Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուղեցոյց` Ֆրանսայի Մէջ Գտնուող Հայկական Յուշարձաններու

October 15, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ

Ձախէն աջ՝ Յարութիւն Թորոսեան, Հրանդ Նորշէն եւ Հրայր Հրաչեան՝ հեղինակ «101 մշակոյթի հայ գործիչներու» գիրքին

Նոր գիրք մը եւս` ֆրանսահայ գաղութի կենսունակ գործունէութեան մասին, լոյս տեսած` 2012-ին, «Էտիփոլ» հրատարակչատունէն, Հրանդ Նորշէնի կողմէ: Ան 25 տարիներու ընթացքին հաւաքած, ուսումնասիրած եւ լուսանկարած է Ֆրանսայի տարածքին գտնուող հայկական կոթողները` իբրեւ ժառանգ ձգելով  զանոնք նոր սերունդին եւ յիշեցնելու գալիք սերունդներուն, հայկական ինքնութեան եւ պահանջատիրութեան մասին:

Հեղինակը իր «շնորհակալութիւն»-ներուն մէջ կը գրէ. «Շնորհակալ եմ այն բոլոր անձերուն, որոնք քաջալերեցին եւ օգնեցին այս ուղեցոյցի պատրաստութեան ընթացքին, մասնաւորապէս` միութիւններու նախագահներուն եւ անդամներուն, հայկական հաստատութիւններուն եւ հայ մամուլին, ինչպէս նաեւ` քաղաքապետութիւններուն, թանգարաններուն, զբօսաշրջութեան գրասենեակներուն եւ այլն, որոնք թոյլ տուին հարստացնելու գործս: Թող վստահ ըլլան, որ խորապէս երախտապարտ եմ իրենց: Մասնաւորապէս շնորհակալ եմ Հրայր Հրաչեանին` իր քաջալերութեան եւ գործօն մասնակցութեան համար, եւ Արա Գրիգորեանին` իր լիակատար խորհուրդներուն եւ յորդորներուն համար, որոնց շնորհիւ իրականացուցի գործս»:

Գիրքը կը բաղկանայ 191 էջերէ, ունի համակրելի չափեր (13×25 սանթիմեթր), ճաշակաւոր տպագրութիւն եւ հարուստ նկարազարդում: Հեղինակը իր գիրքը ձօնած է իր նախնիներուն:

Ֆրանսա ապաստանած մեր հայրենակիցները  լոկ ֆրանսական պետութեան բարիքները վայելողներ չեն, անոնք գործօն մասնակցութիւն կը բերեն երկրի առօրեայ կենցաղին, լինելութեան եւ փառքին: Անոր լաւագոյն փաստը տուած են այն հազարաւոր հայ երիտասարդները, որոնք իրենց կեանքը զոհաբերած են Ֆրանսայի յաղթանակին ու ազատագրութեան, Ա. եւ Բ. աշխարհամարտներուն (1914-1918 եւ 1939-1945) եւ դիմադրական շարժումի ընթացքին, գերմանական գրաւման ժամանակ:

500 հազարի հասնող ֆրանսահայ գաղութը կը մասնակցի Ֆրանսայի գիտութեան, տնտեսութեան , քաղաքականութեան, մշակոյթին եւ զինուորականութեան` սիրով, հաւատարմութեամբ եւ երախտագիտութեամբ, առանց մոռնալու իր լեզուն եւ հայկական արմատները:

Այս բարիքներուն դիմաց ֆրանսական իշխանութիւնները սիրով ընդառաջած են հայկական կոթողներու տեղադրման` ամբողջ Ֆրանսայի տարածքին եւ սիրայօժար մասնակցութիւն բերած եւ հովանաւորած են անոնց բացման հանդիսութիւնները:

Շաւարշ Միսաքեան
Շահան Շահնուր
Ռուբէն Տէր Մինասեան
Պօղոս Նուպար Փաշա
Գրիգոր Օտեան

 

 

 

 

 

 

 

Երբ ընթերցողը աչքէ կ՛անցընէ «Ուղեցոյցը», կ՛անդրադառնայ, թէ առաջին տեղը գրաւող յուշարձանները նուիրուած են Ցեղասպանութեան (15 ապրիլ 1915), թիւով` 76: Երկրորդ տեղը` Միսակ Մանուշեանին յիշատակին ձօնուած կոթողներ են, գնդակահարուած` իր 25 ընկերներով, 21 փետրուար 1944-ին, գերմանացիներու կողմէ, Մոն Վալերիան, թիւով 59: Անմիջապէս ետք կու գան Հայաստանին նուիրուած յուշակոթողները, (հետեւեալ քաղաքներուն կամ վայրերուն անուններով` Երեւան, Անի, Ղարաբաղ, Արարատ եւ այլն) թիւով` 48: Չորրորդ եւ հինգերորդ տեղերը կը գրաւեն եկեղեցիները` երեք յարանուանութեանց պատկանող, եւ` խաչքարերը, իւրաքանչիւրը` 43-ական թիւերով: Այնուհետեւ կու գան դպրոցները, մշակոյթի կեդրոնները, հայ եւ ուսանողական տուները, հետազօտութեան կեդրոնները, թանգարանները եւ գրադարանները:

