Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թուրքիան Պէտք Է Վերադարձնէ Հայոց Եկեղեցիները Իրենց Իրաւատիրոջ` Հայ Ժողովուրդին» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս Պրիւքսէյլի Համագումարին

October 23, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իր խօսքը ուղղելով Պրիւքսէլի մէջ օտար մասնագէտներու ու քաղաքական ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցող Եւրոպայի Հայոց Գ. համագումարին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս շեշտեց թուրք պետութեան կողմէ գրաւուած հայոց եկեղեցիները հայ ժողովուրդին վերադարձնելու պահանջքը: Վեհափառ հայրապետը լայնօրէն անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ` «Հայ դատը սկսած է տարբեր մօտեցում, շեշտաւորում ու առաջնահերթութիւն ստանալ վերջին տարիներու ընթացքին»: Ան յիշեց Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին եւ Ֆրանսայի խորհրդարանին մօտեցումները, ինչպէս նաեւ տակաւ բազմացող թուրք մտաւորականներու արտայայտութիւնները` ի խնդիր Ցեղասպանութեան ճանաչման: Այս բոլորի լոյսին տակ Վեհափառը ըսաւ.  «Ռազմավարական ու մարտավարական նոր մօտեցումներ հարկ է որդեգրել, նոր զարգացումներու լոյսին տակ»:

Ապա ան անդրադարձաւ միջազգային օրէնքին պարզած թէ՛ դժուարութիւններուն, եւ թէ կարելիութիւններուն: Այս ծիրին մէջ կաթողիկոսը ըսաւ, թէ` «հակառակ այն իրողութեան որ 1948-ին Ցեղասպանութիւնը որպէս օրէնքի սահմանում մուտք գործեց միջազգային օրէնքին մէջ, սակայն ազգ մը ոչնչացնելու Օսմանեան Թուրքիոյ ծրագիրը միջազգային օրէնքի տուեալներով կը նկատուի Ցեղասպանութիւն»: Մեկնելով այս իրողութենէն` Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ, թէ «Ցեղասպանութիւնը ոճիր է մարդկութեան դէմ եւ հետեւաբար ցեղասպանը պէտք է պատժուի եւ հատուցում տայ Ցեղասպանութեան զոհուածներու յաջորդներուն»:

Խօսելով միջազգային օրէնքի տուեալներուն մասին` վեհափառ հայրապետը շեշտեց հատուցման առաջնահերթութիւն տալու հրամայականը. «Հայ ժողովուրդը հսկայ կալուածներ, նիւթական, մշակութային ու հոգեւոր հսկայ հարստութիւն թողած է Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ մէջ: Անոնք Թուրքիոյ սահմանումով «լքուած» կալուածներ չեն կրնար նկատուիլ: Մէկուկէս միլիոն հայեր ջարդուեցան, իսկ մնացեալ հայերը պարտադրաբար աքսորուեցան` իրենց ետին ձգելով իրենց ինչքերը: Հետեւաբար այդ կալուածներու ու ինչքերու իրաւատէրը հայ ժողովուրդն է` միջազգային օրէնքներու տուեալներու լոյսին տակ», ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոս:

Այս ծիրին մէջ նորին սրբութիւնը յատկապէս անդրադարձաւ հայոց եկեղեցիներուն, ու ըսաւ. «Յստակ տուեալներու համաձայն, շուրջ 2000 եկեղեցիներ եւ ուխտավայրեր ունեցած է հայ ժողովուրդը Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ մէջ: Անոնցմէ ոմանք քանդուած են, ուրիշներ մզկիթի, ախոռի, ճաշարանի, թանգարանի եւ այլ հանրային վայրերու վերածուած: Միթէ Թուրքիան կրնա՞յ ուրանալ, որ այսօր այլապէս գործածուող եկեղեցիները հայ ժողովուրդի պատկանող եկեղեցիներ եղած են»:

Ապա վեհափառ հայրապետը  ըսաւ. «Ինչո՞ւ Թուրքիոյ վարչապետը լուռ կը մնայ, երբ իրեն ուղղած մեր նամակին մէջ այս մասին անդրադարձանք: Ինչո՞ւ Թուրքիոյ կառավարութիւնը լուռ կը մնայ երկու վեհափառ հայրապետներու միացեալ կոչին` ճանչնալու Ցեղասպանութիւնը, հատուցում տալու հայ ժողովուրդին ու վերադարձնելու հայոց եկեղեցիները»:

Վեհափառ հայրապետը իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Եթէ Թուրքիան նախանձախնդիր է մարդկային իրաւունքներու նկատմամբ,  եթէ Թուրքիան կը հաւատայ կրօններու, մշակոյթներու ու ազգերու խաղաղ գոյակցութեան, հայ ժողովուրդին արդար իրաւունքներու նկատմամբ գործնական առաջին քայլ մը կրնայ առնել  վերադարձնելով հայոց եկեղեցիները»:

Յայտնենք, որ Ցեղասպանութեան գծով համագումարին իրենց խօսքը ուղղեցին շարք մը օտար հանրածանօթ մասնագէտներ:

Նախորդը

Թուրքիայում Ամէն 1000 Մարդուց Միայն Մէկն Է Հայ, Հրեայ Կամ Յոյն, Իսկ 1913-ին 5-ից Մէկն Էր

Յաջորդը

Ակնածանքով. Կարպիս Սուրէնեանի Շարունակուող Ներկայութիւնը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.