Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արդարադատութեան Նախարարութեան Տուեալները Կը Բացայայտեն, Որ Ազրպէյճանը Միլիոններ Կը Վճարէ Ամերիկեան Ընկերութիւններուն

October 21, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Քարիւղի միլիառաւոր տոլարներու մէջ լողացող, սակայն բարոյականութենէն զուրկ Ազրպէյճան զբաղած է հսկայական գումարներ բաժնելով բոլոր անոնց, որոնք պատրաստ են ուշադրութիւն դարձնելու իր քարոզչութեան:

Պաքուի կաշառակերութեան գծապատկերը, որ ամբողջ աշխարհի մէջ յայտնի է իբրեւ «խաւիարային դիւանագիտութիւն», այժմ ալ իր թակարդի մէջ առած է Ուաշինկթընի ազդեցիկ վերնախաւը: Ըստ երեւոյթին, պակասը չի զգացուիր ամերիկացիներու, որոնք պատրաստ են իրենց հոգիները ծախելու որեւէ գումարի համար: Ազրպէյճանը, իբրեւ լոպիինկի ասպարէզի մէջ նորելուկ, արագօրէն սորվեցաւ այդ ոլորտի հնարքները իր «աւագ եղբայր» Թուրքիայէն` քաղաքական խաբէութեան քաջատեղեակ վարպետէն:

Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութեան կայքէջը կը հրապարակէ տասնմէկ ամերիկեան ընկերութիւններու անուններ եւ գումարներ, որոնք վճարուած են ազրպէյճանական տարբեր մարմիններուն կողմէն.

– Ուաշինկթընի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատունը ամսական 35 հազար տոլար կը վճարէ «Փաթոն պոկս» ընկերութեան` «Միացեալ Նահանգներ- Ազրպէյճան երկկողմ յարաբերութիւններու վերաբերեալ խորհրդատուութեան եւ աջակցութեան համար», ամսական 18.3 հազար տոլար «Մելվուտ քոմունիքէյշնս» ընկերութեան` «Լրատուամիջոցներու եւ հեռահաղորդակցութեան ռազմավարութեան» աջակցելու համար, ամսական 20 հազար տոլար «Տի. Սի. Այ. կրուփ»-ին` «Հանրային կապերու եւ լրատուական քարոզչութեան, ինչպէս նաեւ վերլուծական կեդրոններու հետ յարաբերութիւններու ստեղծման» համար, եւ ամսական 45 հազար տոլար «Տը Փոտեսթա կրուփ»-ին` հանրային կապերու իրականացման համար:

– «Տը Լիվինկսթոն կրուփ»-ը, որ կը կրէ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախկին նախագահ Պոր Լիվինկսթոնին անունը, որ իր պաշտօնը լքած է խայտառակ ձեւով, մինչ այժմ ստացած է 2 միլիոն տոլար` Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան անունով  լոպիիստական գործունէութիւն իրականացնելու համար:

– Ազրպէյճանի միջազգային դրամատունը «Ճեֆըրսըն Ուոթըրման ինթըրնեշընըլ»-ին ամսական 25 հազար տոլար կը վճարէ` «Ամերիկեան հաստատութիւններու հետ յարաբերութիւններու զարգացման» եւ «Լրատուամիջոցներու հետ կապերու ռազմավարութեան» համար: Նշուած ընկերութիւնը ամսական կը ստանայ եւս 25 հազար տոլար «Ազրպէյճանի նախագահութենէն»` լրատուական ռազմավարութեան խորհրդատուութեան համար: Ազրպէյճանի միջազգային դրամատան բաժնետոմսերուն 51 տոկոսը կը պատկանի Ազրպէյճանի տնտեսութեան նախարարութեան:

– Ազրպէյճանի ամերիկեան դաշինքը «Ֆապիանի էնտ քոմփընի» ընկերութեան ցարդ վճարած է 2.4 միլիոն տոլար` «Ռազմավարութիւններու ծրագրաւորման եւ իրականացման համար` ազրպէյճանական ժողովուրդի, երկրի, մշակոյթի եւ միջազգային կապերու մասին հետազօտութիւններ եւ շահերու պաշտպանութիւն խրախուսելու նպատակով»: Վերջերս Ուաշինկթընի մէջ Ազրպէյճանի ամերիկեան դաշինքի կազմակերպած ճաշկերոյթին կը մասնակցէին 700 հիւրեր, որոնց շարքին էին` Օպամայի վարչամեքենայի պաշտօնատարներ, Քոնկրեսի անդամներ եւ օտար դիւանագէտներ: Խնճոյքին ներկայ էին նաեւ հայկական հարցերու ընդդիմախօս տխրահռչակ քոնկրեսականներ, անոնց շարքին` ծերակուտականներ Սաքսպի Չեմպլիս եւ Ռիչըրտ Պըր, Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Ճոն Պոեհնթր եւ նախկին քոնկրեսական Տեն Պարթըն:

– «Ռոպերթի Ուայթ» սահմանափակ պատասխանատուութեամբ ընկերութեան (ՍՊԸ) ամսական 20.9 հազար տոլար վճարուած է Միացեալ Նահանգներու «Սոքար»-ի` Ազրպէյճանի պետական քարիւղի ընկերութեան ամերիկեան դուստր ընկերութեան կողմէն` Միացեալ Նահանգներու մէջ գործարարական  կարելիութիւնները ուսումնասիրելու համար:

