Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԴԱՆԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ԾԱՌԱՏՆԿՈՒՄ` ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՄԷՋ

June 15, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Դեսպան Քրիսթընսըն եւ քաղաքապետ Մսըրլեան` ՀՄԸՄ-ի սկաուտներով շրջապատուած

Լիբանանի մէջ Դանիոյ մշակոյթի շաբթուան ծիրին մէջ, երէկ` երեքշաբթի, 14 յունիսի յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, ՔԱՀԼ-ի դիմացի պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ ծառատնկում` Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ Լիբանանի մէջ Դանիոյ դեսպանատան միջեւ կայացած գործակցութեան իբրեւ արդիւնք:

Այս առիթով խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Դանիոյ դեսպան Ժան Թոփ Քրիսթընսըն, որ անդրադարձաւ իրեն համար Պուրճ Համուտի ունեցած ուրոյն արժէքին եւ իւրայատկութիւններուն` յայտնելով, որ երբ կանաչապատման ծիրին մէջ ծրագրուած է ծառատնկում կատարել, ինք յարմար նկատած է այդ աշխատանքը իրականացնել Պուրճ Համուտի մէջ` անոր գեղեցկացման եւ օդի մաքրութեան նպաստելու նպատակով: Դեսպանը լուսարձակի տակ առաւ Հայաստանի եւ Դանիոյ, ինչպէս նաեւ երկու ժողովուրդներուն միջեւ առկայ դրական եւ սերտ յարաբերութիւնները, որոնց արմատները բաւական հին են եւ կը հասնին մինչեւ Հայոց ցեղասպանութիւն: Արդարեւ, դանիացիները օժանդակութեան ձեռք երկարեցին Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրածներուն` փորձելով ապրուստի աւելի տանելի պայմաններ ստեղծել անոնց համար, նշեց դեսպան Քրիսթընսըն: Ան նշեց, որ իրեն համար մեծ ուրախութիւն է տեսնել ծառին աճն ու բարձրացումը ամէն անգամ որ առիթ ունենայ Պուրճ Համուտէն անցնելու:

Դեսպանը խօսեցաւ նաեւ Դանիոյ մէջ որդեգրուած կանաչապատման քաղաքականութեան մասին, որ շատ կարեւոր է աւելի լաւ ընկերութիւն եւ միջավայր ստեղծելու համար` յոյս յայտնելով, որ Լիբանան եւս այս իմաստով աշխատանք տանի: Ան ուրախութիւն ու գոհունակութիւն յայտնեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հետ իրականացած այս ծրագիրին համար` նշելով, որ ուրբաթ օր նոյն ժամուն «Հեծանիւի օր» տեղի պիտի ունենայ եւ մասնակիցները, որոնց կարգին հիմնականօրէն ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի սկաուտները, հեծանիւերով պիտի ուղղուին Պուրճ Համուտէն Պէյրութ` քաջալերելով կենսոլորտի պահպանումը, ապականման նուազումը:

Նելլի Վեքիլեան

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան անունով խօսք առաւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Նելլի Վեքիլեան, որ անդրադարձաւ բաւական հին պատմութիւն ունեցող հայերու եւ դանիացիներու յարաբերութիւններուն, որոնք առկայ էին 1900 թուականներէն` նշելով, որ «Նիր իսթ ռիլիֆ» կազմակերպութիւնը Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրածներուն կողքին կանգնող հիմնական կառոյցն էր: Ն. Վեքիլեան յիշեց նաեւ Մարիա Ճեքըպսընի եւ Քարէն Եփփէի տարած նուիրական աշխատանքները` հայ որբերուն եւ մանուկներուն ֆիզիքական ու մտային հոգատարութիւն ապահովելու իմաստով:

Ն. Վեքիլեան ցանուած ծառը այս յարաբերութիւններու շօշափելի արտայայտութիւնն ու դրսեւորումը նկատեց` Պուրճ Համուտի մէջ արտացոլացող` աւելցնելով, որ այս նախաձեռնութիւնը նաեւ լաւագոյնս կը ծառայէ կանաչ միջավայր մը ստեղծելու նպատակին:

Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց այս նախաձեռնութեան եւ համագործակցութեան համար:

Ապա Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան եւ Դանիոյ դեսպան Ժան Թոփ Քրիսթընսըն կատարեցին ծառատնկումը:

Նշենք, որ այս ծրագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի սկաուտները:

Նախորդը

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵԹՈՎՊԻՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Յաջորդը

ՎԱՐԴԳԷՍ ԵՒ ՄԱԿԻ ՄԱՀՏԵՍԵԱՆ ԱՄՈԼԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ «ԱԶԴԱԿ»

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.