Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարդկութեան Պատմութենէն

October 26, 2013
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Մարդ արարածի նախահայրը երկրագունդին վրայ երեւցած է միլիոնաւոր տարիներ առաջ: Մեր նախահայրերը մեծ ճամբայ կտրած են հասնելու համար. մինչեւ ներկայի արդի մարդուն: Ահա քանի մը լուրեր մարդկութեան պատմութենէն` նախապատմական մարդէն մինչեւ արդի մարդը:

Նոր Նախահա՞յր Մը

Նոր գտնուած բրածոյ մը մեծ հարցականներ կը յառաջացնէ հնաբանութեան աշխարհին մէջ: Անիկա Վրաստանի մէջ գտնուած 1,8 միլիոն տարուան բրածոյ դարձած մարդկային գանկ մըն է: Սակայն, ըստ առաջին ուսումնասիրութիւններուն, հարցը այդքան ալ խրթին չէ:

Մեր օրերուն այլեւս մարդու մէկ տեսակ գոյութիւն ունի, հոմօ սափիէնները: Շատ հեռաւոր անցեալ գոյութիւն ունեցած են ուրիշ տեսակներ. անոնցմէ ամէնէն նշանաւորը եղած է հոմօ սափիէն նէանտերթալիսիսը, այսինքն` նէանտերթալի մարդիկը: Սակայն անոնց ցեղը անհետացած է 28000 տարիներ առաջ: Իսկ անկէ առա՞ջ: Հոս է, որ հարցը խրթին կը դառնայ: Մինչեւ հիմա գիտնականները կը կարծէին, թէ մօտաւորապէս 2 միլիոն տարիներ առաջ ապրած մարդիկը քանի մը ցեղերու բաժնուած էին (հոմօ ապիլիս, հոմօ էրկասթեր, հոմօ ռուտոլֆենսիս, հոմօ ժէորժիքուս, եւայլն): Անոնցմէ իւրաքանչիւրը միւսներէն փոքր մանրամասնութիւններով կը տարբերէին, ինչպէս` ծնօտին չափը, կամ գանկին մեծութիւնը: Սակայն նոր գտնուած բրածոն կը խանգարէ մարդկութեան ծննդաբանութեան մինչեւ հիմա ծանօթ ծառը` կտրելով անոր ճիւղերէն քանի մը հատ:

 

Ամերիկեան գիտական «Սայընս» թերթը, հոկտեմբեր 18-ին տպած է խումբ մը մասնագէտներու յօդուածը, ըստ որուն, այդ բոլոր նախապատմական մարդիկը մաս կազմած են միակ եւ նոյն ցեղի մը` հոմօ էրեքթուսին: Կերպարանքի պզտիկ տարբերութիւնները պարզապէս մարդոց միջեւ դէմքի այլազանութիւններ են: Այսինքն այդ ժամանակաշրջանին մարդիկ կրնային աւելի մեծ ակռաներ, աւելի պզտիկ գլուխ կամ աւելի ցցու՛ն ծնօտ մը ունենալ` առանց անպայման մարդու ուրիշ տեսակի մը պատկանելու: Իսկ գիտնականները ինչպէ՞ս հասած են այս եզրակացութեան: Անոնք ուսումնասիրած են Տմանիսիի մէջ, Վրաստան, գտնուած գանկ մը: Բացառաբար լաւ պահուած այս բրածոն ունի դէմքի բազմաթիւ յատկութիւններ, որոնք ընդհանրապէս կը վերագրուին մարդոց տարբեր տեսակներու: Անիկա տեսակ մը «համադրութիւնն» է այդ տարբեր տեսակներուն:

Անշուշտ բոլոր մասնագէտները նոյն կարծիքէն չեն: Սակայն պէտք է խոստվանիլ որ, հաճելի էմտածել, թէ այդքան հին ժամանակներուն մեր նախահայրերը մէկ մեծ ընտանիք մը կը կազմէին:

* * *

Հին Արուեստագէտնե՞ր

Երբ մենք մեր շուրջիններուն հարց տանք, թէ ծանօ՞թ են նշանաւոր արուեստագէտներու, առաջին անգամ մարդոց միտքը կու գան տղամարդ արուեստագէտներ: Դժբախտաբար կին արուեստագէտները նուազ ծանօթ են: Սակայն, ըստ ամերիկացի մասնագէտի մը, Տին Սնօ, որ ուսումնասիրած է քարայրներու պատերուն վրայ մեր նախահայրերուն գծագրութիւնները, մարդկութեան առաջին արուեստագէտները հաւանաբար կիներ եղած են:

