Պոլսոյ Կեզի հանրապարտէզի մէջ ցոյցերէն ետք նոր հանգրուան մուտք գործած են այն զրոյցները, թէ պէտք է եղածը շարժումի վերածել:
«Ինթըրնեթ Հապեր» կայքէջը կը հաղորդէ, որ համացանցին վրայ տարածուած տեղեկութիւնները, թէ «Կեզի» կուսակցութիւն պիտի ստեղծուի, իրականութիւն դարձած են: Թուրքիոյ մէջ արդէն «Կեզի» անունով կուսակցութիւն արձանագրուած է:
Կուսակցութեան անդամներու թիւին մասին տակաւին տեղեկութիւն չկայ: Իսկ կուսակցութեան զինանշանը ծառի նման արմատ նետած մարդու պատկերն է:
Կուսակցութեան նպատակը ուժեղ քաղաքացիական հասարակութենէն բխող ժողովրդական սահմանադրութեան ստեղծումն է:
«Կեզի»-ն իր կուսակցութեան ղեկավարը կ՛ընտրէ առաւելագոյնը երեք տարուան ժամկէտով, սակայն նոյն անձը վերընտրուելու կարելիութիւն ունի:
Յիշեցնենք, որ մայիսի վերջաւորութեան Կեզի հանրապարտէզի մէջ ծառահատումներու եւ ատոր տեղը առեւտուրի կեդրոն կառուցելու որոշումին դէմ սկսած էին ցոյցեր, որոնք փոխակերպուեցան հակակառավարական ցոյցերու:


