Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հատուցումը Պէտք Է Դառնայ Ազգային Պահանջատիրութեան Կիզակէտը» Արամ Ա. Կաթողիկոս

October 15, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Իր պատգամը ուղղելով Եւրոպայի Հայ համայնքներու կազմակերպած Գ. համագումարին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս շեշտեց հատուցման առաջնահերթ կարեւորութիւն տալու հրամայականը` հայ ժողովուրդի ազգային պահանջատիրական պայքարին մէջ: Վեհափառ հայրապետը յատկապէս ըսաւ. «Տասնամեակներ շարունակ հսկայ դրամագլուխ, մարդուժ ու ժամանակ տրամադրեցինք Ցեղասպանութեան ճանաչման: Այս ծիրին մէջ եզակի նուաճումներ արձանագրեցինք, կարեւոր հանգրուաններէ անցանք, անհրաժեշտ է, որ շարունակենք մեր աշխատանքը այս ուղղութեամբ: Սակայն ժամանակը հասած է, որ առաջնահերթութիւն տանք հատուցման, որովհետեւ ճանաչում ու հատուցում իրարու հետ սերտօրէն ընդելուզուած են: Ճանաչումը ինքնանպատակ չէ, անոր յաջորդող հանգրուանը հատուցումն է»:

Վեհափառ հայրապետը` անդրադառնալով Ցեղասպանութեան, ըսաւ. «Ցեղասպան թուրքը եւ աշխարհաքաղաքական շահերով իրեն նեցուկ կանգնող երկիրները օր մը պիտի անդրադառնան, որ կարելի չէ պատմութիւնը ուրանալ, պատմական դէպքերը եղծել: Հայոց ցեղասպանութիւնը պատմական անժխտելի իրողութիւն մըն է: Հայ թէ օտար պատմագէտներ ու ցեղասպանագէտներ պատմական տուեալներու լոյսին տակ փաստած են Հայոց ցեղապանութեան իրողութիւնը»:

Անդրադառնալով հատուցման հարցին` վեհափառ հայրապետը շեշտեց.- «1) Հատուցման հարցը պէտք է հետապնդուի միջազգային օրէնքի շրջագիծին մէջ: Ա՛յս էր Անթիլիասի Մայրավաքին մէջ երկու տարիներ առաջ տեղի ունեցած միջազգային համագումարին նպատակը: 2) Երբ հատուցման ու միջազգային օրէնքի մասին կը խօսինք, անհրաժեշտ է հեռու մնալ զգացական ու ենթակայական մօտեցումներէ եւ միջազգային օրէնքի տուեալներուն, բառապաշարներուն ու սահմանումներուն ճամբով մօտենալ հատուցման»:

Վեհափառ հայրապետը նաեւ ընդգծեց մեր ազգային պահանջատիրութիւնը միասնական ուժերով միջազգային համայնքին ներկայացնելու հրամայականը: Ան ըսաւ. «Բնականաբար Հայաստանի ու սփիւռքի մօտեցումներուն մէջ տարբերութիւն պէտք է ըլլայ, սակայն այդ տարբերութիւնը պէտք է դառնայ ներդաշնակ ու միաժամանակ համահունչ մեր ազգային գերագոյն շահերուն»:

Ողջունելով Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան նախաձեռնութեամբ հաստատուած համազգային յանձնախումբի աշխատանքը, վեհափառ հայրապետ ըսաւ. «Մեր սպասումն է, որ սոսկ ձեռնարկներ կազմակերպող ու համադրող յանձնախումբ չդառնայ ան, այլ պէտք է մեր ժողովուրդին հաւաքական կամքին ու պահանջատիրութեան թարգմանը հանդիսանայ` յաչս ցեղասպանին ու միջազգային համայնքին»: Իր խօսքի աւարտին Նորին սրբութիւնը իր գնահատանքը յայտնեց մեր ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքներուն համար աշխատող բոլոր հայորդիներուն ու մարմիններուն` յիշեցնելով, որ Մեծի Տանն կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը որպէս թարգմանը իր ժողովուրդի պահանջատիրութեան, պիտի շարունակէ զօրավիգ կանգնիլ հայ ժողովուրդի արդար դատին:

Նախորդը

Դպրեվանքի 84-րդ Ուսումնական-Կրթական Տարեշրջանի Բացում

Յաջորդը

Ըստ Արընչի. Թուրքիոյ Իշխող Կուսակցութիւնը Կ՛աշխատի Նոր Սահմանադրութեան Մը Ուղղութեամբ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.