Ան կը բացատրէ, որ 12-40000 տարի առաջուան ձեռքի հետքերուն 75 առ հարիւրը կը պատկանին կիներու: Հետեւաբար աներեւակայելի չէ մտածելը, թէ անոնք գծած են նաեւ վայրի ցուլի, առիւծի եւ ուրիշ անասուններու պատկերները:

Սակայն ինչպէ՞ս Տին Սնօ հասած է այս եզրակացութեան: Ան յատուկ թեքնիք մը գործածելով` մատներուն երկարութիւնը բաղդատած է իրարու հետ: Ան արդէն 2009 թուականին նուազ ուսումնասիրութիւններ ըրած է, սակայն` քննելով միայն 6 հետքեր: Այս անգամ ան ուսումնասիրած է 32 հետքեր` ֆրանսական եւ սպանական քարայրներուն մէջ, ուր կարելի է գտնել պատի վրայի գծագրութեան արուեստի ամէնէն հին հետքերը (մինչեւ 40000 տարիներ առաջ): Եզրակացութիւն, անոնցմէ 24-ը կիներու ձեռքեր են, 5-ը` պատանի տղոց, եւ միայն 3-ը` չափահաս այր մարդերու:

* * *

Նախապատմական Լեզո՞ւ

Ի՞նչ լեզու կը խօսէին նախապատմական մարդիկը 4-6000 տարի առաջ, Եւրոպայի եւ Ասիոյ շրջաններուն մէջ: Պատասխան` Փրոթօ-հնդկա-եւրոպացիներէն: Հաւանաբար ասիկա եղած է նախահայրը ներկայի բոլոր հնդեւրոպական լեզուներուն, ինչպէս` անգլերէնը, պարսկերէնը, հինտին, շուէտերէնը կամ ֆրանսերէնը: Սակայն ասիկա հին տեղեկութիւն մըն է. 19-րդ դարէն արդէն լեզուաբանները իրարու հետ բաղդատած են ամէնէն հին լեզուները, որոնք գրուած հետքեր ձգած են (սանսկրիտ, յունարէն, լատիներէն, եւ այլն)` գտնելու համար անոնց նմանութիւնները: 1868-ին գերմանացի Օկիւսթ Շլայշըր երեւակայացած է պզտիկ հեքիաթ մը` գործածելով այս վերակազմուած նախապատմական բառապաշարով:

Այդ ժամանակէն ի վեր այս գրութիւնը հարստացած է լեզուաբաններուն բերած նոր տեղեկութիւններով: Այս բարբարոս բառերուն հնչիւնն ալ նրբացուած է: Այս ձեւով, քենթաքիի համալսարանէն լեզուաբան Անտրու Պայրտ կրցած է արձանագրել Շլայշըրի հեքիաթին ամէնէն նոր եւ բարելաւուած տարբերակը:

 

10 Միլիառ Մարդ` 2050 Թուականին

200 տարուան ընթացքին աշխարհի բնակչութեան թիւը 7-ով բազմապատկուած է, եւ հասած` 7,14 միլիառ բնակիչի, 2013 թուականին: Այս բնակչութեան կէսէն աւելին կ՛ապրի 6 երկիրներու մէջ: Չինաստան, Հնդկաստան, Միացեալ Նահանգներ, Ինտոնեզիա, Պրազիլ, Փաքիստան. ահա շարքով` աշխարհի ամէնէն շատ բնակչութիւն ունեցող 6 երկիրները, որոնք միասնաբար ունին 3,59 միլիառ բնակիչ:

12 տարուան ժամանակամիջոց մըն է, 1999-2011, որ աշխարհի բնակչութեան թիւը 6-էն հասած է 7 միլիառի: Իսկ 2050 թուականին այդ թիւը պէտք է մօտենայ 10 միլիառի: Այդ ժամանակ Հնդկաստանը անցած պիտի ըլլայ Չինաստանին, եւ դարձած` աշխարհի ամէնէն շատ բնակիչ ունեցող երկիրը իր 1,66 միլիառ բնակիչներով:

Ափրիկէն պիտի խլէ առաջին կարգերը. Նիկերիա 3-րդ ամէնէն շատ բնակիչ ունեցող երկիրը 2050 թուականին պիտի ունենայ 444 միլիոն բնակիչ. Քոնկոյի Ժողովրդավար Հանրապետութիւնը` 9-րդը, 2050-ին  պիտի ունենայ 182 միլիոն բնակիչ, իսկ Եթովպիան` 10-րդը, 178 միլիառ բնակիչ, 2050 թուականին: Ընդամէնը ցամաքամասը պիտի ընդգրկէ աշխարհի բնակչութեան մէկ չորրորդը:

 

Աշխարհին Շուրջ

Մայիս ամսուն 5 տարեկան Թոպի դպրոցէն տուն կը բերէ պատմութեան գիրք մը` «Նամակ մը Նոր Զելանտային»:

Մօր հետ գիրքը կարդալէ ետք, ան իր մօր կը հարցնէ, թէ ինք ալ կրնա՞յ նամակ մը գրել Նոր Զելանտային: Մինչ մայրը շուարած կը մտածէր, թէ ի՛նչ կրնար պատասխանել իր տղուն, Թոպի կը հարցնէ, որ կրնա՞յ նամակ գրել ամբողջ աշխարհին:

Այդ օրէն ի վեր Թոպի գրած է 187 երկիրներու եւ ստացած` 66 պատասխան: Սակայն Թոպի չ՛ուզեր հոս կանգ առնել: Ան կ՛ուզէ նաեւ ձեւ մը գտնել` օգնելու այն մարդոց, որոնց ծանօթացած է իր նամակներուն միջոցով:

Թոպի կ՛ուզէ աշխարհը «աւելի լաւ վայր» մը դարձնել:

 

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

100 տոլարնոց դրամանիշին վրայի ժամացոյցը կը նշէ ժամը 4:10-ը:
Քրէյոլա մոմէ մատիտներուն մէջ կարելի է գտնել կարմիր գոյնի 29 տարբեր երանգներ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Յօրանջ մը միջին հաշուով կը տեւէ մօտաւորապէս 6 երկվայրկեան:
Ծովու մէջ սուզուողները կրնան քարտեր եւ նամակներ ղրկել` զանոնք նետելով Ճափոնի ջուրերուն մէջ, 10 մեթր խորութեան գտնուող նամակատուփի մը մէջ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

  • Ամէնէն փայլուն լոյսը կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու Նեվատա նահանգի Լաս Վեկաս քաղաքին պանդոկներէն մէկուն վրայ, որ կը տեսնուի 402 քմ. բարձրութեամբ թռչող օդանաւներէն:
  • Մեղրը բնաւ չ՛աւրուիր:
  • Ջղջիկները միակ ստնաւոր անասուններն են, որոնք կը թռչին:
  • Գրագէտները ժամանակին հացի միջուկի մնացորդներ կը գործածէին իբրեւ ռետին` մատիտով գրուած իրենց սխալները սրբագրելու համար:
  • Հաուայի մէջ գոյութիւն ունի ջրվէժ մը, որուն  ջուրերը երբեմն դէպի վեր կ՛ելլեն` դէպի վար հոսելու փոխարէն:
  • Եթէ մարախները մարդոց հասակը ունենային, անոնք պիտի կարենային ցատկել պասքեթպոլի դաշտի մը հեռաւորութեան:
  • Մարդ մը ինքզինքին արձանը շինեց` գործածելով իր անձնական մազերը, ակռաները եւ եղունգները:
  • Ձիերը կը վազեն իրենց ոտքին առջեւի բաժինին վրայ:
  • Կարելի է, որ շանաձուկ մը լսէ ձուկի մը սրտի զարկերը անոր վրայ յարձակելէ առաջ:
  • Կարգ մը ձուկեր կրնան ցամաքի վրայ քալել:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել շունիկին ճաշի տուփին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ինը տարբերութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու շնիկները:
Կրնա՞ս ամբողջացնել տախտակը` գտնելով իւրաքանչիւր թիւի համապատասխան տեղը:
Նախորդը

50 Տարի Առաջ (26 Հոկտեմբեր 1963)

Յաջորդը

Հայերէն Ընթերցողի Նորագոյն «Ցանկութիւնները»

RelatedPosts

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ
Մանկապատանեկան

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ

November 14, 2026
Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը

November 7, 2026
Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։