանաւորութիւնը վայելող վարժարանը  2009 -2010 տարեշրջանին գործեց Դամասկոսի Մլեհա արուարձանին իր նորակառոյց շէնքին մէջ, սակայն քանի որ այդ արուարձանները դարձան բախումներու գօտի, հետեւաբար երկու տարիէ ի վեր վարժարանը վերադարձած է մայրաքաղաքի կեդրոնը համարուող  «Սալհիէ» շրջանը` «Ապետ» փողոցի վրայ իր նախկին շէնքը:

Պէտք է նշել, որ մայրաքաղաքին ապրած իրավիճակը պարտադրեց, որ որոշ արուարձաններ բնակող Միացեալի կարգ մը հայ աշակերտներ յաճախեն իրենց բնակարաններու մօտակայ վարժարանները:

 

 

 

 

 

 

 

Ներկայիս Դամասկոսի Ազգային Միացեալ վարժարան կը յաճախեն 182 աշակերտներ` մանկապարտէզ (36), նախակրթարան (89) եւ միջնակարգ (57): Յիշենք, որ ընդհանուր թիւը կ՛ընդգրկէ 45 արաբ աշակերտներ, որոնց մեծ մասը դպրոցի շրջակայքը բնակութիւն հաստատած են վերջին դէպքերու իբրեւ հետեւանք:

Վարժարանին մէջ հայերէն լեզուն կը դասաւանդուի շաբաթական 5 դասապահերով իսկ կրօնը 2 դասապահով, երեք ուսուցչուհիներու կողմէ նախակրթարանին եւ միջնակարգին, եւ երկու ուսուցչուհիներու կողմէ մանկապարտէզին:

Վարժարանը կը հետեւի Սուրիոյ կրթութեան նախարարութեան ուսումնական ծրագիրին: Որպէս օտար լեզու, մանկապարտէզը կը կիրարկէ անգլերէն լեզուն, իսկ նախակրթարանն ու միջնակարգը` անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուները:

Սուրիոյ ապրած իրավիճակին առընթեր Դամասկոսի Ազգային Միացեալ վարժարանը իր անձնակազմով եւ հոգաբարձութեան օժանդակութեամբ, նոյնպէս կանոնաւոր ձեւով կը շարունակէ օրական գոյապայքարը հայեցի կրթութիւն ապահովելու դամասկահայ աշակերտին:

Նախորդը

Հարցազրոյց Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի Հետ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը` Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 10-րդ Համաժողովին Ընդառաջ. «Միջեկեղեցական Շարժումին Մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գործօն Մասնակցութիւնը Հայ Ժողովուրդին Եւ Հայ Դատին Մատուցուած Մեծ Ծառայութիւն Է»: Ըսաւ Նարեկ Սրբազան

Յաջորդը

Ազրպէյճանը Ունի Պաշտպանութեան Նոր Նախարար. Սաֆար Ապիեւին Փոխարինեց Զաքիր Հասանովը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.