Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Սիրոյ Բաժակը Եւ Քրիստոսի Մտրակը

October 22, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐՈՒԺԱՆ Դ.

Հայ եկեղեցին, իր դարաւոր պատմութեան ընթացքին, մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ արձանագրած է ամէնէն լուսաւոր էջերը հայ մշակոյթի պահպանման ու զարգացման մէջ, որոնք ողնասիւնն են ժողովուրդի գոյատեւման: Այդ մաքուր ու առողջ մթնոլորտին մէջ ապահոված է ժողովուրդի առողջ հոգին եւ ամրակուռ երթը` իր դիմագրաւած ամէնէն դժնդակ ու մահացու պայմաններուն տակ: Եկեղեցին, որ ժողովուրդն իսկ է, առողջ է, երբ ժողովուրդը առողջ է, ամուր է, երբ ժողովուրդը ամուր է: Նուիրեալ հոգեւորականները կոչուած են միայն հսկիչը, քաջալերողն ու ջատագովը ըլլալու այդ առողջութեան եւ ամրութեան: Եկեղեցին եւս, իր կարգին, ապրած է առաւել կամ նուազ ծաղկուն օրեր ու տարիներ: Տաք ու պաղ օրեր ու տարիներ: Ունեցած է առաւել կամ նուազ երախտարժան հայրեր: Դիմագրաւած է ներքին տագնապներ ու… տարակարծութիւններ: Բայց վճռորոշ պահուն եկեղեցին` միացեալ ճիգերով եղած է ժողովուրդին հետ, նոյնիսկ` նահատակութեան զոհասեղանին վրայ:

Ի՞նչ է պատկերը այսօր:

Ցեղասպանութեամբ ստեղծուած սփիւռքը, մօտ հարիւր տարիներու ընթացքին, եկեղեցւոյ հովանիին տակ եւ ամէնէն դժուարին պայմաններու մէջ շարունակեց իր աշխատանքն ու երթը: Այդ սփիւռքը, մանաւանդ` Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներուն մէջ, վտանգաւոր ու վախազդու պայմաններու տակ կը շարունակէ իր գոյապայքարը, իսկ արեւմտեան երկիրներու համեմատաբար խաղաղ պայմաններու ցրուածութեան մէջ ճիգ մը կայ թէեւ, բայց տեղատուութիւնը ակներեւ է:

Հայրենի ժողովուրդը, որուն արգիլուեցաւ  եկեղեցւոյ հովանին անցնող եօթանասունամեակ մը շարունակ, հոգեպէս սպառազինելու առիթը չունեցաւ, բայց կը հաւատանք, որ ամենադոյզն աշխատանքը, ճիգն ու քաջալերանքը բաւարար պիտի ըլլային մնալու իր հոգեկան արժէքներու բարձունքին:

Մեր ժողովուրդի այս վիճակը պարտաւորեցնող իրավիճակ է: Եւ առաջինը, որ պարտաւորութեան տակ կը մտնէ, եկեղեցին է: Եկեղեցին` որպէս հայր, որպէս մայր: Իրաւ հովիւ եւ բարի սամարացի:

Եկեղեցին իր չորս նուիրապետական Ս. Աթոռներով այսօր կոչուած է մոռնալու ամէն տեսակի տարակարծութիւն եւ միացեալ ուժով աշխատելու, որ իր հովանաւորած ժողովուրդը վերագտնէ իր դիմագիծը, իր հոգին` սպառազինուելու եւ պայքարելու համար երեւելի եւ աներեւոյթ թշնամիներու դէմ:

Եղիվարդ գրականութեան համար կը սահմանէ. «Գերագահութեամբ ձգտումներ այս գետնին վրայ միայն վնասակար կրնան դառնալ եւ պատճառ` ուժերու աւելորդ վատնումին, ստեղծելով ժամավաճառութիւն, հարազատ նիւթէն, մեր ժողովուրդի օգուտէն, շեղեցնելով ամէն տաղանդ եւ աշխատաւոր: Հանգանակներով, վէճերով, յաւակնութիւններով արուեստ, հոգի, յաղթանակ կարելի չէ ապահովել գրականութեան համար»: Նոյնը կարելի է ըսել եկեղեցւոյ համար:

Մեր նուիրապետական Ս. Աթոռները, ըլլալով հանդերձ վարչական ինքնավար կեդրոններ, պարտաւոր են հաշուի առնել, որ ի հոգեւորս մէկ են եւ այդ մէկութեան հասկացողութեամբ պէտք է ծառայեն ժողովուրդին` առողջ ժողովականութեան կարգով:

