Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն. Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսի Փակում

October 18, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ սիւնհոդոսը գումարուեցաւ 8-17 հոկտեմբեր 2013-ին, Զմմառու Տիրամօր վանքին մէջ, նախագահութեամբ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին եւ մասնակցութեամբ Լիբանանի, Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի, Սուրիոյ, Իրաքի, Եգիպտոսի, Իրանի, Թուրքիոյ, Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի եւ Հարաւային Ամերիկայի թեմերու առաջնորդներուն, Յորդանանի եւ Սուրբ Երկրի պատրիարքական փոխանորդին եւ Զմմառու Պատրիարքական կղերին միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդին:

Սիւնհոդոսական հայրերը քննարկեցին պատրիարքական զանազան յանձնախումբերու նախորդ տարուան  գործունէութիւնները եւ կատարեցին անոնց արժեւորումը: Անոնք անդրադարձան պատրիարքական եւ այլ թեմերու վարչական եւ հովուական պայմաններուն: Ապա, սիւնհոդոսական հայրերը անդրադարձան Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ յարաբերութիւններուն` արեւելեան եկեղեցիներուն հետ, եւ այս շրջագիծի մէջ արաբական երկիրներուն մէջ շարունակուող ջանքերուն` ի խնդիր քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութիւններու ամրապնդման, յատկապէս Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրաքի եւ Եգիպտոսի մէջ ստեղծուած այս դժուար օրերուն:

Սիւնհոդոսական հայրերը իրենց յատուկ ուշադրութեան առարկան դարձուցին այն պայմանները եւ մարտահրաւէրները, զորս մեր ընկերութիւնը ընդհանուր առմամբ եւ մասնաւորաբար մեր հայկական եկեղեցիները կը դիմագրաւեն ներկայիս աշխարհի տարածքին:

Սիւնհոդոսը իր աշխատանքները եզրափակեց` որդեգրելով վարչական որոշումներ թափուր մնացած թեմերուն համար եւ հրապարակեց հետեւեալ առաջադրանքները.-

ա.- Հետապնդել 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան եւ արեւելեան Եւրոպայի մէջ համայնավար վարչակարգի նահատակներու երանացման աշխատանքները եւ նախապատրաստուիլ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման` 2015-ին:

բ.- Շարունակել քաջալերել «Հաւատքի տարուան» առիթով թեմերուն եւ ժողովրդապետութիւններուն մէջ տեղի ունեցող ձեռնարկները, խորապէս ապրելով Սուրբ Գրային ուսուցումները` Հռոմի մէջ 7-28 հոկտեմբեր 2012-ին տեղի ունեցած Եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսի «Նոր Աւետարանում»-ի լոյսին տակ:

գ.- Շարունակել աշխատանքը` Միջին Արեւելքի եկեղեցւոյ յատուկ յետ սիւնհոդոսական յորդորին ուսումնասիրութեան ու գործադրութեան ուղղութեամբ` ժողովրդապետական,  ընկերային եւ կրթական ձեռնարկներու ճամբով, որոնք տեղի կ՛ունենան մեր եկեղեցիներուն եւ ժողովրդապետութիւններուն մէջ, միաժամանակ հոգալով գաղթականները եւ անոնց տրամադրելով հոգեւոր, բարոյական եւ նիւթական օժանդակութիւն:

դ.- Սիւնհոդոսական հայրերը դատապարտեցին կրօններուն եւ անոնց սուրբ խորհրդանշաններուն դէմ կատարուող արարքները, միութեան կոչ ուղղելով` մէկ Աստուծոյ հաւատքին շուրջ, գործելով անոր ուսուցումներուն, երկնային պատուէրներուն, հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներուն համաձայն, ընտանիքին եւ մէկ ընկերութեան մէջ: Անոնք խստիւ կոչ ուղղեցին աշխարհի պետութիւններու նախագահներուն, թագաւորներուն եւ քաղաքական ղեկավարներուն` անյապաղ ազատ արձակելու առեւանգուած Եուհաննա Իպրահիմ ու Պուլոս Եազիժի եպիսկոպոսները, հայ կաթողիկէ Միշէլ Քայյալ վարդապետը եւ Բիւզանդացի ուղղափառ հայր` Մահէր Մահֆուզը: Անոնք նաեւ կոչ ուղղեցին` լռեցնելու զէնքերը եւ արգիլելու բռնութիւնն ու պատերազմը շրջանին մէջ:

ե.- Սիւնհոդոսական հայրերը շնորհակալագիր մը յղեցին Ֆրանչիսկոս սրբազան քահանայապետին` աշխարհի եւ Միջին Արեւելքի եւ մասնաւորաբար Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրաքի եւ Եգիպտոսի խաղաղութեան ի խնդիր Անոր բարձրացուցած աղօթքին, ինչպէս նաեւ մարդկութիւնը Մարիամու անարատ սրտի հովանաւորութեան յանձնելուն եւ այլ կրօններու հետ երկխօսութիւնը քաջալերելուն համար` ի խնդիր խաղաղ համակեցութեան: Անոնք նաեւ երախտագիտութիւն յայտնեցին Սրբազան պապին` Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հանդէպ  հայրական հոգատարութեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման նախապատրաստութեան գծով ցուցաբերած յատուկ ուշադրութեան համար:

Սիւնհոդոսի աւարտին, հայրերը կոչ ուղղեցին բոլոր հոգեւոր եւ քաղաքական պետերուն` միասնաբար եւ ազգային նախանձախնդրութեամբ աշխատելու` ի խնդիր կրօններու եւ ժողովուրդներու միջեւ եղբայրասիրութեան, ու փոխըմբռնման:

Սիւնհոդոսական հայրերը աշխարհին կը մաղթեն մնայուն խաղաղութիւն, յատկապէս Միջին Արեւելքի երկիրներուն, իսկ շրջանի ժողովուրդներուն ապահովութեան, համախոհութեան, միասնականութեան, կայունութեան վերականգնում, տնտեսական բարգաւաճում:

Ատհայի տօնին առիթով, սիւնհոդոսական հայրերը իրենց սրտագին բարեմաղթութիւնները կը ներկայացնեն սիրելի իսլամ եղբայրներուն` խնդրելով առ Աստուած բարի շնորհներ, խաղաղութիւն եւ կայունութիւն արաբական եւ իսլամական աշխարհին:

Վերջապէս անոնք աղօթք կը բարձրացնեն առ Աստուած, Զմմառու Տիրամօր եւ երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի բարեխօսութեամբ, որպէսզի նոր հորիզոններ բանայ ապագայ սերունդներուն հիմնուած սիրոյ, վկայութեան, ազգային համերաշխութեան, ընկերային արդարութեան եւ եղբայրասիրութեան սկզբունքներուն վրայ:

ԴԻՒԱՆ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ
ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ՍԻՒՆՀՈԴՈՍԻ

Նախորդը

Վաւերական Վերացապաշտ Նկարիչ Վահէ Պարսումեան

Յաջորդը

Հակառակ Ռմբակոծումի Ձայներուն, Դամասկոսի Վիճակը Համեմատաբար Կայուն Է

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.