Աւետիս Ահարոնեան
Ալեքսանտր Խատիսեան

Հայ մտաւորականներու խմբական դամբարանը, ուր կը հանգչին 48 արուեստագէտներ, գրողներ, նկարիչներ եւ երաժիշտներ: Կան նաեւ առանձին դամբարաններ` հռչակաւոր անձերու եւ Ֆրանսայի համար զոհուած բազմաթիւ հայ հերոսներու:

Գիրքի վերջաւորութեան, էջ 164-169, տրուած են հեղինակաւոր հայ հերոսներու, թագաւորներու, գրագէտներու դիմանկարներն ու կենսագրութիւնները, որոնք յիշուած են գիրքին էջերուն մէջ: Յիշենք քանի մը անհատներու (նշանաւոր) անունները (թէեւ բոլոր անունները սիրելի են ու յիշատակութեան արժանի). հայոց թագաւոր Լեւոն 5-րդ Լուսինեան, Զօրավար Անդրանիկ, Կոմիտաս վարդապետ, Միսակ Մանուշեան, Ուիլիըմ Սարոյեան, Պօղոս Նուպար Փաշա, Ռուբէն Սեւակ, Հրանդ Տինք, Արթիւր Ատամով, Գառզու, Գալուստ Կիւլպէնկեան, Ժան Ալթըն, Արամ Խաչատուրեան, Հանրի Վեռնէօյ (Աշոտ Մալաքեան) եւ ուրիշներ, ընդամէնը` 33 անուն:

Մէկ խօսքով, այս գիրքը հայկական ինքնութեան եւ ֆրանսահայ գաղութի պատմութեան կենդանի վկայութիւնն է: Շնորհակալ եւ օգտակար գիրք մը, ֆրանսահայերուն եւ ֆրանսացիներուն, բայց մանաւա՛նդ` թուրք դահիճներուն համար, որոնք պէտք է ընդունին իրենց գործած ահաւոր ոճիրը, հատուցեն հայ ժողովուրդին կրած վնասներն ու հայրենիքը եւ պատժուին քաղաքակիրթ մարդկութեան կողմէ:

Զօր. Անդրանին նուիրուած արձան
Փարիզի հոգեւոր առաջնորդներուն նուիրուած դամբարան

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Հեղինակի կենսագրութիւնը

Հրանդ Նորշէն ծնած է 1948-ին, Սեբաստիոյ Զարա շրջանին մէջ: Յաճախած է տեղւոյն Սահակեան նախակրթարանը, ապա` Կոստանդնուպոլսոյ Կեդրոնական վարժարանը, որմէ ետք ընդունուած է Տնտեսագիտական համալսարանը եւ` աւարտած զայն:

Ֆրանսա եկած է 1970-ին եւ հաստատուած` Շաւիլի մէջ: Մասնակցութիւն բերած է համայնքի կեանքին ու դասաւորած` անոր (Շաւիլի) արշիւը: Սիրայօժար մասնակցած է Հայաստանի համար  կատարուող բազմաթիւ մարդասիրական ձեռնարկներու: Ամուսնացած է եւ ունի մանչ մը:

Եզրակացութիւն

Հրանդ Նորշէնի «Ուղեցոյց` հայկական յուշարձաններու Ֆրանսայի մէջ»-ը մեծապէս գնահատելի գործ մըն է եւ եզակի իր տեսակին մէջ` հետեւեալ պատճառներով. առաջին` կը ծանօթացնէ ֆրանսահայերուն մեր կատարած լաւ գործերը, կը ծանօթացնէ ֆրանսացիներուն հայութեան կրած տառապանքներուն ու անոր երախտագիտութիւնը` ֆրանսական հայրենիքին: Երկրորդ` ցոյց կու տայ հայութեան վերածնունդը ֆրանսացիներուն, որոնք կը կարծէին, թէ Հայաստան եւ հայութիւն պատմութեան անցած են թուրքերու կազմակերպած ցեղասպանութենէն ետք: Երրորդ` արթուն կը պահէ ֆրանսահայ երիտասարդութիւնը, որպէսզի կառչի իր հայկական պատկանելիութեան եւ չձուլուի, հետեւի Հայաստանի յաջողութիւններուն եւ իր սրտին մէջ ամուր պահէ Արարատը, ինչպէս գրած է ժամանակին Վազգէն Շուշանեան: Եւ, ամենակարեւորը, հատուցում պահանջէ ցեղասպան թուրքէն:

Փարիզ, 10 յուլիս 2013

Նախորդը

«Ի Վերջոյ, Մեր Կեանքն Ունի Մէկ Փամփուշտի Գին»

Յաջորդը

Լոյս Է Տեսել «Ցեղասպանագիտական Հանդէս» Գիտական Պարբերականի Առաջին Թողարկումը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.