– Քանի որ դրամի պակաս չկայ, նոյնիսկ Լոս Անճելըսի մէջ Ազրպէյճանի հիւպատոսութիւնը կրնայ ինքնիրեն թոյլ տալ վարձել հասարակութեան հետ կապերու իր սեփական ընկերութիւնը: Տարիներու ընթացքին ան օգտուած է «Սիթրիք էնտ քոմփընի» ընկերութեան (տարեկան 50 հազար տոլար), «Թուլշետ կրուփ»-ի (35 հազար տոլար), որ հիմնադրուած է Ամերիկայի Հրէական կոմիտէի հասարակութեան հետ կապերու նախկին տնօրէն Ճէյսըն Կացի կողմէ, եւ «Փոթոմաք սքուէր կրուփ»-ի (գումարը չէ բացայայտուած) ծառայութիւններէն` «լրատուական քարոզչութիւն® եւ խմբագիրներու հետ համագործակցութիւն ապահովելու համար»:

Այժմ ի յայտ եկած է նախկին այլ քոնկրեսական մը, որ Ազրպէյճանի ամենակարող տոլարներուն հետապնդման լծուած է: Նիւ Եորքի նախկին քոնկրեսական Մայքլ Մաքմահըն կը զբաղի այսպէս կոչուած հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութեան (տարածք մը, որ ճանչցուած է միայն զայն բռնագրաւած պետութեան` Թուրքիոյ կողմէ) հանրային կապերով եւ պետական յարաբերութիւններով: Մաքմահընը, որ մինչեւ 2010 թուականի իր պարտութիւնը ծառայած է Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին, կը գլխաւորէ լոպիիստական աշխատանքները Նիւ Եորքի «Հերիք, Ֆայնշտէյն»  ընկերութեան անունով, որ շահած է տարեկան 200 հազար տոլարի պայմանագիր` դէպի բռնագրաւուած հիւսիսային Կիպրոս քոնկրեսական այցելութիւններ կազմակերպելու եւ լրատուամիջոցներով անոր հանրային վարկանիշը բարելաւելու նպատակով: Մաքմահըն նաեւ զբաղած է Նիւ Եորք Քաղաքի մէջ Թուրքիոյ ընդարձակուող հիւպատոսութեան զարգացմամբ եւ շինարարութեամբ:

Հետեւաբար զարմանալի չէ, որ Մաքմահընի անունը անցեալ շաբաթ ջուրի երես ելաւ` փորձելով օրինականացնել նախագահ Իլհամ Ալիեւի կեղծուած վերընտրութիւնը, ուր ան հաւաքած էր քուէներուն 85 տոկոսը, մինչդեռ անոր ինը մրցակիցները միասին ստացած էին մնացած 15 տոկոսը:

Հակառակ անոր որ միջազգային դէտերը կը քննադատէին Ալիեւի վերընտրութիւնը` իբրեւ «անարդար եւ կեղծիքներով լի», «Նիւ Եորք Թայմզ»-ը` մէջբերելով Մաքմահոնը, կը նշէ, որ ընտրութիւնները եղած են` «Ազնիւ, արդար եւ իրօք արդիւնաւէտ: Այնտեղ աւելի կարճ էր կարգի սպասողներու շարքը, քան` Միացեալ Նահանգներու մէջ, եւ վիճելի քուէաթերթիկներ չկային», ինչ որ պատահեցաւ Ֆլորիտայի մէջ 2000 թուականի Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին:

Վրդովեցուցիչ է, որ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ը դարձած է Մաքմահընին զոհը` որոշելով կեղծուած ընտրութիւններուն մասին իր յօդուածը վերնագրել «Դէտերը տարակարծիք են Ազրպէյճանի մէջ ընտրութիւններու արդարութեան վերաբերեալ»: Այսպիսով, «Թայմզ»-ը անձի մը ազրպէյճանամէտ քարոզչութիւնը հաւասարեցուցած է համատարած խարդախութիւններու ճնշող ապացոյցներուն հետ` հաստատուած այնպիսի հեղինակաւոր միջազգային դէտերու կողմէ, ինչպիսին է Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութիւնը (ԵԱՀԿ): Բարեբախտաբար «Թայմզ»-ը մատնանշած է, որ` «կը թուի, թէ գնահատականներուն տարբերութիւնը կ’արտացոլացնէ Ալիեւի կառավարութեան հակասական լոպիստական ջանքերը` ընտրութիւնները ներկայացնելու իբրեւ արդար»:

Ամերիկահայերը չեն կրնար մրցիլ ազրպէյճանական շռայլ բաշխումներու հետ: Անոնք պէտք չէ ալ այդպէս ընեն: Ամերիկահայերը կարիքը չունին միլիոններ ծախսելով լոպինկ ընել առկայ փաստերը ներկայացնելու համար, քանի որ ճշմարտութիւնը իրենց կողմն է:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքէջը

Նախորդը

Վրաստանը Կ՛ունենայ Նոր Նախագահ. Հայերի Եւ Ազրպէյճանցիների Քուէն` Վճռորոշ

Յաջորդը

Կիրակնօրեայ Խօսքը. Արտասովոր Դրուագներու Թուականը` Հոկտեմբեր 13…

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.