Հռոմի հսկայ եկեղեցւոյ նորընտիր պապը իր առաջին ելոյթներէն մէկուն ընթացքին կը շեշտէր, որ` «կազմակերպուին եպիսկոպոսական ժողովները ներդաշնակօրէն Հռոմի եպիսկոպոսի նախամեծարութեան հետ եւ եկեղեցին աճի ժողովականութեամբ»: Ժողովականութիւն` իր իսկական իմաստով: Ժողովականութիւն` ազատ մտածողութեամբ ու ազատ խօսքով: Ժողովականութիւն` հիմնուած աստուածային սիրոյ եւ ազգային շահերու վրայ: Ժողովականութիւն, որ օրինակ հանդիսանայ աշխարհական կարգերուն եւս:

Նման ժողովական կարգ մը սեղանին վրայ պէտք է բերէ այն այժմէական  ու անժամանցելի խնդիրները, որոնք կը ծառանան եկեղեցւոյ դէմ եւ սպառնալիք են: Եւ ժողովական խօսքին անմիջապէս պէտք է յաջորդէ գործը: Այսպէս.

ա. Աղանդաւորներու հեղեղ մը նշմարելի է հայրենի ժողովուրդին մէջ: Այո՛, հազարաւոր ընտանիքներ փախուստ կու տան մայր եկեղեցիէն` մտնելու համար ծոցը այլասերող աղանդներու:

բ. Հայաստանէն ջուրի պէս հարիւր հազարաւորներու դէպի անորոշութիւն, դէպի ձուլում  վազող հոսք  մը կայ:

գ. Ժողովուրդը աղքատութեան մէջ կը հիւծի:

դ. Ընկերային կեանքը ահաւոր անկումի մէջ է: Օրական անձնասպանական պարագաներ կ՛արձանագրուին:

ե. Ընտանիքի պատկերը աղաւաղուած է, անբարոյութիւն, ամուսնալուծում եւ այլ մթաստուեր երեւոյթներ կը բազմանան: Եկեղեցին ի՞նչ կ՛ընէ:

Եկեղեցին ի՞նչ կ՛ընէ, ԱՐՄԱՏԱՊԷՍ ի՞նչ կ՛ընէ:

Արդե՞օք եկեղեցին մոռցած է իր բուն պատասխանատուութիւնը, քրիստոնէական եւ հայկական աւանդներէն բխող պարտականութիւնը: Ժողովուրդին հետ ըլլալու, ժողովուրդին ծառայելու պարտականութիւնը:

Ասոնք հարցեր են, որոնք առողջ ժողովականութեամբ, առողջ եւ անմիջական լուծումի կը կարօտին:

Վստահաբար նուիրապետական չորս Ս. Աթոռներու անկեղծ ու սերտ գործակցութեամբ եւ լծակցութեամբ բոլոր միաբաններուն ու հոգեւոր դասուն, կարելի է  բարենպաստ ու յուսալից պայմաններ ստեղծել ամէն տեղ, ուր Հայ եկեղեցւոյ անդամ մը կ՛ապրի…

Աստուծոյ սիրոյն եւ մեր տառապած ու տառապող ժողովուրդին պտղունց մը բարիքին ի խնդիր` ստեղծենք եղբայրական ու համերաշխ մէկ երդիք` աստուածահաճոյ եւ ազգաշէն: Աշխատինք ամբողջ հոգեւորականութեամբ ո՛չ անձնական` անանձնական ուրախութիւնը մեր ժողովուրդին մէջ վերահաստատել այդ երդիքին տակ: Ու այդ երդիքին տակ անկարգութիւն յառաջացնողներուն դէմ միա՛յն գործածենք Քրիստոսի ՄՏՐԱԿԸ, անշուշտ երբ ՍԻՐՈՅ ԲԱԺԱԿԸ յորդի…

Չմոռնալ, որ իրաւ ու պարզ հոգեւորականը` իրա՛ւ հովիւն է, կամ իրաւ հովիւը իրաւ ու պարզ հոգեւորակա՛նն է (հմ Յհ 10.11):

 

 

Նախորդը

ՕԹԱՆ-ի Յատուկ Ներկայացուցիչը` Ղարաբաղի, Հայաստանի Եւ Ռուսիոյ Յարաբերութիւններու Ու Դաշինքի Բաց Դռներու Մասին

Յաջորդը

Պարոյր Սեւակի Մահուան 40-ամեակ. Ինչպէ՞ս Ծնուեց «Սեւակ» Ծածկանունը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.