Թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամի «Մարդկութեան դէմ երիտասարդ թուրքերու կատարած յանցագործութիւնը. Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ ցեղային զտումները Օսմանեան կայսրութեան մէջ («The Young Turk՛s Crime Against Humanity: The Armenian Genocide and Ethnic Cleansing in the Ottoman Empire») աշխատութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի ուսումնասիրութիւններու միութեան (Middle East Studies Association, MESA) կողմէ ընտրուած է 2013-ի լաւագոյն գիրքը:
Ըստ թրքական «Թարաֆ» թերթին, մրցանակը Աքչամին յանձնած են յայտնի պատմագէտներ Վահագն Տատրեան եւ Ռիչըրտ Յովհաննէսեան: Միութիւնը հետեւեալը ըսած է Աքչամի աշխատութեան մասին. «Այս գործը Հայոց ցեղասպանութեան մասին ցարդ կատարուած ամէնէն ազդու գիտական աշխատութիւնն է»:
Իր կարգին, Աքչամ ըսած է. «Մրցանակ շնորհելով Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած այս գիրքին` MESA-ն հաւանաբար էջ մը կը փակէ Օսմանեան պատմագրութեան շրջանի մը վրայ»:
